ՄԱԿ, «Արմէնփրէս»․- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը քննարկեց Արցախի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի դրութեան վերահսկողութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը, խորհուրդի դռնփակ նիստէն ետք յայտնեց ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիա:
«Այժմ անհրաժեշտ է ապահովել զինադադարին իրականացումը․ անիկա ամէնէն հրատապ հարցն է, որովհետեւ այդ գծով համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, սակայն չէ պահպանուած», ըսաւ ան` նշելով, որ կարեւորագոյն հարցը կը մնայ այն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ապահովել անոր գործադրութեան վերահսկողութիւնը:
Ան բացատրեց, որ տարածաշրջան ՄԱԿի առաքելութիւն ուղարկելու համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Ապահովութեան խորհուրդի յատուկ լիազօրութիւնը: «Անիկա արագ հոլովոյթ չէ: Կան տեղեկութիւններ, թէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն հետ քննարկած է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է իրականացուի այդ վերահսկողութիւնը», նշեց Նեպենզիա: