ՄԱԿ, «Թասս»․- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ յոյս ունի, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 76րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք, երկու երկիրները կը շարունակեն երկխօսութիւնը:
«Ընդհանուր քարտուղարը կ՛ողջունէ նախարարներու անմիջական երկխօսութեան վերսկսիլը Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր շուրջ տագնապէն մէկ տարի ետք եւ յոյս ունի, որ այդ ջանքերը պիտի շարունակուին եւ պիտի դառնան աւելի լայն երկխօսութեան մաս` լուծելու գոյութիւն ունեցող հարցերը եւ կայուն խաղաղ լուծման հասնելու համար», կը նշուի ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութեան մէջ: