ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտեան դարձաւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Հատաս» յայտագիրին հարցազրոյցի հիւրը:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը «Տրովադայի ձի» չէ: «Պատահածը այն է, որ կուսակցութիւնը որոշում տուած է, իսկ նախարարը չէ ենթարկուած», ըսաւ ան: Յ. Բագրատունիի պատասխանը կը վերաբերի այն հարցումին, թէ օր մը առաջ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան մասնակցած էր կառավարութեան նիստին եւ անոր մասնակցութիւնը պատճառ դարձած էր, որ կառավարութիւնը նիստ գումարելու իմաստով օրինաթիւ ունենայ:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ Ճ. Պուչիքեան պէտք չէր մասնակցեր կառավարութեան նիստին` ենթարկուելով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումին:
«Դերեր բաժնուելու մասին արտայայտութիւնները եւ մեկնաբանութիւնները ՀՅ Դաշնակցութեան չեն վերաբերիր: Քաղաքական կեանքին մէջ մեր կեցուածքները յստակ են եւ թափանցիկ: Եթէ մենք երկխօսութեան եւ համախոհութեան մասին կը խօսինք, այդ չի նշանակեր, որ մենք մոխրագոյն ենք: Ճիշդ է, որ երկրին հարցերը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է, այդ դիտանկիւնէն մեկնելով կը հաստատենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց չմասնակցիլ կառավարութեան նիստին, իսկ նախարարի պաշտօնակատար Ճ. Պուչիքեան, որ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ է, պէտք էր յանձնառու մնար ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումին: Սակայն ան իր անձնական պատճառներով ինքնագլուխ որոշում տուաւ եւ մասնակցեցաւ կառավարութեան նիստին», յայտնեց Յ. Բագրատունի:
Ան նկատել տուաւ, որ Ճ. Պուչիքեան յանձնառու մնացած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ բարեկամութեան եւ ըստ իրեն չի փափաքիր քաղաքական իր կեանքին մէջ ձախողիլ:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ այս մասին Կեդրոնական կոմիտէն իր խօսքը պիտի ունենայ հաստատ կերպով` աւելցնելով, որ հակառակ անոր որ Ճ. Պուչիքեան կուսակցութեան անդամ չէ` կազմակերպական առումով պատժական տնօրինումներու ենթարկուելու տեսակէտէն, սակայն ՀՅ Դաշնակցութիւնը կարգապահութեան կը հաւատայ եւ պիտի չարտօնէ, որ նման նախընթաց կրկնուի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ինչո՛ւ համաձայն չէր կառավարութեան նիստին մասնակցելու, Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ հանրապետութեան նախագահին նամակը կարդացուելէ ետք քննարկուեցաւ կառավարութեան նիստերուն հարցը եւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որ նախարարաց խորհուրդը միայն գերկարեւոր խնդիրներու պարագային հրաւիրուի ժողովի` կառավարութեան մաս կազմող բոլոր պլոքներուն հաւանութիւնը ստանալէ ետք:
«Նիստէն առաջ ոչ ոք կապուեցաւ ինծի հետ` նկատի ունենալով, որ քաղաքական կուսակցութեան մը ներկայացուցիչն եմ եւ լիբանանցիներուն կարեւոր մէկ բաժինը կը ներկայացնեմ», ըսաւ ան:
ՀՅ Դաշնակցութեան դէմ սպառնալիքի մը մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ո՛չ Հըզպալլա եւ ո՛չ ալ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի սպառնացած են իրեն կամ կուսակցութեան` մասնակցելու համար կառավարութեան նիստին: «Ո՛վ որ Յ. Բագրատունին կը ճանչնայ, գիտէ, որ ան ո՛չ կը սպառնայ, ո՛չ ալ սպառնալիքի կ՛ենթարկուի», ընդգծեց ան:
Անդրադառնալով այն մեկնաբանութեան, որ կառավարութեան նիստին Ճ. Պուչիքեանի մասնակցութեան փոխարէն Յ. Բագրատունիի խոստացուած է անոր երեսփոխանի պաշտօնին դէմ ներկայացուած վիճարկումը մերժել, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Այս մեկնաբանութիւնը նախ եւ առաջ կը վարկաբեկէ Սահմանադրական խորհուրդը: Իսկ անձամբ ոչ ոք կը ճանչնամ Սահմանադրական խորհուրդի անդամներէն, բացի դատաւոր Մեշլեպէն, որուն հետ երկու անգամ հանդիպած եմ, նախ` անոր ներկայացնելու ունեցուածքիս մասին տեղեկագիր մը եւ երկրորդ` երբ վիճարկումին մասին պատասխանս ներկայացուցի: Թո՛ղ ժողովուրդը վարժուի նաեւ այն համոզումին, որ կա՛ն մարդիկ, որոնք ո՛չ կը վաճառուին, ո՛չ ալ կը գնուին»:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ 132-ամեայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը դերերու նման բաշխում չի կատարեր, եւ անոր համար քաղաքական կեցուածքն է կարեւորը: «Կրնայ ըլլալ, որ ես կորսնցնեմ երեսփոխանի պաշտօնս, սակայն չեմ կորսնցներ ժողովուրդս եւ կուսակցութիւնս: Կեցուածքները շատ աւելի կարեւոր են, քան աթոռները եւ պաշտօնները», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի հարց տուաւ նաեւ, որ երբ կառավարութեան կազմութիւնը ուշացաւ, ապա շիի նախարարները նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցին, կառավարութիւնը գերկարեւոր եւ գերշտապ հարցեր չունէ՞ր քննարկելու եւ անոնց համար կառավարութեան նիստ հրաւիրելու:
Նախագահական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ տակաւին շատ կանուխ է այդ մասին խօսելու` աւելցնելով, որ ոեւէ անհատ կամ թեկնածու, որ 65 քուէով հանրապետութեան նախագահ կ՛ընտրուի, կը ձախողի երկիրը կառավարելու` ընդգծելով, որ փորձառութիւնը կը փաստէ այդ մէկը:
Լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ ՀՅ Դաշնակցութեան յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ոչ ոքի հետ հարց ունի Դաշնակցութիւնը, այլ` խօսակից է բոլորին, հակառակ անոր որ ոմանց հետ նոյն տեսակէտներն ու կեցուածքները չի բաժներ:
ՀՅ Դաշնակցութեան ներքին կեանքին մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը այն քիչ կուսակցութիւններէն է, որ երկամեայ դրութեամբ կը գումարէ իր Շրջանային ժողովը եւ իր գործունէութեան ըստ էութեան քննարկում կը կատարէ ու կ՛ընտրէ նոր Կեդրոնական կոմիտէ մը` շարունակելու աշխատանքը: «Ինքնաքննարկումը բնականաբար կը կատարուի», ըսաւ ան:
«Էմ. Թի. Վի.» Կայանին Հետ
Երեսփոխան Բագրատունի երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի հիւրը եղաւ նաեւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի գլխաւոր լուրերուն յայտագիրին, որուն շրջագիծին մէջ ան վերահաստատեց, որ Ճ. Պուչիքեան մետասաներորդ պահուն` երկուշաբթի առաւօտեան ժամը 10:30-ին յայտնած է, թէ ներկայ պիտի գտնուի կառավարութեան նիստին, ուր պիտի առաջադրէ նախաձեռնութիւն մը:
«Երբ հարց տուի անոր, թէ ի՞նչ նախաձեռնութեան մասին կը խօսի, եւ ինք պէտք է յանձնառու մնայ ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումին, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը կը ներկայացնէ կառավարութեան մէջ, պատասխանեց ըսելով, թէ ինք յանձնառութիւն ունի Միքաթիի հետ` նիստին ներկայ գտնուելու», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան դարձեալ հերքեց այն լուրերը, թէ Ամալ շարժումին կամ Հըզպալլայի կողմէ ճնշում բանեցուած է ՀՅ Դաշնակցութեան վրայ` աւելցնելով, որ Ճ. Պուչիքեանի վրայ հաստատ ճնշում բանեցուած է Միքաթիի կողմէ եւ ոչ թէ Հըզպալլայի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միքաթի ՀՅ Դաշնակցութեա՞ն, թէ՞ Ազգային ազատ հոսանքին դէմ կոլ նշանակած է, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Միքաթի ՀՅ Դաշնակցութեան ճամբով կոլ մը նշանակած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ»: