ԱԲԻԿ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Անցեալին, երբ պատանի էի, ՍՕԽ֊ի տարեկան ձեռնարկներուն ներկայ կ՛ըլլայի, բաժին ունենալով գեղարուեստական բաժնին մէջ իբրեւ մեներգող, բայց վերջը, կեանքի պայմանները փոխուեցան եւ սահեցան քառասմբակ, փոխուեցաւ ամէն ինչ:
Հիմա երբ աննախընթաց պատճառներով հեռացանք մեր ապրած միջավայրէն եւ կտրեցինք ովկիանոսը ու հասանք հեռաւոր Գանատա, մերթ ընդ մերթ կը զգանք կարօտը մտերմիկ հաւաքական մթնոլորտներուն: Յաճախ փոխադրութեան պայմանները պատճառ կ՛ըլլան, որ հեռու մնանք:
ՀՕՄ-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերուն կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 5 Մայիս 2019-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի օրուան տօնակատարութիւն, որուն ներկայ եղանք յատուկ հրաւէրով եւ առիթը ունեցանք վերյիշելու անցեալին Հալէպի մէջ «ՍՕԽ» ին կատարած եւ իրագործած ծառայութիւններն ու հոգատարութիւնը գաղութին նկատմամբ, ինչպէս որ ներկայիս կը գործէ Հ. Օ. Մ. –ը նոյն բարեսիրական նպատակով այս ափերուն մէջ:
Եղան բարի գալուստի խօսքեր, աշխատանքի եւ ծրագիրներու իրագործումներու մասին տեղեկագիր,նոր անդամներու երդման արարողութիւն, տարիներու վաստակ ունեցող անդամներուն՝ վկայագիրներ, ուրիշներուն զարդասեղներու տուչութիւն:
Օրուայ անակնկալն էր նոր հիմնադրամի մը յայտարարութիւնը, որ անուանուեցաւ «Արաքս Պոյաճեան Այնթապլեան, Գարին, Ալիք եւ Գաթիա Մարգարեան» հիմնադրամ: Իսկ օրուայ բանախօսն էր, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ խմբագիր՝ Վահագն Գարագաշեան, որ ներկայացուց ՀՕՄ-ի բարեսիրական աշխատանքի գործադաշտը, յատկապէս 20 –րդ եւ 21-րդ դարերու ժամանակահատուածին, երբ ան չվարանեցաւ զօրաշարժի ենթարկել իր շարքերը՝ դիմագրաւելու համար մարտահրաւէրները, սկսելով երկրաշարժի աղէտէն, երբ ան հոգատար մայր դարձաւ անտէր եւ որբացած երեխաներուն:
Հարկ է նշենք, թէ բոլոր գաղթօճախներուն մէջ ՀՕՄ-ը միշտ իր ներկայութիւնը փաստած է՝ նեցուկ կանգնելով երեխաներուն եւ պատանիներուն ուսման ճանապարհին, բժշկական հոգատարութեան, շնորհիւ իր հմուտ խաչուհիներուն եւ ՀՕՄ-ուհիներուն եւ անոնց ուսումնասիրուած աշխատանքային ծրագիրներուն:
Յատկանշական էր օրուան գեղարուեստական յայտագիրը, զոր պատրաստած էր Սոնա Թիթիզեան եւ իրեն ընկերակցած էին՝ Յուշիկ Բաբուճեան եւ Ս. Յակոբ Ազգ. Վարժարանի աշակերտուհի Սիլվի Միքայէլեան, որոնք հետաքրքրական կերպով ներկայացուցին Շաւարշ Նարդունիի «Կարօտ Հայ Լեզուին» արձակ կտորը:
Նիւթին ընտրութիւնը, այժմէական էր եւ սրտի խօսք մըն էր, ճիշդ է, որ գրուած էր տարիներ առաջ, բայց մինչեւ օրս կը տագնապեցնէ հայ ժողովուրդը եւ ծիլ առնող նոր սերունդը, երբ անոնք կ’ապրին օտար ափերու մէջ, յատկապէս ովկիանոսէն անդին, ուր ձուլարանը եւ հոսանքը շատ արագ կը շարժին՝ աղաւաղելու համար դիմագիծերն ու նահապետական արժանիքները: Սոնան եւ իր խմբակիցները ներկաներուն փոխադրեցին տարբեր աշխարհ, ուր կար ցաւալի ճշմարտութիւն, որպէսզի Հայը միշտ ի մտի ունենայ, թէ իր լեզուն զէնքն է եւ պահպանելով լեզուն՝ կը պահպանէ մշակոյթը, որ ինքնին ազգի մը եւ ժողովուրդի մը գոյատեւման ապաւէնն է:
ԱԲԻԿ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Լաւալ. 24 Մայիս 2019
*Յ. Գ.
Ստորեւ կը ներկայացնենք Շաւարշ նարդունիի «Կարօտ Հայ Լեզուին» արձակ կտորը.
**
«Կարօտ Հայ Լեզուին»
Հեղինակ՝ Շաւարշ Նարդունի
Կ՛ասմունքէն՝ ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ, ՅՈՒՇԻԿ ԲԱԲՈՒՃԵԱՆ եւ ՍԻԼՎԻ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Երկար ատենէ ի վեր հայերէն չեմ խօսած:
Ու, լքուած նուագարանի մը նման, հայերէնս արդէն կարկամեր է միտքիս անկիւններուն մէջ: Խաշած ոսկորներու պէս, միսէ զուրկ ու ճերմակ, կաւիճ են դարձեր բառերս: Իրարու կը զարնեմ` գտնելու համար հին ձայները: Ի զո՜ւր, ի զո՜ւր:
Գիշերը երազիս մէջ իսկ հայերէն չեմ խօսիր: Վասն զի փոխուա՜ծ են մարդիկը, որ, երազներուս մէջ, շուրջս կը դառնան, եւ նոր ընկերներս, որ, լուս-օրերուն, հետս կ՛աշխատին:
– Պիտի մոռնաս լեզուդ,- կ՛ըսէ մեր յիմարանոցին այրերու բաժնին ներքին բժիշկը, որ, ծագումով յոյն, ֆրանսական հիւանդանոցներու մէջ ապրելով, արդէն փոխեր է իր ազգը:
Տխրութիւն կը զգամ, շրթներս կը պրկուին, կ՛ուզեմ լալ մանուկի մը պէս, որ շուրջը կը նայի` փնտռելու համար պաշտպան մը:
Ու կը դիտեմ պարտէզը` պատուհանս ի վար:
Օ՜, հոգիիս մէջ պարտէզը, յանկարծ, կը փոխուի բանաստեղծութեան մը, հայերէ՜ն, հայերէ՜ն: Կը զգամ, որ կ՛արթննան յիշատակները ներսս, բառերը կ՛ողջննան, գոյները կը վառին, ձայները կը թրթռան: Կը հասկնա՜մ, լեզո՛ւս է, որ կը թագաւորէ դեռ հոգիիս մէջ: Ալէլուիա՜, ո՜վ իմ լեզուս հայերէն, երկինքի պէս մաքուր, լոյսի պէս պաշտելի: Ո՛չ, երբեք պիտի չմոռնամ քեզ, երբե՛ք:
– Պիտի մոռնա՜ս լեզուդ, ու վաղը պիտի չուզես իսկ լսել զայն… Կ՛ատեմ պաշտօնակիցս, որովհետեւ շարունակ կը պնդէ եւ դող կը հանէ ներսս: Եթէ յանուն անողոք ճշմարտութեան մը կը խօսի ան, դարձեալ կ՛ատեմ: Ու կ՛ատեմ ճշմարտութիւնն ալ: Կը նախընտրեմ խաբկանքը: Թողէ՛ք, որ յանձնուիմ սիրած պատրանքներուս, եւ երջանկանամ` մտածելով, որ հայերէնս պիտի չմոռնամ ես, իբրեւ բացառութիւն:
Պիտի չմոռնամ, պիտի չմոռնամ: Ամէն օր, հին նուագարանի մը պէս, դուրս պիտի հանեմ զայն միտքիս անկիւններէն: Պիտի նուագեմ զայն մինակս, անով պիտի լամ ու ծիծաղիմ, պիտի երգեմ ու կանչեմ: Ո՜վ իմ քաղցր հայերէնս:
Բայց… երկա՜ր, երկա՜ր ատենէ ի վեր հայերէն չեմ խօսած:
ՇԱԲԱԹ
Այս գիշեր, երազիս մէջ, հայերէն խօսեցայ:
Նստեր էի պատուհանիս առջեւ: Արեւը ծառերուն մէջէն հոսելով կը թրջէր գլուխս: Ու գունաւորուեր էին գիրքերս, որոնց մէջ ծրարած կը պահեմ աշխարհի բոլոր հիւանդութիւնները: Պարտէզին պատին վրայ սեւ կատու մը իր եղունգները կը սրէր ջղայնութեամբ: Յանկարծ ճանկը զարկաւ թուղթի կտորի մը, որ գալարուեր էր չորցած տերեւի մը նման: Կատուն մօտեցուց միւս ճանկն ալ ու բացաւ թղթիկը: Աչքերս հայերէն գիրերու հանդիպեցան: Սիրտս ամանի մը պէս շրջեցաւ կուրծքիս տակ եւ տաք բան մը վազեց մարմինիս ամէն կողմը: Արագ, պարտէզ իջայ: Թղթիկը ազատեցի կատուին ճանկէն եւ…
Եւ ես, որ մեծ մարդոց յաւակնոտութեամբ, սովորութիւնը ունէի կարդալու միայն նշանաւոր գրողներու յօդուածները, բացի թղթիկը եւ կարդացի: Պզտիկ ազդ մըն էր, օրաթերթէ մը փրցուած,– հայ որբ տղեկ մը կը փնտռէր իր մայրը: Թուղթին միւս էջը, կար նաեւ հայ նպարավաճառի մը ազդը, զոր նոյնպէս կարդացի ամբողջութեամբ: Յետոյ նորէն կարդացի, որովհետեւ հաճոյք կը զգայի: Յետոյ գիրերը քննեցի, եւ անգամ մըն ալ կարդացի:
Ու նեղացայ կատուին.
– Ինչո՞ւ կը բզկտես այս թղթիկը,– ըսի հայերէն:
Ու կատուն պատասխանեց ինծի, նոյնպէս հայերէն.
– Որովհետեւ մուկի պէս պզտիկ էր եւ աղմուկ կը հանէր:
– Հայ տղեկ մը գրած է զայն,– ըսի:
– Ինչո՞ւ հոս ինկեր է,– հարցուց:
– Մենք հիմա ինկած ենք ամէն կողմ:
Յետոյ անոր նկարագրեցի մեր պատմութիւնը, մեր արուեստը, մեր պատերազմները, մեր դիւանագիտութիւնը, մեր յառաջապահ յեղափոխականներուն կացութիւնը: Նոյնիսկ ըսի, թէ բոլշեւիկնե՜ր ալ տուած ենք աշխարհի:
Կատուն, փոխանակ հիանալու, պատասխանեց:
– Երկա՜ր պատմութիւն:
– Այո՛, երկար է: Ստիպուած ենք երկար խօսիլ, որովհետեւ անարդարութիւն պիտի ըլլար, եթէ չսկսէինք աշխարհի ստեղծումէն, երբ ստեղծուած է նաեւ մեր ժողովուրդը:
– Խօսքը ժամանակի կորուստ է,– առարկեց կատուն, աչքերը բացխփելով:– Եթէ կ՛ուզէք յաջողիլ, մեզի պէս ըրէք: Երբեք չխօսիլ: Եւ երբեք չխղճալ մուկերուն: Երբեք երախտագիտական զգացում չունենալ, ապերախտ ըլլալ նոյնիսկ տիրոջ հանդէպ: Երես դարձուցէք զգացումներուն: Եթէ մանուկի մը ձեռքը կարագ կայ, բարեկամացէք: Ձեր կռնակը քսեցէք անոր մերկ ոտքերուն: Մանուկը հաճոյք կը զգայ մուշտակէն եւ կը ձգէ ձեռքի կարագը: Յափշտակեցէք, կերէք, եւ գացէք երազել տաք օճախին անկիւնը: Եթէ տանտիրուհին գոռայ ու պոռայ իր տղոցը, դուք փակեցէք ձեր աչքերը, քնանալ ձեւացուցէք: Սակայն միշտ արթո՜ւն եղէք, պատրաստեցէք ճանկերը` եթէ ծեծելու գան:
Ես, հայ տղայ, քրիստոնէական զգացումներով մեծցած տղայ, մտիկ չըրի կատուին: Բայց շատ գոհ էի, որովհետեւ հայերէն կը խօսէի եւ հայերէն կը լսէի:
– Զգացումները կը մոլորեցնեն ձեզ,– շարունակեց կատուն:– Լաւ է, օրինակի համար, սիրոյ յատկացնել միայն Մարտ ամիսը: Միւս տասնմէկ ամսուան ընթացքին փիլիսոփայ եղէք: Օ՛ն, քիչ մը չարութիւն ըրէք մարդոց, քիչ մը չարութի՜ւն…
Յետոյ երազս պղտորեցաւ, կատուն մարդ դարձաւ, ծառերը վարդապետ եղան, տուները սկսան ծփալ օդին մէջ, եւ ես արթնցայ:
Արթնցայ ուրախ սիրտով:
Ուրախ էի, որովհետեւ հայերէն էի խօսեր: Հոգ չէ թէ կենդանիի մը հետ:
ԿԻՐԱԿԻ
Այս առաւօտ, սակայն, աւելի քան երբեք կարօտն ունիմ հայերէն խօսելու: Կ՛ուզեմ հայերէն խօսիլ բաց աչքով: Հա՜յ մը, հայ մարդ մը կը փնտռեմ, խօսելու համար հետը: Մուրացկա՜ն մը թող ըլլայ, աղտոտ սրիկայ մը թող ըլլայ, վերջապէս բերա՜ն մը, որուն հայերէն խօսէի եւ անկէ հայերէն պատասխան մը առնէի: Ո՜վ որ կը հասկնայ նոր ու տարօրինակ այս զգացումը, այս տառապեցնող զգացումը, կարօ՜տը լեզուին, թող օգնէ ինծի: Կ՛ուզեմ, որ հայ գաղթական մը, հոգ չէ թէ լեզուն մոռցած ըլլայ, բայց գիտնայ միայն մէկ բառ, իյնա՜յ ճամբուս վրայ, եւ ես կարենամ ըսել.
– Հա՞յ ես:
Անիկա գլխով «այո՛» ըսէր ինծի: Եւ ես անմիջապէս, հօրս մօրս սորվեցուցած լեզուովը գոչէի, ամբողջ յուզումս ու հոգիս թափէի իր ականջին մէջ սա մէկ բառով.
– Բարի-լոյս…
Ու ան ինծի պատասխանէր.
– Բարի-լոյս…
Տիեզե՛րք վկայ, ասկէ աւելի քաղցր եւ ասկէ աւելի տխուր բան չկայ: Այդ բառին մէջ մեր ժողովուրդը ինչե՜ր է պահած: Այդ բառին մէջ մեր հայերէնը ինչե՜ր է դրած:
Ո՜վ իմ մեծ հայերէնս, ես քեզի կը հաւատամ այս բառիդ մէջ, ես քեզ կարօտցած եմ այս բառիդ խորունկ նշանակութեան ըղձանքովը:
Ո՜վ իմ ըղձալի հայերէնս, առաւօտեան պէս թարմ եւ գիշերուան պէս խորունկ, մանուկի մը պէս զուարթուն եւ տարեցի մը պէս իմաստուն, սիրոյ պէս հաճելի եւ գարնան պէս գեղեցիկ:
Ո՜վ իմ անուշ հայերէնս, գիւղացիի ու քաղքցիի լեզու, բանուորին ու թագաւորին բերնին յարմար, երիտասարդ եւ հուժկու, ապրա՜ծ մնաս դուն:
Ո՜վ իմ բրդոտ հայերէնս, աղօթքի մը պէս մխիթարիչ, դեղի մը պէս օգտակար, եթէ մոռցայ մէկ վանկդ, թող ա՛լ չդառնայ լեզուս մեղաւոր բերնիս մէջ:
Ես քեզ այնքա՜ն կը սիրեմ, որ այսօր կը փնտռեմ նոյնիսկ մանկապարտէզի հին «օրիորդ»ս` խնդրելու համար կրկնել հայերէնի առաջին դասս: Քերականս դնէի ծունկերուն վրայ, տառապանքէն մարմինս փայտացած, յուզումէն բերանս ծռած, արցունքը աչքերուս մէջ կարմրած, լեզուս վախցած, ոտքերս երկրաշարժի բռնուած, մեղաւոր ձայնով մը ըսէի.
– Օրիո՜րդ, անգա՜մ մըն ալ կարդա՛ դասս, ինչպէս հին օրերուն, քու եղանակաւոր ձայնովդ,- զ, ա, զա,- տ, ի, կ, տիկ,- զատիկ:
Ա՜խ, մեծ Աստուած, քեզի բնաւ չեմ հաւատար, բայց ցաւը զիս մանուկ է դարձուցեր, եւ նորէն, ահա նորէ՜ն ամպերուդ կը բարձրացնեմ ճակատս: Երկնքի Աստուած, հայերէն լեզուիս ամէնէն գեղեցիկ բառերը կու տամ, քեզի, միայն, թէ հրաման ըրէ, որ իմ լեզուս գտնէ իր երջանկութիւնը:
Ի՞նչ ընեմ, ի՞նչ ըսեմ: Այս պահուս շա՜տ յուսահատ եմ: Հոգիէս իսկ կը վախնամ, որովհետեւ երիտասարդի հոգի է, կը խաբուի՜ օտարին շքեղութիւններէն, կ՛ելլէ կը մոռնայ լեզուս: Ուստի ապաւէ՜ն մը կ՛ուզեմ, պաշտպանելու համար լեզուս:
**
Աճեցա՜ւ, աճեցա՜ւ ցաւս: Հասաւ մինչեւ զառանցանք:
Ելեր եմ դաշտն եմ ինկեր, որպէսզի չըլլա՜յ թէ մարդ մը լսէ զառանցանքս եւ խենթ կարծէ զիս: Եկեր եմ, այստեղ, ազատ բնութեան մէջ, բարձրաձայն հայերէն խօսելու: Պիտի ըսեմ այն բոլոր աղօթքներն ու երգերը, զորս մայրս սորվեցուցած էր ինծի, պզտիկուցս: Պիտի խօսիմ ծաղիկներուն ու քարերուն հետ, որոնք, ինչպէս իմ գիւղիս ողջութեանը, լեզու կը բանան ու կը կանչեն անունովս: Ի՜նչ լաւ է այսպէս, խօսիլ հին բարեկամներու հետ մեր լեզուովը:
Թիթեռնիկնե՜ր, նախշո՜ւն թիթեռնիկներ, որ կը նմանիք իմ գիւղիս թիթեռնիկներուն, եկէ՜ք, եկէ՜ք հայերէն խօսինք: Ձորեր ու անտառներ, հայերէն երգեցէք, մտիկ ընեմ ձեզի: Հո՜ղ, հո՜ղ, յաւիտենական հո՜ղ, պղպջա՛ այն հին վանկերը, զորս իմ նախնիքս ցանած են երկրի վրայ: Ջրի՜կ, որ արծաթ տերեւներու նման թափեր ես մարմանդին վրայ, թրջէ՛ լեզուս, որպէսզի միշտ հին յիշատակներ խօսի:
Ահա կը ծռիմ, մանիշակի մը համեստութեամբ կանանչ խոտերուն կը հաւասարիմ, ծունկի կու գամ, ծաղիկի պէս` շրթներ կը բանամ ու կ՛արտասուեմ.
Հայր մեր որ յերկինս ես…
Թռչուն մը կ՛անցնի գլխուս վրայէն. կը ցատկեմ, կը վազեմ եւ յանկարծ, հոգւոյս մէջ կը լսեմ բազմութեան մը քայլերը, երկաթի նման, եւ երգ մը գետի նման: Ձայնս կը բանամ ու կը հետեւիմ երգին, մենաւոր եւ ճերմակ ճամբէն կը քալեմ արագ-արագ, ոտքերս զինուորական կշռոյթ կը ստանան, շրթներս այծի ձայնի պէս կը կտրտեն երգս, աչքերս կը պտղորին, մենութիւնը կը վախցնէ զիս, յուզումը կը խեղդէ կոկորդս, բայց կը դիմադրեմ սարսուռներուս եւ զառանցանքին դէմ, շրթներուս վրայ պահելու յամառութեամբ տխո՜ւր երգն հայոց.
Մեր հայրենիք թշուառ, անտէր,
Մեր թշնամեաց ոտնակոխ…
ՇԱՒԱՐՇ ՆԱՐԴՈՒՆԻ