Ճափոնցի յայտնի հայագէտ, Թոքիոյի համալսարանին մէջ արեւելահայերէնի դասախօս դոկտ. Թաքայուքի Եոշիմուրա այցելեց «Ազդակ», ուր հանդիպում մը ունեցաւ խմբագրութեան հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան դոկտ. Եոշիմուրայի նոր ծրագիրները հայագիտութեան բնագաւառին մէջ: Թաքայուքի Եոշիմուրա նախապէս բազմիցս այցելած է «Ազդակ» եւ անգամ մըն ալ «Հայագիտութիւնը Ճափոնի մէջ» նիւթով դասախօսութիւն տուած է «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ: Ան հեղինակ է հայերէն-ճափոներէն պզտիկ բառարանի մը, որ կ՛ընդգրկէ արեւելահայերէնի 1500 բառերու բացատրութիւնները ճափոներէնով, հեղինակ է նաեւ հայոց պատմութիւնը եւ Հայաստանի յիշարժան վայրերը ներկայացնող հակիրճ նիւթերու, իսկ ներկայիս կը պատրաստէ արեւելահայերէնի քերականութեան դասագիրք ճափոնցի ուսանողներու համար:
Հետաքրքրական զրոյց ծաւալեցաւ հայ-ճափոնական մշակութային առնչութիւններուն վերաբերեալ, մասնաւորաբար խօսուեցաւ Թոքիոյի մէջ հիմնադրուած Կոմիտասի անուան մշակութային ընկերակցութեան գործունէութեան մասին: Այս ընկերակցութեան անդամ են բազմաթիւ ճափոնցի արուեստագէտներ եւ անձամբ ինք` դոկտ. Եոշիմուրա: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ տարուան ընթացքին ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ Ճափոնի մէջ կազմակերպուի հայկական երաժշտութեան փառատօն:
Հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի մէջ ճափոնական կառավարութեան կողմէ մշակութային, բարեսիրական եւ առողջապահական ծրագիրներու ֆինանսաւորման մասին: Միտքերու փոխանակում եւ զրոյց տեղի ունեցաւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած վիճակին, Հայաստանի շուրջ ծաւալած աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Լիբանանի ներկայ կացութեան գծով լիբանանահայ համայնքի կեցուածքներուն մասին: