ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Երուսաղէմի հարցով նախագահ Տանըլտ Թրամփի ստեղծած տագնապին առնչութեամբ՝ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ 21 Դեկտեմբերին կայացած քննարկումէն ետք, կազմակերպութեան անդամ 128 երկիրներ վաւերացուցին բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու Թրամփի որոշումը, մինչ միայն 9 երկիրներ բանաձեւին դէմ քուէարկեցին։ 35 երկիրներու ներկայացուցիչներ ձեռնպահ մնացին։
Հայաստան մէկն էր այն երկիրներէն, որոնք Թրամփի որոշումը դատապարտեցին, իսկ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողքին, բանաձեւին դէմ քուէարկեցին հետեւեալ երկիրները՝ Թոկօ, Փալաու, Միքրոնեզիա, Նուարու, Մարշըլ Կղզիներ, Կուաթեմալա եւ Հոնտուրաս։
Բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին նաեւ Միացեալ Նահանգներու դրացի Մեքսիքան, իսկ ձեռնպահ մնացողներու շարքին էր Գանատան։
Յատկանշական է, որ ժողովէն կը բացակայէին 21 երկիրներու ներկայացուցիչներ։
Մինչ Ուաշինկթըն վեթոյի իրաւասութիւնը օգտագործած էր Ապահովութեան խորհուրդին մէջ նման բանաձեւ մը ձախողութեան մատնելու համար, նիւթական պատժամիջոցներու դիմելու ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի եւ նոյնինքն նախագահ Թրամփի սպառնալիքները բաւարար չեղան Ընդհանուր ժողովին մէջ։ Արդարեւ, քուէարկութենէն առաջ Թրամփ ըսած էր. «Թող մեզի դէմ քուէարկեն, եւ մենք մե՛ծ գումարներ պիտի խնայենք։ Մեր հոգը չէ՛»։
Իր կարգին, Հէյլի ըսած է, թէ Թրամփ իրմէ պահանջած էր, որ քուէարկութենէն ետք իրեն յանձնէ Ամերիկայի դէմ քուէարկած երկիրներուն անունները։