ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Հայաստան եւ Լիբանան կը գտնուին նոր կառավարութեան կազմութեան շեմին: Լիբանանի մէջ Նեժիպ Միքաթիի վարչապետ նշանակումը, կը թուի, թէ շրջանային ու միջազգային իրաւախոհութեան արդիւնք է: Ֆրանսական գրեթէ մէկ տարուան հնութիւն ունեցող հովանաւորութեամբ խոստացուած ապաքաղաքական ու արհեստավարժ կառավարութիւն մը կարելի պիտի ըլլայ կազմել այս երրորդ փորձով: Նշանակեալ վարչապետը լաւատես է: Հանրապետութեան նախագահին հետ յարաբերութիւնը բնական է ու հետեւողական: Եթէ անկուսակցական 24 նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւնը լոյս աշխարհ գայ, Լիբանանի ժողովուրդը շունչ կը քաշէ ու ստեղծուած ահաւոր տագնապը, որ ճգնաժամի վերածուած է, լուծումի մը սկզբնաւորութիւնը կրնայ աւետել: Եթէ նշանակուող նախարարները անկուսակցական են ու արհեստավարժ, արդեօք զե՞րծ են քաղաքական յայտնի ու անյայտ յանձնառութիւններէ: Այլապէս, ինչպէ՞ս հասկնալ նախորդ ձախողումները. արգելքները վերացա՞ն, ի՞նչ արգելք. ժամանակը այս հարցերուն պատասխանը կրնայ բնաւ չտալ, իսկ արգելքները դնողները կը շարունակեն իրենց եպերելի ընթացքը ու կը տնօրինեն ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը: Անցնինք:
Հայաստանի մէջ եւս նոր կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է, թէեւ խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքով` շարունակականութիւնը ապահովուած: Այսինքն պատերազմի պատճառով ստեղծուած ճգնաժամը շարունակականութիւնը եւս ապահովուած է. սահմաններուն վրայ անկայունութիւնը կեանքեր կը խլէ ու Հայաստանի ժողովուրդը իր ապահովութեան երաշխաւորի փնտռտուք կը կատարէ: Կայ բաւական տարածուած համոզում, որ Ռուսիա չի կատարեր իր` Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւորի դերը, քանի որ սահմաններուն վրայ կատարուած յարձակումներուն ՀԱՊԿ-ը (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն) չի միջամտեր: Կարծէք Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր սահմանները պաշտպանելու պարտաւորութենէն հրաժարած է ու զայն յանձնած Ռուսիոյ ղեկավարութեամբ գործող ՀԱՊԿ-ին, կամ պարզապէս` Ռուսիոյ:
Ռուսիան կը թերանայ, Ռուսիան կը դաւաճանէ, Ռուսիան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ համաձայնած է ու թոյլ կու տայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան դէմ դաւադրութիւններու:
Նմանատիպ վերլուծումները ամէնօրեայ կշռոյթով կը թունաւորեն հանրային կարծիքը: Ռուսիա, բնականաբար, տարածաշրջանին մէջ իր շահերը կը հետապնդէ, իսկ այդ շահերը կ՛ենթադրեն թէ՛ Ազրպէյճանի, եւ թէ՛ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն նկատմամբ զգուշաւոր մօտեցում: Հայաստան Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցն է, սակայն Ազրպէյճանն ու Թուրքիան Հայաստանի թշնամիներն են (ոչ միայն հակառակորդները), Ռուսիոյ թշնամիները չեն: Ռուսիա չ՛ուզեր տարածաշրջանին մէջ թշնամիներ ունենալ եւ իր շրջափակումը ամբողջացնել: Ուրեմն որդեգրած է խուսանաւումի քաղաքականութիւնը, հաւասարակշռութիւն ստեղծողի պատմուճան հագած` կը փորձէ պահպանել խաղաղութեան ջատագովի իր խախուտ կարգավիճակը:
Այս իրականութիւնը կողմնորոշում փոխելու, քաղաքական նոր արեւելում որդեգրելու համար շարժառիթ կը հանդիսանայ: Արեւմուտքէն լսուող համակրական աղօտ արտայայտութիւնները կարելի՞ է թարգմանել իբրեւ երաշխիք` ստանձնելու Հայաստանի ռազմաքաղաքական պաշտպանի յանձնառութիւնը: Արեւմուտքը, որ Թուրքիոյ դաշնակից է, բազմաթիւ վայրերու մէջ Թուրքիա արեւմտեան շահերուն ներհակ նախաձեռնութիւններու կը դիմէ, ու Արեւմուտքը կը լռէ: Հայաստանի պարագային տարբե՞ր պիտի ըլլայ վերաբերումը: Ռուսիոյ անկատար պաշտպանութենէն հրաժարելու պարագային, ընտրած պիտի ըլլանք ամբողջական անպաշտպանութիւնը ու մեր սահմաններուն վրայ յոխորտացող թշնամին հրաւիրենք երկրէն ներս: Կը բաւէ վերյիշել ամերիկեան-արեւմտեան միջամտութեան արժանացած երկիրներու մէջ թրքական անսանձ ներկայութիւնը ու այդ անբաղձալի ներկայութեան նկատմամբ արեւմտեան բարեացակամութիւնը:
Նման դիրքորոշումներ ռուսասիրութիւն չեն նշանակեր: Եթէ քաղաքականութիւնը կարելիի արուեստն է, մեր կարելին պէտք է ըլլայ Հայաստանի շահերէն բխող գործնապաշտ քաղաքականութիւն մը: Քաղաքական ամէն արեւելում ունի իր գինը. ամբողջ հարցը այդ գինը նուազագոյնի հասցնելու մէջ կը կայանայ: Այսինքն մեր պարագային` պահպանումը ռուսական կողմնորոշման, միաժամանակ Արեւմուտքի հետ ջերմագոյն յարաբերութիւններու մշակմամբ: Դժուար է, սակայն, դիւանագիտութիւնը դժուար կացութիւնները պարզացնելու արուեստն է: