Ամերիկացի ճանաչցուած դերասաններ Ջոնի Տէփը եւ Սանտրա Պուլոքը դարձան Միացեալ Նահանգներու «ազգային» People’s Choice մրցանակի դափնեկիր: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելոսի մէջ:
2014 թուականին, հանդիսատեսներու կարծիքով, տարուան լաւագոյն դերասանուհի ճանչցուեցաւ Սանտրա Պուլոքը: Ան յաղթող ճանչցուեցաւ «Լաւագոյն երգիծական դերասանուհի» եւ «Լաւագոյն տրամաթիկ դերասանուհի» անուանակարգերու մէջ:
«Ազգային Ընտրության» եւս մէկ մրցանակ Պուլոք կիսեց Ճորճ Գլունիի հետ: « Կրեվիթի» ժապաւէնին մէջ իրենց խաղարկութեան շնորհիւ, անոնք նուաճեցին « Լաւագոյն զոյգ» մրցանակը:
Բացի այդ, « Կրեվիթի» նուաճեց «Լաւագույն տրամաթիկ ժապաւէն» մրցանակը: Լաւագոյն դերասանի մրցանակը յանձնուեցաւ Ջոնի Տէփին: Վերջինս շրջանցեց Հիու Ջեքմանին, Չենինկ Թաթումին, Լէոնարտօ Տի Գափրիոյին եւ Ռոպերթ Տաունի-Ճիւնիորին:
Լաւագոյն ժապաւէնի մրցանակը հնձեց « Այրըն Մէն -3» ը:
Լէոնարտօ Տի Գափրիօ շահեցաւ «Լաւագույն տրամաթիկ դերասան» մրցանակը, իսկ «Լաւագոյն երգիծական դերասան» մրցանակը շնորհուեցաւ Ատամ Սենտլըրին:
People’s Choice-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ միակ մրցանակն է որուն դափնեկիրները յայտնի կը դառնան համաժողովրդային քուէարկութեամբ: «Ազգային ընտրութիւն» մրցանակաբաշխութիւնը հիմնադրուած է 1975 թուականին: