Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ յայտնուած հայոց Բագրատունիներու օրօք մայրաքաղաք հանդիսացած Անին ձմեռուան ընթացքին կը շարունակէ ընդունիլ թուրք եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներ:
Թրքական Sabah–ի փոխանցմամբ` Կարսի թանգարանի տնօրէն Նեջմեթին Ալփը նշած է, որ առաջին անգամ ձմեռը Անի այցելողներու մեծ աճ գրանցուած է: Ան շեշտած է, որ Կարս, Սարիղամիշ եւ Չըլդըր (Ծովակ–խմբ) այցելող տեղացի եւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկները անպայման Անի ալ կ’այցելեն: Անոր խօսքով` այս տարի ձմեռուան ընթացքին Անի այցելողներու թիւը 3 անգամ աւելցած է նախորդ ձմեռներու համեմատ: Այս մասին կը յայտնէ news.am-ը: