ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեշ 22 Յուլիսին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` սահմանային գօտիին վրայ լարուածութեան մեղմացման կոչով:
Այս մասին յայտարարեց ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնական ներկայացուցիչ Ստեֆան Տիւժարիք, որ դիտել տուաւ, թէ զրոյցներուն ընթացքին ընդհանուր քարտուղարը մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցած բախումներուն գծով։
Անթոնիօ Կութիերեշ դարձեալ շեշտեց կարեւորութիւնը՝ անյապաղ եւ ամբողջական կերպով դիմելու լարուածութեան մեղմացման քայլերու եւ կոչ ուղղեց՝ հրաժարելու սադրիչ հռետորաբանութենէ եւ վերադառնալու բանակցութիւններուն:
Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ զրոյցին ընթացքին վարչապետ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան նկատմամբ ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարին ցուցաբերած մնայուն ուշադրութիւնը: Ան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ հայ-ատրպէյճանական սահմանին ուղղութեամբ ձեռնարկուած սադրանքներուն պատճառով ստեղծուած լարուած իրադրութիւնը` ընդգծելով, որ այդ գործողութիւնները ձեռնարկուած են հակառակ ընդհանուր քարտուղարին` համաճարակին ծիրին մէջ համաշխարհային զինադադար յայտարարելու վերաբերեալ կոչին:
«Հաւաստիացնում եմ ձեզ, որ Հայաստանն արել է հնարաւոր ամէն բան` ռազմական գործողութիւններին վերջ տալու եւ իրավիճակի լարուածութիւնը նուազեցնելու համար», նշած է Նիկոլ Փաշինեան:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ մարտական գործողութիւններու դադրեցման վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու խախտումներուն` վարչապետ Փաշինեան աւելցուցած է, որ այս շրջանին մէջ ականատես կ՛ըլլանք Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան իրերամերժ յայտարարութիւններուն եւ գործողութիւններուն: «Մենք հասկանում ենք, որ Ադրբեջանում ներքին ծանր իրավիճակ է: Բայց մենք չենք կարող դառնալ նախագահ Ալիեւի ստեղծած ծուղակի պատանդը: Տարիներ շարունակ հայերի նկատմամբ սփռած ատելութիւնն ու պատերազմի սպառնալիքը ստեղծել էին ռազմական գերազանցութեան պատրանք, որն այժմ յօդս է ցնդում: Մենք վստահ չենք` արդեօք Ադրբեջանի ղեկավարութիւնն ունի զինադադարը պահպանելու եւ սադրիչ հռետորաբանութիւնը կանխելու կարողութիւն կամ ցանկութիւն», յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան:
Վարչապետը վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ խաղաղ լուծման` ընդգծելով, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ խիստ կարեւոր է ԵԱՀԿի դիտարկման կարողութիւններու ընդլայնումը եւ նշեալ հարցին մէջ գոյութիւն ունեցող պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը:
«Անհրաժեշտ է, որպէսզի Ադրբեջանի իշխանութիւնները հանրայնօրէն մերժեն ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրառումը: Ադրբեջանի ղեկավարութիւնը պէտք է ընդունի, որ խաղաղ բանակցութիւնները չունեն այլընտրանք», շեշտած է Փաշինեան: