Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» թերթը կը գրէ, թէ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ յաջորդ ընդհարումին ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը պիտի ներկայանան իբրեւ Հըզպալլայի վահանը:
Նոյն օրաթերթը անդրադարձ կատարեց անցնող ամիսներուն հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն, որոնց շրջագիծին մէջ Հըզպալլայի խմբաւորումներուն համար յաւելեալ դիրքեր հաստատուած են:
Թերթին համաձայն, սահմանային «Կապոյտ գիծ» կոչուածը իսրայէլեան քաղաքացիական անվտանգութեան մեծ վտանգ կը սպառնայ:
«Ճերուզալեմ Փոսթ» կը գրէ, թէ սահմանային «Կապոյտ գիծ»-ին վրայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ազատ շարժումը սահմանափակ է` այն իմաստով, որ Հըզպալլա վախազդու գործողութիւններ կը կատարէ եւ մարտավարական հսկայական կարողութիւններ կուտակած է հիւսիսային Իսրայէլի կից:
Նոյն թերթին համաձայն, սահմանային «Կապոյտ գիծ»-ին վրայ, այսինքն` Իսրայէլի կից կան Հըզպալլայի զինուորական դիրքեր եւ զօրանոցներ, որոնք իսրայէլեան քաղաքացիական անվտանգութեան եւ Իսրայէլի ապագային մեծ վտանգ կը սպառնան: «ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կողմէ գործադրուող օդային հսկողութիւնը անբաւարար է Հըզպալլայի զինուորական արարքները կասեցնելու», կը գրէ օրաթերթը: