ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կեանքէն հեռացաւ Հայաստանի «Մովսէս Խորենացի» մրցանակի մետալակիր, Ֆրանսայի պատուոյ լեգէոնի շքանշանակիր քանդակագործ Թորոս Ռասթկելենեան, որ հանրութեան լայն շրջանակին ծանօթ է Ռասթ-Կլան անունով։
Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է ֆրանսահայ լրագրող Գրիգոր Ամիրզայեան:
Թորոս Ռասթկելենեան ծնած է 1934-ին, Սուրիա: Հեղինակին` Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող քանդակները տեղադրուած են Ֆրանսայի զանազան քաղաքներու մէջ: Ռասթկելենեան սիրահարած էր արդարութեան եւ ազատութեան գաղափարներուն, զորս արտայայտած է իր քանդակներուն մէջ։
2015-ին քանդակագործը այցելեց Հայաստան: Հայաստանի անկախութեան 24-րդ տարեդարձին առիթով Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին նուիրեց Կոմիտաս վարդապետին քանդակը:
«Կոմիտասը մեզ լուսաւորեց, եւ մեր պարտականութիւնն է միշտ յիշել եւ վառ պահել անոր յիշատակը: Մենք առաւելութիւն ունինք այլ ազգերու նկատմամբ, որովհետեւ մեր ազգին ամէն մէկ ստեղծագործութեան մէջ կայ ազգային ոճը», ըսած էր Թորոս Ռասթկելենեան: