«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի Լիբանան կատարած աշխատանքային այցելութեան առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց անոր հետ:
Օրին «Ազդակ» հրատարակած էր «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան մշակած կրթական ռազմավարութիւնը, որուն բանաձեւած յենասիւները հիմք ծառայեցին ստորեւ ներկայացուած զրոյցի ծաւալման:
ԽՄԲ.
«ԱԶԴԱԿ».- Հիմնական ուղղութիւնները ճշդուած են նախքան այս ռազմավարութեան ծրագրումը կամ խմբաւորումը, ի՞նչ դաշտային աշխատանքներ տեղի ունեցան:
ԴՈԿՏ. ՌԱԶՄԻԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Երբ նոր հնգամեայ ծրագիր մը սկսանք պատրաստել, հիմնական որոշումը, որ պէտք էր տայինք, այն էր, թէ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը Միջին Արեւելքի` մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ պէտք է մնա՞յ, թէ՞ ոչ, նկատի ունենալով դէպի Արեւմուտք ուղղուած հոսանքը, սփիւռքի կեդրոնի փոփոխութիւնը, Սուրիոյ տագնապալի իրավիճակը: Որոշեցինք` այնքան ատեն որ մենք շեշտը դրած ենք արեւմտահայերէնի վրայ, եւ արեւմտահայերէնն է մեր աշխատանքի կորիզը, չենք կրնար կռնակ դարձնել Լիբանանին, հետեւաբար հասանք այն եզրակացութեան, որ հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը պէտք է իր ներդրումը շարունակէ Լիբանանի մէջ: Ուրեմն շեշտը պէտք է դնենք այս երկրին մէջ լուծումներ գտնելու վրայ, որպէսզի արեւմտահայերէնը զարգանայ եւ կենսունակ լեզու մնայ: Արժէ նշել, որ լեզուի պահպանման մասին չէ խօսքը, այլ զարգացման եւ կենսունակութեան` թէ՛ Լիբանանի մէջ եւ թէ՛ այլուր:
Որոշ փորձառութիւն մը ունինք Լիբանանի մէջ աշխատելու` դպրոցներու նպաստ ուղարկելէն զատ. անցեալ քանի մը տարուան ընթացքին Հայկազեան համալսարանին հետ գործակցաբար ուսուցիչներու վերապատրաստութեան դասընթացք մը հովանաւորած ենք, ինչպէս նաեւ` «Քննադատական մտածողութիւնը լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ» գիրքը: Դպրոցներու ինքնագնահատումի ծրագիր մը մշակած ենք` աշխատակցելով տեղւոյն մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի մը հետ: Առաջին որոշումներէս մէկը, երբ «Կիւլպէնկեան»-ի պաշտօնը ստանձնեցի, հովանաւորելն էր Լիբանանի հայկական դպրոցներուն մասին բաւական լայնածաւալ ուսումնասիրութիւն մը: Ազգային ուսումնական խորհուրդին հետ թուաբանութեան եւ գիտութեան դասագիրքերու տպագրութեան օժանդակած ենք: Եւ անշուշտ շարունակաբար կապ պահած ենք այլազան մասնագէտներու եւ կրթութեան ոլորտին հետ առնչուող անձերու հետ` բոլոր շրջանակներէն: Անցեալ տարի նաեւ նշանակեցինք ներկայացուցիչ մը Լիբանանի մէջ, որ մօտէն ծանօթ է գաղութին կրթական համակարգին: Այս բոլորը մեր հետազօտութիւններուն մէկ մասը կը կազմէին:
Այս մթնոլորտին մէջ նկատեցինք, որ հայկական վարժարաններու տարեկան նիւթական համեստ յատկացումները այդքան ալ արդիւնաւէտ չեն: Այդ գումարները կրնան վարժարաններուն ծախսերուն մէկ չնչին տոկոսը հոգալ, սակայն մեր նպատակը այլ է` ինչպէ՛ս կրնանք օժանդակել վարժարաններուն, որ իրենց կրթական ծրագիրները մշակեն եւ զարգացնեն, ու այդ հիման վրայ էական փոփոխութիւններ մշակեն դպրոցական ընդհանուր մշակոյթի եւ առաւելապէս արեւմտահայերէնի ուսուցումին հետ կապուած: Նաեւ անդրադարձանք, որ նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ չենք կրնար ենթադրել, որ հայոց լեզուն անպայման պիտի պահպանուի կամ բարգաւաճի, որովհետեւ սփիւռքի արեւմտեան բաժնի խնդիրները Լիբանանի մէջ ալ սկսած ենք տեսնել: Բոլորը ճգնաժամային խնդիրներուն մասին կը խօսին` ուսուցիչ չկայ, հայոց լեզուն կը նահանջէ, աշակերտներուն թիւը կը պակսի, դպրոցները այլազան դժուարութիւններ ունին եւ այլն: Սակայն շատ քիչ կը խօսուի լուծումներու մասին: Հետեւաբար հնարաւոր լուծումներու մասին սկսանք մտածել, թէ այս ճգնաժամային շրջանը ինչպէ՛ս կրնանք դիմագրաւել:
Թերեւս ըսածս կրնայ խորթ թուիլ, բայց կարեւոր հարցերէն մէկը հետեւեալն է. հայոց լեզուն եւ հայեցի դաստիարակութիւնը նոյնացուած են, եւ պէտք է, որ իրարմէ բաժնուին մանկավարժական գետնին վրայ: Լեզուին կենսունակութեան համար վտանգաւոր է այս երկուքը նոյնացնելը: Բացատրեմ. անհատի եւ լեզուի զարգացումի ընդհանուր տեսանկիւնէն դիտուած` տասնամեակներէ ի վեր որդեգրուած «հայեցի դաստիարակութիւն» տեսութիւնը այսօր կ՛ապացուցէ, որ անպայմանօրէն չի նոյնանար հայոց լեզուի իւրացումին եւ անոր զարգացումին հետ: Հետեւաբար մենք կը շեշտենք անոնց երկու առանձին եւ իւրայատուկ ամբողջութիւններ ըլլալը, որոնք բնականաբար կապուած են իրարու հետ, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ նպատակներ ու նաեւ` մեթոտներ: Լեզուի մը վտանգուելու ընթացքին մէջ կարեւոր գործօն մըն է լեզուին կէթոացումը, այսինքն` վերագրելը միայն քանի մը իւրայատուկ ոլորտներու, ինչպէս մենք ըրած ենք արեւմտահայերէնին պարագային: Հայերէնով կը դասաւանդենք հայոց պատմութիւն, գրականութիւն, կրօն, իսկ մնացեալ չակերտեալ բոլոր կարեւոր նիւթերը` անգլերէնով, ֆրանսերէնով, արաբերէնով եւ այլն: Լեզուական կէթոացումը մանուկին կամ երիտասարդին մտքին մէջ արեւմտահայերէնը կը զետեղէ երկրորդական դիրքի վրայ: Ասիկա ամէնէն կարեւոր վտանգն է լեզուի մը կենսունակութեան համար` սերունդէ սերունդ փոխանցումին համար: Եթէ լեզուն դադրի աշխարհին հետ առնչուելու լեզու ըլլալէ, կը դադրի երիտասարդներուն լեզուն ըլլալէ, ինքնաբերաբար մէկ երկու սերունդ ետք կ՛անհետանայ:
«Ա.».- Այս կէտին ցուցանիշ եղած է, չեմ գիտեր, եթէ այդպէս է, որ նոյն ուսուցիչը կը դասաւանդէ ե՛ւ պատմութիւն, ե՛ւ լեզու…
Դ. Ռ. Փ.- Բոլոր նիւթերուն մասին պէտք է խօսիլ հայերէնով, որպէսզի լեզուն ըլլայ ամէնօրեայ, արդիական եւ կենսունակ. աշխարհին բացուիլ հայոց լեզուով:
Այս բոլորը նկատի առնելով` որոշեցինք բոլոր հայկական դպրոցներուն առիթը տալ, որ մանկավարժական ծրագիրներ ներկայացնեն` նկատի առնելով արդիական մօտեցումներ: Մենք Լիզպոն նստած` չենք կրնար ըսել, թէ ի՛նչ պէտք է ընեն: Մենք կրնանք ներկայացնել մեր առաջնահերթութիւններն ու պայմանները, իսկ այն վարժարանները, որոնք ծրագիր պիտի ներկայացնեն, դիմեն հիմնարկութեան, որպէսզի յատկացուած նիւթական օժանդակութիւնը ստանան մինչեւ 50.000 ամերիկեան տոլար` իւրաքանչիւր դպրոցի համար: Դժբախտաբար բոլոր վարժարաններուն պիտի չկարենանք հասնիլ միեւնոյն ժամանակ: Պիտի ընտրենք վարժարաններուն կողմէն ներկայացուած լաւագոյն երեք ծրագիրները` բացատրութիւն տալով չընտրուած վարժարաններուն, թէ անոնց ծրագիրները ինչո՛ւ մերժուեցան, նաեւ` առիթ տալով յաջորդ տարի եւս նոր նախագիծ մը ներկայացնելու, որովհետեւ մեր ուղեգիծը այս փուլին մշակուած է երեք տարուան համար:
Նշանակեցինք այս գործով զբաղող մանկավարժութեան մասնագէտ ներկայացուցիչ մը, որ կապ հաստատած է բոլոր հայկական վարժարաններուն հետ:
Մեր ռազմավարութիւնը ներկայացուցինք բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ փոխանցեցինք, որ անոնք կրնան առաջարկներ ներկայացնել` նպատակ ունենալով մանկավարժական եւ կրթական ծրագիրը բարեփոխել, հին եւ աւանդական աշխատելաոճէն դուրս գալու համար:
«Ա.».- Հայոց լեզուի ուսուցիչներու վերաորակաւորման կամ վերապատրաստութեան ծիրին մէջ հայոց լեզուի ուսուցիչները «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան պատրաստած ծրագիրի՞ն պիտի հետեւին, թէ՞ մասնագիտական դասընթացքներ պիտի ըլլան:
Դ. Ռ. Փ.- Մենք ծրագիր պիտի չպատրաստենք, այլ պիտի հովանաւորենք: Նախնական խօսակցութիւններու մէջ ենք Լիբանանի մէջ գործող երկու համալսարաններու հետ: Ունինք երկու ծրագիրներ, զորս համալսարաններու միջոցով կ՛ուզենք իրականացնել: Առաջինը` մասնագիտական, մանկավարժական տեսութեան, մեթոտաբանութեան եւ գործօն փորձառութիւն ձեռք բերելու ծրագիր մըն է: Հայկական վարժարաններուն մէջ հայերէնով դասաւանդող բոլոր ուսուցիչները պիտի կարենան դիմել: Այսինքն ծրագիրը միայն հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներուն համար չէ, այլ` բոլոր անոնց, որոնք հայերէնով կը մատուցեն իրենց նիւթերը, ուրեմն մարզանքի կամ արուեստի ուսուցիչներն ալ կրնան դիմել` օրինակի համար:
Երկրորդը, որ մանկավարժական ծրագիրին օժանդակ մասնիկն է, հայերէնով արդի նիւթեր ներկայացնող ծրագիր մըն է, որով շեշտը պիտի դրուի նոր կամ վերապատրաստումի ընթացքին մէջ եղող ուսուցիչներուն առիթ ընձեռել` լսելու եւ իւրացնելու տարբեր ժամանակակից նիւթերու եւ երեւոյթներու մասին տեղեկութիւններ եւ, ինչո՞ւ ոչ, նաեւ` հմտութիւններ, եւ այս բոլորը` արեւմտահայերէնով: Այսինքն` հայերէնով առնչուիլ աշխարհին հետ, մանաւանդ` նիւթերու մասին, որոնք աշակերտները կը հետաքրքրեն, բայց սովորաբար հայերէնով չեն խօսուիր այդ նիւթերուն մասին: Օրինակ` մասնագէտներ կրնան դասախօսել բնագիտութեան, հոգեբանութեան ու, այսպէս կոչուած, «ոչ հայկական» նիւթերուն մասին: Կան բազմաթիւ ուսուցիչներ, որոնք հայերէն շատ լաւ գիտեն, բայց անոնց բառապաշարն ու գիտելիքները կը պակսին այլազան նիւթերու մասին հայերէնով արտայայտուելու կամ դասաւանդելու: Այս ծրագիրին թիրախը այս ուսուցիչները կամ մանկավարժութիւն ուսանողներն են:
Ծրագիրները իրականացնելու համար խօսակցութեան մէջ ենք երկու համալսարաններու հետ, որոնք մանկավարժական բաժնին մէջ մեծ փորձառութիւն ունին: Երկուքէն մէկը պիտի ընտրուի, որպէսզի ծրագիրները գործադրեն: Կրնայ ըլլալ, որ երկուքն ալ ընտրենք ամէն մէկը մէկ ծրագիրը իրականացնելու համար: Համալսարաններուն հետ գործակցաբար պիտի որոշենք նիւթերը, որոնք պիտի ներգրաւուին, եւ` մասնագէտներ, որոնք պիտի հրաւիրուին: Համալսարանն է, որ պիտի երաշխաւորէ դասախօսներու լեզուի մակարդակն ու որակը: Անշուշտ անոնք պէտք է որ ըլլան արեւմտահայերէնին տիրապետող, բառապաշարով հարուստ, գիտակից եւ մանկավարժ մասնագէտներ:
«Ա.».- Մասնագիտական կրթաթոշակներու մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք:
Դ. Ռ. Փ.- Կրթաթոշակներու ծրագիրի լոյսին տակ մենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ անոնք, որոնք կը փափաքին մանկավարժութիւն ուսանիլ եւ հայոց լեզուի ուսուցիչ դառնալ, պատրաստ ենք իրենց դիմումնագիրները ուսումնասիրելու, եւ թեկնածուներուն կարողութիւնները քննելէ ետք, համալսարանի կրթաթոշակներ տրամադրելու: Շատ քիչ թիւով դիմումնագիրներ ստացած ենք այս գծով: Անգամ մը եւս կը յայտարարենք` եթէ երիտասարդ մը կը փափաքի հայոց լեզուի ուսուցիչ դառնալ, թող դիմէ մեզի:
«Ա.».- Մանկավարժական ծրագիրն ու արեւմտահայերէնի ուսուցումը ձեւով մը զիրար կ՛ամբողջացնե՞ն:
Դ. Ռ. Փ.- Լեզուի ուսուցումի հմուտ ուսուցիչ մը կրնայ արեւմտահայերէնին տիրապետել եւ լեզուի լաւ ուսուցիչ դառնալ, իսկ սոսկ արեւմտահայերէնին տիրապետող անհատ մը ըսել չէ, որ արեւմտահայերէնի լաւ ուսուցիչ կրնայ ըլլալ: Յաճախ արեւմտահայերէնին տիրապետելը առաջնահերթութիւն սեպուած է, քան թէ` մանկավարժական կարողութիւններն ու մասնագիտութիւնը: Ըսել չէ, որ կէսկատար հայերէն գիտցող մը կրնայ հայոց լեզուի ուսուցիչ դառնալ: Սակայն չմոռնանք, որ մանկավարժութիւնը կու գայ մասնագիտութեամբ, ապա` հետեւողականութեամբ:
«Ա.».- Կարելի՞ է հայոց (արեւմտահայերէն) լեզուի «Թոֆըլ» ծրագիր մը մշակել:
Դ. Ռ. Փ.- Չեմ կարծեր, որ հայերէն լեզուի յատուկ «Թոֆըլ» ծրագիր մը մշակելը մեր ներկայ հարցերը լուծելու միջոցն է: Ինծի նոյնիսկ անկարելի կը թուի: Չկայ պետութիւն մը կամ բարձրագոյն մարմին մը` լեզուին չափանիշը որոշելու եւ պարտադրելու: Լեզուական հարցերու մասին լեզուաբաններ կը վիճին, եւ, իւրաքանչիւրը իր տեսակէտը պաշտպանելով` չի համաձայնիր միւսին հետ: Այս տեսակի վէճերը մասնագէտներու միջեւ առողջ են. ցոյց կու տան, որ լեզուն կենսունակ է: Բայց երբ կը վերածուին երիտասարդ գրողները պախարակելու գործիքի մը, մեծ աւեր կը գործեն: Լեզուն սերունդէ սերունդ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի. oրինակ` 92 տարուան պատմութիւն ունեցող այսօրուան «Ազդակ» օրաթերթի լեզուն եւ ոճը կը տարբերի 1950-ական թուականներուն լոյս տեսնող «Ազդակ» օրաթերթէն: Չենք կրնար ըսել, որ այդ ժամանակ սխալներ կային կամ հիմա սխալներ չկան, կամ` հակառակը: Լեզուն կը զարգանայ, կ՛աճի եւ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի: Նպատակս սխալներ արդարացնելը չէ, այլ` ցոյց տալ, որ սառած իտէալական լեզու մը գոյութիւն չունի եւ չի կրնար ունենալ: Երբ լեզու մը սառի, կ՛ոչնչանայ:
Շատ կարեւոր է արեւմտահայերէնին տիրապետել եւ մասնագիտանալ, բայց` ոչ ի գին երիտասարդ սերունդները խրտչեցնելու այնքան, որ լեզուն դադրին գործածելէ, կամ զզուին սրբագրուելէ: Որոշ անձեր լեզուն հոն հասցուցած են` «կա՛մ կատարեալ, կա՛մ` ոչինչ»: Այս մօտեցումը շատ վտանգաւոր կը գտնեմ լեզուին կենսունակութեան համար: Սփիւռքի պայմաններուն մէջ նախ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին լեզուն պիտի սիրցնես, եւ ապա սխալներուն վրայ աշխատիս ու բարելաւես:
Սփիւռքի մէջ մնացած են շատ քիչ վայրեր, ուր արեւմտահայերէնը մայրենի լեզու է տակաւին. նոյնիսկ Լիբանանի շատ մը խաւերուն կամ շրջաններուն մէջ արդէն այդ մէկը փոխուած է: Մանկավարժական մօտեցումներու եւ մտածելակերպի «յեղափոխութեան» մը պէտք ունինք, որ այս իրականութիւնը դիմագրաւենք: Երբ յեղափոխութիւն կ՛ըսեմ, խօսքս նոր բաներ յօրինելու մասին չէ, կամ` ամէն ինչ իրար անցընելու, այլ` պարզապէս քայլ պահելու համաշխարհային գիտական աշխարհին հետ, ուր բազում ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին մայրենիի զարգացումին, բազմալեզութեան եւ անոնց յաջող դասաւանդումին նպատակով: Ընդհանրապէս սփիւռքի տարածքին (բայց ոչ անպայման` Լիբանանի մէջ) հայերէնը պէտք է դասաւանդուի որպէս երկրորդ, բայց հիմնական լեզու (ո՛չ երկրորդական): Այլապէս մենք մեր ձեռքերով, «հայերէն խօսէ՛» պոռալ կանչելով, ծնողներն ու զաւակները այպանելով` մենք մեր լեզուն պիտի մեռցնենք:
«Ա.».- Հետաքրքրական հիմնասիւներէն մէկը երիտասարդութեան ստեղծագործական աշխատանքներու ծրագիրը հովանաւորելն ու քաջալերելն է` տարբեր մրցոյթներու եւ միջոցառումներու միջոցով:
Դ. Ռ. Փ.- Քանի մը օր առաջ այս ծրագիրը հրապարակեցինք. արդէն իսկ երիտասարդութեան հետաքրքրութիւնը շօշափելի է: Յայտարարեցինք, որ երիտասարդները իրենց անհատական մշակած ծրագիրները կրնան ներկայացնել` ուղղակիօրէն մեզի դիմելով, առանց ուրիշ խողովակներէ անցնելու: Կ՛ուզենք արեւմտահայերէն լեզուով մշակութային նորութիւնները քաջալերել Լիբանանի մէջ: Շատ մը ստեղծագործելու փափաք ունեցող երիտասարդներ կը տատամսին հայկական հաստատութիւններուն եւ մշակութային կեդրոններուն ներկայացնել իրենց արուեստի գործերը: Ուրիշներ բոլորովին դուրսն են գաղութի շրջանակներէն: Մեր ծրագրին կրնան դիմել բոլորը անխտիր, մեր կայքէջին միջոցով: Այս գծով արդէն իսկ ծանուցումներ կը կատարուին ընկերային ցանցերով, թերթերով եւ այլն: Դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ ալ ծանուցման աշխատանքը սկսած է: Մեզ կը հետաքրքրէ արդիական ու նորաոճ մօտեցումներ, երիտասարդները յուզող ամէնօրեայ նիւթերու մասին` հայերէնով:
«Ա.».- Հինգերորդ հիմնասիւնը` յատուկ պարագաներու «Special Education» կրթութեան վերաբերող, որ հինէն եկած չափանիշներու եւ կարծրատիպերու բերումով մեր կրթական ծրագրին մէջ ներառուած չէ:
Դ. Ռ. Փ.- Հազուագիւտ դպրոցներ կիրարկած են այս տեսակի ծրագիրներ իրենց դպրոցներուն մէջ: «Գարակէօզեան» եւ «Զուարթնոց» կեդրոններու դերը շատ մեծ ու կարեւոր է, եւ մենք նիւթապէս նեցուկ կը կանգնինք այս երկու կեդրոններու աշխատանքներուն:
Որպէս համայնք` այս ծիրին մէջ երկու տկար կէտ կամ դժբախտութիւն ունինք, մէկը ջայլամի մօտեցումն է գաղութին մէջ, ըստ որուն, հայերը ընդհանրապէս ընկերային խնդիրներ կամ «յատուկ պարագաներ» չեն ունենար: Երկրորդը` դպրոցներու անբաւարար միջոցները, գիտակցութեան պակասը, ինչպէս նաեւ` անտարբերութիւնը: Յաճախ հարցեր տեղի կ՛ունենան աշակերտներու հետ, որոնց համար անհրաժեշտ են շինիչ լուծումներ:
Հոս նաեւ նուրբ նիւթի մը կ՛անդրադառնամ` գաղութի ղեկավարութեան հետ կապուած. որոշումները պէտք է կայացուին ներկայ հարցերու եւ կարիքներու հիման վրայ եւ ոչ` գաղափարախօսական հիմքերու վրայ: Գաղափարախօսութիւնը իր իտէալական դերը ունի, եւ անշուշտ որ կարեւոր է որպէս տեսլական, սակայն կրթական որոշումները պէտք է կայանան մասնագիտական հիմքերու վրայ, փաստերու եւ տուեալներու վրայ:
Կրթութեան ծիրէն ներս ճգնաժամային վիճակի մէջ ենք, ամէն մարդու հետ, որ կը խօսիմ այս կը հաստատէ: Ճգնաժամէն դուրս գալու առաջին քայլը պէտք է ըլլայ` հայելիին նայիլ: Մենք մեզի հարց տանք, որպէս ղեկավարներ, մտաւորականներ, տնօրէններ կամ ուսուցիչներ, թէ արդեօք մենք ի՞նչ սխալ ըրած ենք, որ կացութիւնը հոս հասցուցած ենք, երբ հայկական վարժարանէն աւարտող հայ երիտասարդը շատ յաճախ չ՛ուզեր անգամ մըն ալ լսել հայութեան մասին: Այս հարցումներուն անկեղծ պատասխան մը տալէն ետքն է, որ կրնանք լուծումներու մասին մտածել ու աշխատանքի անցնիլ:
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը բարեբախտութիւնը ունի ինքնաբաւ ու անկախ ըլլալու: Ազատութիւնը ունինք այս նիւթերուն մասին խօսելու: Կը փորձենք արդիւնաւէտ ծրագիրներ մշակել: Մեկնակէտը միեւնոյնն էր: Մենք ալ մեզի հարց տուինք, թէ ի՞նչ սխալներու ընթացք տուած ենք տարիներու ընթացքին ու ինչպէ՞ս պէտք է բարելաւենք զանոնք: Լիբանանի մեր ռազմավարութիւնը այս հարցումին պատասխանն է` դպրոցներուն հետ աշխատիլ կրթական նորարար ծրագիրներու վրայ, երիտասարդներ քաջալերել, որպէսզի հայերէնով ստեղծագործեն, արդի մանկավարժական ձեւերով ուսուցիչներ պատրաստել եւ առիթ տալ, որ ուսուցիչները արեւմտահայերէնով առնչուին ժամանակակից աշխարհին հետ:
«Ա.».- Այս ռազմավարութեան փիլիսոփայութիւնը առօրեայ լուծումներու համար չէ, այլ հեռանկարային է, դէպի հաստատութեան նպաստող լուծումներ: Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն` Պէյրութը նկատել արեւմտահայերէնի կենսունակութեան ամենակարեւոր վայրը, ինչ որ քաջալերական եւ գօտեպնդիչ է:
Դ. Ռ. Փ.- Պուրճ Համուտի մէջ է, որ յաճախ կը լսենք արեւմտահայերէն երկխօսութիւններ, ինչ որ սովորական բան կը թուի բոլորին համար հոս: Սակայն սփիւռքեան իրականութեան համար ասիկա հսկայ (ու անսովոր) հարստութիւն մըն է: Այդ հայերէնը ամէնօրեայ կենսունակ լեզուն է, որ անհրաժեշտ է պահել եւ զարգացնել:
Յաճախ մարդիկ ինծի կը հարցնեն, թէ «լեզու, լեզու» կը բացագանչես, ո՞ւր պիտի հասնինք. կ՛ըսեն, որ արդէն իսկ արեւմտահայերէնը մեռնելու վրայ է, «վերջացած է» հաստատողներ ալ կան, նոյնիսկ` ղեկավար դիրքերու վրայ: Վերջերս Ամերիկայի մէջ հայկական դպրոցի մը տնօրէնը մերժած է հայերէնով պատանեկան լաւ գիրք մը գնել իր դպրոցին համար` ըսելով, որ միայն հայերէն է, կարդացող չկայ: Ի՛նչ տրամաբանութիւն` հայկական դպրոցի տնօրէն մը հայերէնով գիրք պիտի չգնէ, որովհետեւ հայերէն է (եւ ոչ` անգլերէն): Ես կտրուկ ձեւով կը ժխտեմ այս բացասական մօտեցումը: Որպէս պատմաբան եւ քաղաքագէտ` կրնամ հաստատել, որ մենք` հայերս, սփիւռքի մէջ հայախօս սերունդներ ստեղծած ենք նուազագոյնը երկու անգամ: Երկու աշխարհաբարներու կերտումը, որ ընդհանրապէս սփիւռքի` Պոլսոյ, Թիֆլիսի եւ Վենետիկի մտաւորական շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցաւ 19-րդ դարուն: Իսկ 20-րդ դարու 20-ական թուականներուն երեք կուսակցութիւններու տեսլականը հայախօս սերունդներ պատրաստելն էր թրքախօս համայնքներու մէջ: Հիմա ես եւ դուն իրարու հետ հայերէն կը խօսինք, որովհետեւ նախորդ սերունդներուն ղեկավարութիւնը տարբեր միջոցներով յաջողեցան իրենց առաքելութեան մէջ: Ես պարտուած չեմ սեպեր մենք մեզ: Անշուշտ իրատես եմ, շատ լաւ գիտեմ, որ հարիւր հազարաւոր հայախօսներ պիտի չպատրաստենք: Մօտեցումս այն է, որ հիմնարկութիւնը պէտք է օժանդակէ արեւմտահայախօս կորիզի մը պատրաստութիւնը սփիւռքի մէջ, որ հայերէնով կը մտածէ, կը կարդայ եւ կը գրէ: Այսպիսով, լեզուն քանի մը սերունդ եւս կը գոյատեւէ եւ, ինչո՞ւ չէ, կը բարգաւաճի սփիւռքեան պայմաններուն մէջ: Վերջապէս, ամբողջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ մօտ 3-4000 «գրոց բրոց» տղաք (ու մի քանի աղջիկներ) էին, որ աշխարհաբար արեւմտահայերէն լեզուն մշակեցին ու դարձուցին զայն ամէնօրեայ լեզու: Եթէ կ՛ուզենք, որ արեւմտահայերէնը կենսունակ լեզու մնայ եւ գրաբարի ճակատագրին չդատապարտուի, պէտք է որ ըլլայ հաճելի եւ բնական, ո՛չ թէ բեռ մը` պատանիներուն եւ երիտասարդներուն ուսերուն վրայ ծանրացած: Կը բաւէ մտածենք, որ միայն «հայերէ՜ն, հայերէ՜ն» բացագանչելով` արդիւնքներու պիտի հասնինք, կը բաւէ խմբագրական խմբագրականի ետեւէ գրենք, որ լեզուն նահանջի մէջ է` առանց իրատես եւ շինիչ առաջարկներ հրամցնելու, կը բաւէ ուրիշներէ լուծումներ սպասենք. գործի անցնինք ու միջոցները ստեղծենք, որ ապագայ սերունդները հայերէնով արտայայտուին եւ ստեղծագործեն: Կաթիլ առ կաթիլ գետ մը կը լեցուի: Եւ այդ գետին հիմնական ճիւղերէն մէկը Լիբանանն է: