ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը պէտք է անյապաղ կարգաւորել: Ան նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է «Խոջալուի դէպքերուն» նուիրուած ցուցահանդէսի մը ժամանակ, որ կայացած է Թուրքիոյ խորհրդարանի շէնքին մէջ:
Թրքական «Ենի Շաֆաք» թերթը կը գրէ, թէ Թուրքիոյ վարչապետը մեղադրած է Հայաստանը՝ «ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման» յանցանքով, եւ շեշտած է, որ Անգարա, ինչպէս միշտ, ամէն ձեւով պիտի շարունակէ աջակցիլ Ատրպէյճանին:
«Ատրպէյճանի ուրախութիւնը մեր ուրախութիւնն է, տխրութիւնը՝ մեր տխրութիւնը: Մենք պիտի շարունակենք ամէն հարցով աջակցիլ Ատրպէյճանին. կեցցէ՛ թուրք-ատրպէյճանական եղբայրութիւնը», ըսած է Եըլտըրըմ:
«Էրմենիհապեր»ը կը հաղորդէ, թէ Եըլտըրըմ նաեւ անդրադարձած է Հոլանտայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ընդունուած բանաձեւերուն: Առանց ուղղակի Հոլանտայի անունը տալու, Եըլտըրըմ յայտարարած է, թէ այս օրերուն ոմանք կը փափաքին Ցեղասպանութեան համար հաշիւ պահանջել Թուրքիայէն՝ այդ «հաշիւ պահանջողներ»ուն խորհուրդ տուլով՝ «նախ իրենց սեփական ամօթալի» պատմութեան նայելու:
«Այսօր կ՛ուզեն մեզի դաս տալ եւ Ցեղասպանութեան համար հաշիւ պահանջել մեզմէ: Հայոց Ցեղասպանութիւն, 1915-ի դէպքեր… Մէյ մըն ալ մեզի հարցադրում ընելու փոխարէն՝ ետ դարձէք ու ձեր ամօթալի պատմութեան նայեցէք: Գաղութացումը, կոտորածն ու ցեղասպանութիւնը ձեր պատմութեան է բնորոշ: Նախ ձեր աղտոտ անցեալին, ստրկավաճառութեան պատասխանը տուէք: Նախ տարիներով ձեր գաղութացուցած երկիրներուն եւ իրականացուցած կոտորածներուն պատասխանը տուէք, ապա՝ մեզ զրպարտեցէք», ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը: