ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
«Երջանիկ եմ, որ այդ հեռաւոր եւ հայաշատ վայրերում՝ հայ թատերական արուեստի հիմնարկութիւն կայ, եւ որի ձեռնարկողներից մէկը նոյն աղբիւրից դաստիարակուած մի երիտասարդ է, ինչ աղբիւրից դաստիարակուած եմ ես»:
ՎԱՀՐԱՄ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ծնած է Դեկտեմբեր 4, 1926ին, Իսթանպուլ: Իր թատերական ուսումը ստացած է տեղւոյն թատերական ինստիտուտին մէջ: Արդէն 1944ին կը մասնակցի Պոլսոյ քաղաքապետարանի ներկայացումներուն: Պոլսոյ մէջ կը բեմադրէ տասնեակ մը գործեր, որոնց կարգին կ՛արժէ յիշել Պէն Ճոնսընի «Վոլբոնէ»ն եւ Մոլիէրի «Ագահը» թատրերգութիւնները:
Հայ թատրոնի սկզբնական խարխափումները ազգային թատերախաղով կատարած էր ան, սակայն կը փորձէր նոր թռիչք տալ իր արուեստին: Պոլիսը այլեւս բան մը չունէր իրեն տալիք, յառաջդիմութիւն ալ չկար… իր ընդվզումին առընթեր, իր մէջ բնածին տաղանդ տեսնելով, Պերճին բարեկամ թուրք դասախօսը կը յայտնէ. «Ինծի երդում ըրէ որ թատրոնը երբեք պիտի չձգես… այստեղ քեզի յարմար չէ, մի մոռնար որ հայ ես, ինչո՞ւ հայուն առաջնակարգ դեր տալ…»: Այս դասը բաւարար էր Պերճին, որ 1951ին հեռանար Իսթանպուլէն:
Պէյրութ կը հաստատուի, հոն ընտանիք կը կազմէ եւ կը շարունակէ իր թատերական գործունէութիւնը: Կ՛ամուսնանայ 1959ին նկարչուհի Սիրվարդ Գրիգորեանի հետ, որ կը մնայ Պերճին կեանքի, արուեստի ու բեմի մնայուն ընկերը: Կը բախտաւորուի երկու զաւակներով. մանչը՝ Յարութը ծանօթ խմբավար ու գեղարուեստական ղեկավար է զանազան սիմֆոնիկ նուագախումբերու, Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ:
Պէյրութի մէջ 1956ին կը հիմնէ «Նոր Բեմ», 1959ին՝ ՀԵԸի «Վահրամ Փափազեան» եւ 1971ին՝ «Ազատ Բեմ» թատերախումբերը, որոնք մեծ արձագանգ կը գտնեն տեղւոյն հայատառ, արաբատառ եւ ֆրանսատառ բոլոր թերթերուն մէջ, անխտիր: Ֆազլեան կը հրաւիրուի արաբական աշխարհի հանրածանօթ լիբանանցի երգչուհի Ֆէյրուզի մասնակցութեամբ, Ռահպանի եղբայրներուն թատրերգութիւնները բեմադրելու Պաալպէքի փառատօնին, ինչպէս նաեւ Պէյրութի ու Դամասկոսի մէջ. եւ այսպէս տասնվեց տարիներ շարունակաբար կը բեմադրէ Ռահպանի եղբայրներու երաժշտա-թատերական գործերը:
1975ին կը գաղթէ Գանատա եւ կը հաստատուի Մոնթրէալ: Հոն եւս կը լծուի գեղարուեստական աշխատանքի: Առաջին իսկ օրէն կը միանայ Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքին, հոնկէ թափ տալու իր մշակութային գործունէութեան Գանատայի տարածքին: 1976ին կը հիմնէ Մոնթրէալի ԹՄՄ «Հայ Բեմ» թատերախումբը եւ հայերէն կը բեմադրէ գանատացի ծանօթ հեղինակ Ռոպէր Կիւրիքի «Պարան Կը Ծախեմ» թատրերգութիւնն ու կը մասնակցի տեղական «Փոքրամասութիւններու թատերական փառատօն»ին եւ կ՛արժանանայ առաջին մրցանակին: 1989ին կը հիմնէ Մոնթրէալի ՌԱԿի «Արմէնօրամա» հեռատեսիլի հաղորդումները:
«Հայ Բեմ» թատերախումբը ելոյթներ կ՛ունենայ նաեւ Լոնտոնի, Փարիզի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Նիւ Եորք, Պոստըն, Ֆիլատելֆիա…) զանազան քաղաքներու մէջ: Լոնտոնի բեմադրութեան օրերուն, Պերճ Ֆազլեան կը միանայ ՌԱԿի շարքերը՝ Վարդան Ուզունեանի կնքահայրութեամբ ուխտը տալու տարիներէ ի վեր իր հաւատացած ՌԱԿի քաղաքական ու հայրենասիրական ուղեգիծին:
«Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի ծնունդը կարեւոր հանգրուան մը պէտք է նկատուի, անոր համար, որ Պէյրութի մէջ կար միայն մէկ մնայուն թատերախումբ մը՝ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»ը, որ իր վրայ հրաւիրած էր քաղաքի թատերասէր հասարակութիւնը:
Որպէս դերասան մասնակցած է տասնեակ մը ֆիլմերու, որոնց բեմադրիչները եղած են՝ Եուսուֆ Շահին, Հանրի Պարաքաթ, Անթուան Ռէմի, Նիյազի Մուսթաֆա եւ ուրիշներ: Գլխաւոր դեր ստանձնած է նաեւ Գանատայի անգլիախօս ֆիլմի մը մէջ՝ «Next of Kin», որուն բեմադրիչը աշխարհահռչակ Ատոմ Էկոյեանն է եղած:
Հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն բեմադրած է աւելի քան 100 թատրերգութիւններ, որոնց մէջ անմոռանալի կը մնան՝ Շէյքսփիրի «Միջ-ամառնային Գիշերուան Երազ», Մոլիէրի «Սքաբէ»ն, «Ժորժ Տանտէ»ն եւ «Ագահը», Կոլտոնիի «Ստախօսը», Կոկոլի «Ամուսնութիւն» թատերգութիւնները եւ մանաւա՛նդ Ժորժ Շեհատէի «Վասքոյի Հեքիաթը» թատրերգութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով բեմադրուեցաւ Լիբանանի մէջ, հեղինակին ներկայութեամբ: Իսկ Այսամ Մահֆուզի «Զանզալաքտ» թատրերգութեան բեմադրութիւնը անկիւնադարձ կը նկատուի լիբանանեան թատրոնի տարեգրութեան մէջ:
Երկար տարիներ թատերական նիւթեր դասաւանդած է Լիբանանի պետական, «Սէն Ժոզէֆ» եւ «Գաֆաա»չ համալսարաններուն մէջ:
Պերճ Ֆազլեան 1986ին Խորհրդային Հայաստանի պետութեան կողմէ կը հրաւիրուի, որպէսզի բեմադրութիւններ կատարէ եւ հոն՝ պետական հեռատեսիլի առաջարկութեամբ կը բեմադրէ Երուխանի «Ձկնորսի Սէրը» պատմուածքը: Ֆազլեան՝ պարգեւատրուած է 1985ին Հայաստանի մէջ, Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի նախագահ Վարդգէս Համազասպեանէն եւ 2000ին Պէյրութի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսէն ստանալով Ս. Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը:
ԹՄՄ Մեծագոյն Նիւ Եորքի մասնաճիւղը կազմակերպած է Պերճ Ֆազլեանի յոբելենական տարեդարձը Նիւ Ճըրզիի մէջ, Ապրիլ 30, 2006ին: Այս կ՛ըլլար Պերճին նուիրուած առաջին մեծարանքի արտայայտութիւնը, ուր հոծ բազմութիւն մը թատերասէրներու եկած էին Ամերիկայի զանազան քաղաքներէն՝ բերելու իրենց յարգանքի եւ հիացմունքի մասնակցութիւնը: Խօսք կ՛առնեն թատերական գործիչներ Գրիգոր Սաթամեան (Լոս Անճելըսէն, որ առաջին անգամ բեմ բարձրացած է Ֆազլեանի բեմադրութեամբ), Ժիրայր Փափազեան (Փարիզէն), Կարինէ Քոչարեան, դոկտ. Հրանդ Մարգարեան (Նիւ Եորքէն), Թամար Յովհաննիսեան (Լոս Անճելըսէն, այրին՝ Մհեր Մկրտչեանի), Նորա Արմանի, Պերճ Արազ, Միսաք Պօղոսեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան (Նիւ Եորքէն): Այս առթիւ կ՛արժանանայ ՀԲԸՄի Պատուոյ վկայականին ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեանէն եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի Հայրապետական կոնդակին ու Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ շքանշանին, զորս կը յանձնէ Ամերիկայի Հայոց առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան:
ՖԱԶԼԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ
– Լեւոն Թորոսեան.- «Ֆազլեան թատրոնի խենթ մըն է, բառին աղուոր իմաստով: Ան անկաշառ կերպով նուիրուած է հայ թատրոնի սրբազան դատին» («Զարթօնք», Պէյրութ, 1960)։
– Արմէն Դարեան.- «Ֆազլեան լաւապէս ըմբռնած է, թէ բեմադրիչը թատերագիրը ընդօրինակող եւ կրկնող գործիք մը չէ, այլ իր կարգին ստեղծագործ արուեստագէտ մը» («Յառաջ», Պէյրութ, 1960)։
– Գրիգոր Քէօսէեան.- «Թատերախումբին բեմադրութիւնը լրիւ յաջողութիւն մըն է: Եւ ասիկա պատիւ կը բերէ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանին» («Զարթօնք», Պէյրութ, 1963)։
– Օննիկ Սարգիսեան.- «Պերճ Ֆազլեանի պրպտող ջանքերուն շնորհիւ է, որ բեմական գեղեցկութիւնը հետզհետէ կ՛այցելէ մեզի» («Խօսնակ», Պէյրութ, 1964)։
– Աւետիս Եափուճեան.- «Պերճ Ֆազլեան ոչ միայն հանրածանօթ բեմադրիչ ու դերասան է, այլեւ՝ արուեստագէտի իր առաքելութեան գիտակից մարդ մը, խոհուն, ինքնավստահ, բայց համեստ» («Արեւ», Գահիրէ, 1969)։
– Արա Արծրունի.- «Բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեան պատիւով եւ յաջողութեամբ յաղթահարեց դժ-ուարութիւնները: Արդարեւ նոր բեմականացումով մը, բոլոր թերութիւնները ջնջուած էին» («Ազդակ», Պէյրութ, 1970)։
– Դոկտ. Պախտիար Յովակիմեան.- Տեսնուած բա՞ն է, որ միջազգային ասպարէզներում հայազգի թատերական գործիչը ներկայացնի Լիբանանի արաբական թատրոնը» (Երեւան, 1987)։
– Շաքէ Վարսեան.- «Եռանդուն, գործիմաց, խիզախ մտայղացումների տէր եւ դրանք յամառօրէն իրագործող թատերական գործիչ է Պերճ Ֆազլեանը» («Հայրենիքի Ձայն», Երեւան, 1987)։
– Պայծիկ Գալայճեան.- «Հայկական եւ լիբանանեան թատրոնի երկինքին վրայ աստղափայլող երեւոյթ մը եղաւ Ֆազլեան. արաբական թատրոնին մէջ ունեցաւ իր ուրոյն հեղինակութիւնը դառնալով միւս կողմէ լիբանանահայ թատրոնի կաղնին» («Զարթօնք», Պէյրութ, Սեպտեմբեր 19, 2009)։
Վերջին այցելութիւնս տուի իրեն այս տարուան Յունուար 5ին, Պէյրութի արուարձաններէն հիւանդանոցի մը մէջ: Մի՛շտ արթուն տեսած եմ զինք… ճանչցածս Պերճէն մնացած էին իւրայատուկ իր աչքերը միայն: Ամուր սեղմեցի վարպետին ձեռքը, համբուրեցի ու կամացուկ մը հեռացայ սենեակէն:
Կը մահանայ Պէյրութի մէջ, Փետրուար 15, 2016ին, 90 տարեկանին: Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ունենայ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Փետրուար 18, 2016ին:
Պերճ Ֆազլեան գնաց միանալու իր ընկերներուն՝ Վահրամ Փափազեանին, Հրաչեայ Ներսիսեանին, Վարդան Աճէմեանին ու Ֆրունզիկին:
…Հիմա ան արդէն Վերէն կը խնդայ այս աշխարհը մնացած իր երկրպագուներուն վրայ:
Նիւ Եորք