Հինգշաբթի, 22 Մայիսին, Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծուհի Ալիսիա Կիրակոսեանը:
1936ին Քորտոպա, Արժանթին ծնած Ալիսիան, հեղինակ էր սպաներէն եւ հայերէն բանաստեղծական բազմաթիւ երկերու: Ան նաեւ հայերէնէ սպաներէն թարգմանած էր Րաֆֆիի «Խենթը»:
Խաչատուր Աբովեանի անուան մրցանակակիր բանաստեղծուհիի կեանքին եւ գործունէութեան կ՛անդրադառնանք յետագային: