ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Գրողներու միութենէն յայտնած են, որ մահացած է գրող, լրագրող, թարգմանիչ, թատերագէտ, միութեան անդամ Սվետլանա Աւագեան. անոր հոգեհանգիստը տեղի ունեցած է 7 Մարտին, իսկ թաղումը պիտի կատարուի 8 Մարտին։
Ան ծնած է 1935ին, Թիֆլիս: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական կաճառի ռուսական բաժինը: Երկար տարիներ աշխատած է համալսարանի հրատարակչութեան մէջ՝ որպէս աւագ խմբագիր: Միաժամանակ աւարտած է Մոսկուայի Հրատարակչութիւններու հիմնարկի բարձր որակաւորման դասընթացքը: Ս. Աւագեանի թարգմանութիւններուն շնորհիւ ռուս ընթերցողը ծանօթացած է հայ ժամանակակից գրողներու ստեղծագործութիւններուն, որոնք լոյս տեսած են ռուսական տարբեր հանդէսներու, նաեւ «Լիտերատուրնայա Արմէնիա» ամսաթերթին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ առանձին գիրքերով: Հանրապետական թերթերու մէջ տպագրուած են անոր ստորագրութիւնը կրող եւ հայ արուեստագէտներու նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներ, ակնարկներ, հարցազրոյցներ: Հրատարակած են նաեւ «Ակնթարթներ Եւ Յաւերժութիւն», «Մենակութիւն», «Տարբեր Ճակատագրերում», «Միայն Տասը» յուշագրութիւնները: 2010ին ան արժանացած է Հայաստանի Գրողներու միութեան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի «Կանթեղ» թարգմանական մրցանակին: