ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգները յանձնառու է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, ապահովութեան եւ բարեկեցութեան հաստատման: Այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճեք Սալըվըն Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու վարչութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։
Ան ողջունեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարեւոր ու պատմական դիւանագիտական ջանքերը, որոնք կը միտին մնայուն խաղաղութեան հաստատման: Սալըվըն իր աջակցութիւնը յայտնեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հիւրընկալած բանակցութիւններուն: Ան յայտնեց Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` սերտօրէն ներգրաւուելու եւ աջակցելու յառաջընթացին տարբեր միջոցներով, որոնց կարգին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան Երեւանի մէջ ընդունեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին։ Անոնք քննարկեցին հայ-ամերիկեան երկկող համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային երթեւեկի հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման վերաբերող աշխատանքներուն: