ԱՄՆ-ի Harvard համալսարանի Պելֆըրի կեդրոնի աւագ փորձագէտ Սիմոն Սարաճեան Huffington Post-ի մէջ հրապարակած յօդուածի մը մէջ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ 1962-ին ԱՄՆ-ի եւ ԽՍՀՄ-ի միջեւ տեղի ունեցած Քարիպեան հրթիռային ճգնաժամի (Քուպայի ճգնաժամ) նմանութիւններուն եւ տարբերութիւններուն: Այս մասին կը յայտնէ Tert.am-ը:
Սարաճեան առաջարկած է դասեր քաղել խաղաղ լուծում ստացած երկու գերտէրութիւններու միջեւ եղած ճգնաժամէն:
«Իհարկէ, այս երկու հակամարտութիւններուն միջեւ մեծ հակասութիւն կայ, մասնաւորապէս այն, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի զինանոցներուն մէջ միջուկային զէնք չկայ: Բայց կան բազմաթիւ դասեր, որոնք ԼՂ հակամարտող կողմերուն համար կրնան դաս ըլլալ 1962-ի ճգնաժամէն»,- գրած է հեղինակը:
1. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները պէտք է վերանային իրենց զինուած ուժերը` չնախատեսուած գործընթացներէն խուսափելու համար, որ կրնայ հակամարտութիւնը վերափոխել պատերազմի: 1962-ի ճգնաժամի ընթացքին տեղի ունեցան շարք մը նման գործընթացներ, որոնք ԱՄՆ-ին եւ ԽՍՀՄ-ին կրնային յանգեցնել պատերազմի, օրինակ` ռազմական թռիչքներու միջուկային հրթիռներով զինելն ու հրամանատարները արտօնելը` զանոնք կիրառելը առանց երկրի ղեկավարի թոյլտւութեան, եթէ ենթարկուին յարձակման եւ կապը վերադասի հետ ընդհատուի:
2. ԼՂ հակամարտող կողմերը պէտք է յիշեն, որ յարաբերութիւններու սրումը կրնայ ձեռք բերել սեփական տրամաբանութիւնը: Երբ ԱՄՆ նախագահ Ճոն Քէնետին հրամայեց ներխուժել Քուպա, Խորհրդային Միութիւնը կրնար պատասխանել` հարուածելով Թուրքիոյ մէջ գտնուող ԱՄՆ հրթիռներուն, ատով իսկ հասցնելով հակամարտութիւնը միջուկային պատերազմի. համաձայն Կրահամ Ալիսընի` 1962-ի ճգնաժամը ուսումնասիրած լաւագոյն գիտնականներէն մէկուն:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները պէտք է ուշադրութիւն դարձնեն ռազմավարական խաղերուն, որոնք կրնան յանգեցնել վատագոյն սենարներու:
3. Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ պէտք է ուղիղ կապ ըլլայ:1962 Հոկտեմբերին Քէնետին եւ ԽՍՀՄ քարտուղար Նիքիթա Խրուշչովը ընդունեցին բազմաթիւ կարեւոր որոշումներ, որոնցմով պէտք է չափէին դիմացինի հակազդեցութիւնը, սակայն անոնք ուղիղ շփման հնարաւորութիւն չունէին:
Այժմ, հրապարակայնօրէն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ ուղիղ կապ չկայ, այսինքն` առաջնորդները եւս հնարաւորութիւն չունին ուղիղ եւ անկեղծ շփուելու, ատիկա պէտք է շտկուի:
4. Ոչ ատրպէյճանական, ոչ հայկական կողմը պէտք է յոյս ունենայ, թէ հակառակորդը պիտի ընկրկի: Խրուշչով գիտէր Ամերիկայի գերակայութիւնը միջուկային զէնքի ռազմավարութեան հարցով եւ ետ քաշուեցաւ, երբ Քուպայի ճգնաժամը հասած էր գագաթնակէտին:
Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերէն որեւէ մէկը ռազմական գերազանցութիւն չունի եւ, հետեւաբար, պէտք չէ յոյս ունենայ, որ հակառակորդը ետ պիտի քաշուի` հակամարտութեան շիկացման պարագային:
5. Երկու կողմերն ալ պէտք է խուսափին հակառակորդը փակուղի մտցնելէ: Ճգնաժամի ընթացքին Խրուշչովի ընկրկումը մասամբ արդիւնք էր Քէնետիի քաղաքականութեան, որ ճնշում կը գործադրէր` ձգելով “փրկարար ելք”:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները պէտք է ոչ միայն կեդրոնանան իրենց այն քայլերուն վրայ, որոնց միջոցով պիտի կրնան փակուղի մտցնել հակառակորդը, այլ նաեւ` ինչպէս պէտք է խուսափիլ փակուղիէն:
6. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները պէտք է հաշուի առնեն հիմնական շահագրգիռ կողմերուն ազդեցութիւնը, ինչպէս ԽՍՀՄ-ը եւ ԱՄՆ-ն ստիպուած եղան հաշուի առնել իրենց դաշնակիցները` 1962 Հոկտեմբերին:
7. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները պէտք է խուսափին արկածախնդիր քայլերէ: Քուպայի մէջ միջուկային հրթիռներ տեղակայելու Խրուշչովի որոշումը վատ ծրագրաւորուած էր, եւ անոր տապալումը նպաստեց 1964-ին Խրուշչովի տապալման:
Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդները պէտք է խուսափին արկածախնդրութենէ` յիշելով, որ ատիկա կրնայ յանգեցնել ոչ միայն տապալման, այլեւ աղէտաբեր հետեւանքներ ունենալ իրենց երկիրներուն համար:
Ղարաբաղեան նոր պատերազմը կրնայ աւելի աղէտաբեր ըլլալ, քան 20 տարի առաջ: Կողմերուն ձեռք բերած որոշ զինատեսակներ կրնան կործանարար ըլլալ այդ փոքր ազգերուն համար, ինչպէս 1962-ին ԱՄՆ-ի եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ միջուկային պատերազմը կրնար ազդել Ամերիկայի եւ ԽՍՀՄ-ի քաղաքացիներուն վրայ:
Քուպայի հրթիռային ճգնաժամի դասերը կրնան օգնել ԼՂ հակամարտող կողմերուն խուսափելու “պատահական” կործանիչ պատերազմէ, եթէ, ի հարկէ, անոնք ուզեն խուսափիլ ատկէ: