ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ժընեւի մէջ, 21 Յունիսէն 14 Յուլիս գումարուեցաւ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 47րդ նստաշրջանը:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հարցերով յատուկ խորհրդականի հետ քննարկման ժամանակ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը անդրադարձաւ այս ուղղութեամբ իրականացուող միջազգային հանրութեան ջանքերուն մէջ Հայաստանի ներդրումին:
Նստաշրջանին ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը մանրամասն կերպով լուսաբանեց եւ ՄԱԿի անդամ երկիրներուն ու համապատասխան կառոյցներուն ուշադրութեան յանձնեց Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին հետեւանքները, գործադրուած պատերազմի յանցագործութիւնները, մարդու իրաւունքներու միջազգային իրաւապայմանագրային համակարգի եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումները: Ներկայացուեցան նաեւ հայ ռազմագերիներու եւ պատանդառուած քաղաքացիներուն դէմ շինծու մեղադրանքներու հիման վրայ կատարուող թատերականացուած դատավարութիւնները, հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը, Ատրպէյճանի մէջ հայերուն հանդէպ բարձրագոյն մակարդակով տարուող համակարգուած ցեղապաշտական քարոզչութիւնը եւ անոր անընդունելի դրսեւորումները, որոնց կարգին՝ վերջերս բացուած այսպէս կոչուած «Ռազմավարի պուրակը»: Շեշտուեցաւ, որ Ատրպէյճան կ՛արհամարհէ միջազգային դատական ատեաններու որոշումները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու բարձր յանձնակատարի եւ ՄԱԿի յատուկ ընթացակարգերու կոչերը ու յստակ հարցադրումները, որոնք մնայուն կերպով անպատասխան կը մնան: Նշուեցաւ նաեւ, որ Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան հանդէպ համարժէք միջազգային արձագանգի պակասը պատճառ կը դառնայ վերջինին կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին հանդէպ նկրտումները եւ ոտնձգութիւններու: Վերոնշեալ հարցերուն շուրջ ելոյթներ ունենալէ բացի, Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը տարածեց նաեւ շարք մը յայտարարագիրներ:
ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու յատուկ ընթացակարգերու եւ հետաքննող կարուցակազմերու հետ քննարկումներուն ընթացքին, Հայաստանի պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ զինեալ ահաբեկիչներու եւ վարձկաններու ներգրաւումով՝ Արցախի ժողովուրդին դէմ հրահրուած պատերազմին: Հայաստան պնդեց, որ բազմաթիւ աղբիւրներէ ստացուած եւ շարք մը պետութիւններու կողմէ պաշտօնապէս հաստատուած այս փաստերը պէտք է միջազգային մանրակրկիտ հետաքննութեան առարկայ դառնան: