Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Չափանիշներու եւ յատկանիշներու հաստատութեան` «Լիպնոր»-ի ընդհանուր տնօրէն Լինա Տըրղամը, որուն հետ քննարկեց այն միջոցները, որոնք կ՛երաշխաւորեն, որ արդիւնաբերութեան ընթացքին ճարտարարուեստի սեփականատէրերը յանձնառու մնան յատկանիշներու պահպանումին:
Պուչիքեան շեշտեց, որ արդիւնաբերութեան պարագային պէտք է ճարտարարուեստի սեփականատէրերը զգուշ ըլլան չափանիշները, յատկանիշներն ու որակը պահպանելու, որովհետեւ անիկա համազօր է լիբանանեան արտադրութիւնները արտածելու անցագիրին:
«Որակի եւ արտածումի իմաստով յատկանիշները վստահութեան բանալիներն են», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրեն համար առաւելագոյն չափով կարեւոր է ճարտարարուեստի նախարարութեան եւ արդիւնաբերութեան մարզին մէջ գործող սեփականատէրերուն միջեւ փոխըմբռնումն ու գործակցութիւնը, որովհետեւ անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն:
«Մեր պարտականութիւնն է զօրակցիլ, քաջալերել եւ շուկայադրել լիբանանեան արտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ օժանդակել անոր տարածումին», հաստատեց ան:
Պուչիքեան ընդգծեց, որ նախարարութեան դերակատարութիւնը շինիչ է եւ անոր նպատակն է հիմնել բարձրորակ արդիւնաբերութիւն, որով Լիբանանն ու լիբանանցիները կը հպարտանան: