ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Սի.Պի.Էս.».- 2020-ի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն համար կենսական նշանալութիւն ունեցող «Գերերեքշաբթի»ն՝ 3 մարտը մեծ յաղթանակներ բերաւ մինչ այդ յատկանշական արդիւնքներ չապահոված նախկին փոխնախագահ Ճօ Պայտընին, որ կրցաւ 14 նահանգներէն առնուազն 9ին մէջ յաղթանակներ արձանագրել, խլելով մեծ թիւով պատգամաւորներ։
Դեմոկրատ կուսակցութեան նախագահական թեկնածուն դառնալու պայքարին մէջ Պայտընի դիրքը առաւել զօրացաւ չորեքշաբթի օր, երբ միլիառատէր Մայքըլ Պլումպըրկ յայտարարեց, որ որոշած է քաշուիլ ընտրապայքարէն, խոստանալով նեցուկ կանգնիլ Պայտընին, որ կը ներկայացնէ կուսակցութեան կեդրոնի ուժերը։
Պայտըն Երեքշաբթի օր անակնկալ յաղթանակներ արձանագրեց Թեքսասի, Մինիսոթայի եւ Մեսեչուսեցի, ինչպէս նաեւ Վըրճինիայի, Հիւսիսային Քարոլայնայի, Թենըսիի, Օքլահոմայի, Արքընսասի եւ Ալապամայի մէջ։
Իր կարգին, կուսակցութեան յառաջդիմական թեւի ղեկավարը դարձած Պըրնի Սենտըրզ չկրցաւ համոզիչ արդիւնքեր արձանագրել, սակայն կրնայ Քալիֆորնիոյ մէջ, ու քուէները տակաւին կը հաշուըւին, բաւական մեծ թիւով պատգամաւորներ ապահովել։ Ըստ քուէներուն 54 տոկոսին՝ Սենտըրզ ապահոված է քուէներուն 33,6 առ հարիւրը, Պայտընի 24,9 տոկոսին դիմաց։
Երեքշաբթի օր, Սենտըրզ յաղթնականեր ապահովեց Վըրմանթի, Քոլորատոյի, Եութայի մինչ Մէյնի մէջ եւս քուէները շատ մօտ կը մնան յաղթողը յստակացնելու համար։
Ցարդ Պայտըն ապահոված է 382 պատգամաւորներ, իսկ Սենտըրզ՝ 321։