Հալէպ՝ մեր երբեմնի երազային քաղաքը, թերեւս սփիւռքեան հայաշխարհի այն մէկ քանի վայրերէն մին է, ուր, փողոցի պատերուն վրայ, կրնաք հայերէնով տպուած մահազդեր կարդալ։ Ամերիկայի, Արժանթինի կամ Ֆրանսայի մէջ նման երեւոյթ չկայ։ Չէ եղած։
Այս մահազդերը սակայն, վերջին տարիներուն, սկսած են «աչքի փուշ» դառնալ մեզի, որովհետեւ յաճախ անոնք կը շարուին ու տպուին լեզուական-ուղղագրական կոպիտ սխալներով։
-Մահազդ մը շարելը վարպետութի՞ւն կ՛ուզէ,- պիտի ըսեն շատեր։
Իրաւո՛ւնք ունին։ Մահազդի մը բովանդակութիւնը շա՛տ պարզ է ու յստակ.- ողբացեալին անունը, ազգականներու տասնեակ մը անուն-մականուններ, յուղարկաւորութեան վայր ու ժամ։ Այսքան։
Բա՜յց… սխալները կրնան գլուխ ցցել հո՛ս եւս։
Կու տամ թարմ օրինակ մը.-
«Այսինչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը
կը գուժէ մահը
երկարամեայ եւ վաստակաւոր Աղքատախնամի անդամ Այսինչ Այսինչեանի»։
Ո՞ւր է սխալը այս «անմեղ» նախադասութեան մէջ։
Բացատրենք։
«երկարամեայ եւ վաստակաւոր» զոյգ ածականները որո՞ւն համար գործածուած են։ Անշո՛ւշտ՝ ողբացեալին համար։ Սակայն նկատեցէք, որ այդ ածականները ԴՐՈՒԱԾ ԵՆ «Աղքատախնամ» բառին առջեւ ու դարձեր են անո՛ր որոշիչը…։ «Երկարամեայ եւ վաստակաւոր Աղքատախնամ»…։ Ծիծաղելի չէ՞։
Ճիշդ ու անսխալ նախադասութիւնը պիտի ըլլար հետեւեալ ձեւով.
-«… կը գուժէ մահը Աղքատախնամի երկարամեայ եւ վաստակաւոր անդամ Այսինչ Այսինչեանի»։
Եղա՞ւ։
Զայս կը յանձնենք մեր երբեմնի «երազային» քաղաքի հայ տպարաններուն ուշադրութեան…
Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)