ԿԱՐՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Իր կանխահաս մահը խոր սուգի մատնեց մեզ բոլորս՝ իր անմիջական ընտանիքի բոլոր անդամներն ու հարազատները, նոյնպէս եւ համայն մելգոնեանցիներու մեծ ընտանիքը ի սփիւռս աշխարհի:
Մելգոնեանցիներ սուգի մէջ են, քանի որ կորսնցուցին անձնաւորութիւն մը, որ իր ամբողջ ժամանակը եւ գործունէութիւնը ի սպաս դրաւ օգտակար ըլլալու իր շրջապատին եւ համայնքին, այլեւ մանաւանդ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հետ կապուած հարցերուն:
Զօհրապի մօտ ակնյայտ էր բացառիկ տաղանդ՝ կազմակերպելու, ղեկավարելու, հանգանակելու, խրախուսելու, ոգեւորելու եւ գործի լծելու իր շուրջինները: Կը սիրէր մարդոց մէջ մտնել, կապ հաստատել, հաղորդակցիլ, յարաբերիլ իր հաճոյախօսութեամբ եւ դիւրահաղորդ հաճելի բնաւորութեամբ: Անխոնջ ու անշահախնդիր աշխատող էր եւ ծառայասէր, բայց մանաւանդ յամառօրէն պայքարող՝ իր փայփայած երազը իրականացնելու վճռակամութեամբ:
Զօհրապի երկար տարիներու գործունէութիւնն ու ծառայասիրութիւնը ազգային, հանրային, կրթական, մշակութային, քաղաքական եւ այլ բնագաւառներէ ներս արդարօրէն գնահատուած է եւ արժեւորուած:
Այս կը վկայեն իրեն ընծայուած բազում գնահատագիրները, շքանշանները, մետալները, մրցանակները, պարգեւները եւ այլն:
Սիրելի Զօհրապ, գիտենք թէ «Մելգոնեան»ը որքան մօտ էր սիրտիդ եւ զգացումներուդ: Այն օրէն ի վեր, երբ «Մելգոնեան»ի գոցուիլը տխուր իրականութիւն դարձաւ, խումբ մը նուիրեալ մելգոնեանցիներու հետ միասին, յառաջապահ դիրքերու վրայ, անդուլ պայքարի անցար «Մելգոնեան»ը փրկելու համար:
Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը վերաբանալու ի խնդիր քու երկար տարիներու աննկուն եւ յարատեւ գործունէութիւնը արժանաւորապէս գնահատելու համար, հինգ տարի առաջ Մելգոնեան սանուցը որոշեց մասնաւոր հանդիսութեամբ պարգեւատրել քեզ՝ որպէս Մելգոնեան սանուց միութեան 2011ի Տարուան մարդը: Այդ առթիւ քեզի հանձնուեցաւ յատուկ յուշատախտակ մը հետեւեալ մակագրութեամբ.
«2011 MAN OF THE YEAR AWARD – Awarded to Zohrab Shamassian for his Leadership, Perseverance and Determined Effort to save and re-open Melkonian School in Cyprus. Presented by Melkonian Alumni & Friends»։
Երբեք պիտի չմոռնանք այդ պահը եւ այդ առթիւ արտասանած յուզումնախառն, բայց վճռական քու սրտիդ խօսքը, երբ լաւատեսութեամբ եւ հաւատքով կը յայտարարէիր, թէ կարելի չէ՛ «Մելգոնեան»ը պահել փակ, անփառունակ, ամուլ ու ամայի վիճակի մէջ: «Մելգոնեան»ը անպայման պէտք է բացուի ու պիտի բացուի մօտիկ ապագային:
Սիրելի Զօհրապ, եթէ պատահի, որ «Մելգոնեան»ը օր մը վերաբացուի, մելգոնեանցիներ աշխարհով մէկ երախտագիտական զգացումներով շնորհապարտ պիտի ըլլան քեզի քու անխոնջ ու յարատեւ աշխատանքիդ համար, որ, աւա՜ղ ահաւասիկ ընդհատուեցաւ ցաւալիօրէն, անակնկալօրէն, վաղահասօրէն…
Հողը թեթեւ գայ, ընկեր, ոսկորներուդ վրայ խոնջ, ու յիշատակդ ալ յաւերժ անթառամ մնայ մեր հոգիներուն մէջ:
Նոյեմբեր 30, 2016
Ծանօթագրութիւն. Ողբացեալ Զօհրապ Շամմասեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 30, 2016ին, Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, սգակիր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Ապա թաղումը կատարուեցաւ Cypress Forest Lawn գերեզմանատան մէջ: