ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երէկ անդրադարձաւ նախագահական ընտրութեան մասին ՀՅ Դաշնակցութեան կեցուածքին:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հզօր Լիբանան համախմբումին մէջ միաձուլուած չէ, այլ` անոր դաշնակից է` աւելցնելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ցարդ որոշում չէ տուած նախագահական ընտրութեան հարցով:
«Չեմ կարծեր, որ որեւէ կուսակցութիւն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան առումով վերջնական որոշում ունի: Թեկնածութիւններուն յայտարարութենէն ետք, եւ յարմար պահուն` վստահաբար կը քննարկենք այս հարցը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ, ինչպէս նաեւ մեր դաշնակիցներուն եւ ոչ դաշնակիցներուն հետ: Նախագահական ընտրութիւնը թեթեւ ու խաղալիք չէ. անիկա տնօրէնի մը կամ դեսպանի մը նշանակումին կշիռը չունի: Հանրապետութեան նախագահը ընտրելու համար գրեթէ համախոհութեան կամ խորհրդարանին մէջ ակներեւ մեծամասնութեան մը կարիքը կայ: Հանրապետութեան նախագահը պիտի իշխէ վեց տարուան համար, իսկ հանրապետութեան նախագահի պարագային մեր փնտռած յատկանիշները համեստ են եւ իրապաշտ: Կարեւորը այն է, որ հանրապետութեան նախագահը կարենայ իշխել, իմաստուն ըլլայ, որպէսզի համախմբէ բոլորը, խորհրդարանին մէջ ներկայացուած եւ չներկայացուած, սակայն իր կշիռը ունեցող քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ ըլլայ: Հանրապետութեան նախագահը իրեն տրուած սահմանափակ լիազօրութիւններուն ընդմէջէն պէտք է կարողութիւն ունենայ նպաստելու երկրին փրկութեան` կառավարութեան, խորհրդարանին եւ քաղաքական, տնտեսական ու տեղեկատուական ուժերուն հետ միատեղ աշխատանքով, որպէսզի ունենանք հանրապետութեան նախագահ մը, որ կաթիլ մը յոյս ներշնչէ` Լիբանանը այսօրուընէ աւելի լաւ պայմաններու մէջ պահելու առումով», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Պատասխանելով «մարտահրաւէրի նախագահ» մը ընտրելու մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ երկիրը «մարտահրաւէրի նախագահ» չի կրնար հանդուրժել` աւելցնելով, որ ոչ մէկ ատեն Լիբանան «մարտահրաւէրի նախագահ» հանդուրժած է: «Նոյնիսկ եթէ նման նախագահ մը ընտրուի, ան չի կրնար իր իշխանութիւնը շարունակել կամ իշխել: Իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն «մարտահրաւէրի նախագահ» չէր: Մենք կարելի եղածին չափ հեռու պէտք է մնանք մարտահրաւէրներէն եւ բարձր առաստաղներէն, ինչպէս նաեւ քաղաքական սուր եւ երբեմն նաեւ փայտեայ բառամթերքէն: Պէտք է ըլլանք իրապաշտ` փրկելու համար երկիրը եւ քաղաքացին, որ պայուսակը առած գացած է դեսպանատուներուն դռներուն դիմաց` արտագաղթելու», հաստատեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ պէտք չէ ակնկալել, որ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութենէն երկու ամիս ետք ամէն ինչ բնականոն պիտի ըլլայ եւ հարցերը պիտի լուծուին, սակայն նուազագոյնը պէտք է ունենանք Լիբանան մը, որ այսօրուընէ աւելի լաւ է:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ի նպաստ քուէարկելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի վերահաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած` ընդգծելով, որ պէտք է տեսնել, որ Ֆրենժիէ բաւարար քուէներ ստանալու կարելիութիւն ունի՞, եւ ըստ այնմ որոշել: «Այսօր կան թեկնածուներ, որոնք իրենք զիրենք բնական թեկնածուներ կը նկատեն, ինչպէս նաեւ կան այլ թեկնածուներ: Սակայն դժբախտաբար Լիբանանի մէջ 1943-էն ի վեր ոեւէ նախագահ զուտ լիբանանեան որոշումով չէ ընտրուած, բացի նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի ընտրութիւնը 1 քուէի տարբերութեամբ: Լիբանան այսօր անբնական եւ արտակարգ օրեր կ՛ապրի, հետեւաբար պէտք է աշխատինք այնպիսի կերպով, որ կարենանք փրկել այն, ինչ որ մնացած է Լիբանանէն», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր կեցուածքներուն մէջ առանձնայատուկ է: Ան ըսաւ, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն կամ այլ թեկնածու մը ընտրելու իմաստով վեթոյի հարց չունի:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը ընտրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ տակաւին յստակ չէ, եթէ ան թեկնածու է, թէ ոչ, «սակայն եթէ պիտի մտածենք բանակի հրամանատարին մասին, պէտք է սահմանադրական բարեփոխում կատարուի: Արդեօք խորհրդարանը պատրա՞ստ է նման սահմանադրական բարեփոխում կատարելու» եւ արդեօք նման բարեփոխում մը նոր դռներ չի բանար», յայտնեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ զօր. Աուն յաջողած է իբրեւ բանակի հրամանատար, եւ եթէ ան հանրապետութեան նախագահ պիտի դառնայ մեր նշած յատկանիշներուն համաձայն, եւ կարենայ ապահովել յստակ համախոհութիւն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը հարց չունի զայն ընտրելու:
Հանրապետութեան նոր նախագահի Հըզպալլայի հաւանութիւնը ստացած ըլլալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց հետեւեալը. «Հըզպալլա կամ այլ ուժեր. պէտք է ընդունիլ, որ այսօր կայ շիի երկեակ մը, որ իր ներկայացուցչութիւնը ունի խորհրդարանին մէջ: Ի՞նչ ըրած կ՛ըլլանք, եթէ ընտրենք հանրապետութեան նախագահ մը, որ մերժուած է ժողովուրդին մէկ երրորդին եւ դեռ մնացեալ 2/3-ին ալ որոշ համեմատութեան կողմէ: Հետեւաբար պէտք է ընտրենք հանրապետութեան նախագահ մը, որուն յաջողութեան համար բոլորս պիտի աշխատինք, այլապէս յաջորդ վեց տարիները քինախնդրութեամբ եւ հակադրութեամբ պիտի անցընենք մեր ժամանակը, եւ ոչինչ կատարած կ՛ըլլանք»: