22 Փետրուարին, կեանքէն հեռացագ ականաւոր գիտնական, աստղաֆիզիքոս, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի ակադեմիկոս Գրիգոր Արամի Գուրզադեանը: Ան 92 տարեկան էր: Գուրզադեան մաս կազմած է Բիւրականի աստղադիտարանի հիմնադիրներու խորհուրդին: Ան գլխաւորեց հրթիռային արհեստագիտութեան կիրառութեան հետազօտութիւնները: Անոր անուան հետ կապուած է աշխարհի մէջ առաջին արբանեակային աստղադիտարանի ստեղծումը: Գուրզադեանի ղեկավարութեամբ պատրաստուած են նախաթռիչքային տասնեակ տիեզերագնացութիւններ: Հասարակութեան ծանօթ են անոր փիլիսոփայական գիրքերը, նուիրուած գիտութեան, արուեստին, ճարտարապետութեան: Գուրզադեան պարգեւատրուած է Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով:
Հայաստանի վարչապետին որոշումով ստեղծուած է կառավարական յանձնաժողով՝ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Ա. Աշոտեանի գլխաւորութեամբ: