Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) ՀԵ. Համաժողովը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 22 Նոյեմբեր 2022ին, ՔՋԱԿի մէջ, ի մի հաւաքելով մօտ 50 հովիւներ, պատուիրակներ եւ հիւրեր յատուկ միօրեայ ժողովի մը համար։
Բացման պաշտամունքին պատգամաբերն էր ՄԱՀԱԵՄի Պատուակալ Նախագահը՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, որ «Կամաւոր Նեղութիւն» (Մատթ. 7.13-27) նիւթով քարոզի միջոցաւ յիշեց թէ եկեղեցիներուն կրած դժուարութիւնները Յիսուսի նեղ դուռին ապացոյցն է, այն դուռը որ դէպի կեանք կ՚առաջնորդէ։ Վեր. Գարակէօզեան նաեւ մատակարարեց Սբ. Հաղորդութիւնը։
Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ եւ նաեւ Նախագահի Տեղապահ, ողջունեց ներկայները, յիշելով թէ երեք տարի անցած է վերջին անձամբ եղած Համաժողովէն ի վեր։ Ներկայութեան ճշդումէն ետք Վեր. Վիգէն Չոլագեան ստանցնեց Համաժողովի ատենապետութիւնը։
Պատուակալ Վեր. Նախագահը բերանացի տեղեկագիր տուաւ իր ծառայութեան վերջին ամիսներուն մասին, եւ ապա Վեր. Հայտօսթեան ուրուագծեց Նախագահի փոխանցման մասին։ Վեր. Հայտօսթեան նաեւ ներկայացուց Կեդրոնական Մարմինի տեղեկագիրը, աւելցնելով պէտք եղած բացատրութիւնները։
Աստուծոյ փառաբանութեան պատեհութիւն էր քուէարկել որ երկու նորընծայ հովիւներու քարոզութեան արտօնութիւնը տեւականանայ, յանձինս Պատ. Ասատուր Մնչէրեանի (Հալէպ) եւ Պատ. Շանթ Ակիշեանի (Քէսապ)։ Կրկնապատկուեցաւ Համաժողովին գոհունակութիւնը երբ ընդառաջեց եւ վաւերացուց Ձեռնադրութեան Յանձնախումբին թելադրութիւնը՝ թէ Պատ. Ժիրայր Ղազարեան (Պէյրութ) ձեռնադրուի։
Այլ կարեւոր տեղեկութիւններ եկան Կեդրոնական Մարմինի գանձապահ Պրն. Կարպիս Տէյիրմէնճեանէն, որ ցոյց տուաւ ելեւմտական հակիրճ պատկերը եւ բացատրութիւններով ներկայացուց Միութեան նիւթաբարոյական մարտահրաւէրները։
Եկեղեցւոյ եւ կազմակերպութիւններու տեղեկագրութիւնները տպուած եւ կազմուած՝ պատուիրակներու բաժնուեցան արձանագրութեան ատեն, սակայն կարգ մը բերանացի տեղեկութիւններ ալ փոխանցուեցան, ինչպէս Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի բացատրութիւնները Հալէպի եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ Համայնքապետարանի մասին։ Այլ նիւթեր ալ ներկայացուեցան, որոնց մէջ են Լիբանանի Հայ Աւետ. Կրթական Խորհուրդ, Հայ Աւետ. Արխիւներու թուայնացում, Իրաքի եւ Իրանի եկեղեցիներու տեղեկութիւններ, ՔՋ Միութիւն, ՔԱՀԼի Տնօրէնի տեղեկատուութիւն, Աստուածաբանական Ճեմարան, եւ Հայկազեան Համալսարան։
Վերջին պարտականութիւններն էին Նախագահի տեղապահութեան հարցի կարգաւորում եւ Կեդրոնական Մարմինի անդամներու ընտրութիւն։ Այս յատուկ Համաժողովը աւարտեցաւ աղօթքով եւ ներկաներուն Տէրունական Աղօթքի արտասանութեամբ։