ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Չորեքշաբթի օր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկեց «տարածաշրջանը փոխակերպելու կարեւորութիւնը»։
Ըստ Պաքու այցելած Վրաստանի վարչապետին՝ կողմերը քննեցին երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող եւ ռազմավարական գործընկերութիւնը սերտացնելու մասին հարցեր, առանց այլ մանրամասնութիւններ տալու:
Ըստ Ալիեւի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութեան՝ Ալիեւ Ղարիպաշվիլիի հետ հանդիպման ընթացքին իր գոհունակութիւնը յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան եւ մասնաւորապէս առեւտուրի աճին կապակցութեամբ:
Վրաստանի վարչապետը Պաքու մեկնելէ առաջ յայտարարած էր, թէ նպատակ ունի հաշտեցնել Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը: