Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը Արցախի տարածքը կը բնակեցնէ Սուրիայէն գաղթած հայերով:
Ըստ Մամետեարովի, «բռնագրաւուած» տարածքներու մէջ սուրիահայեր բնակեցնելու քաղաքականութիւնը եւ ժողովրդագրութիւնը նպատակաուղղուած կերպով փոխելու փորձերը միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտումներ են, ան այս յայտարարութիւնը կատարած է երկուշաբթի Պաքուի մէջ Վատիկանի պետութեան հետ կապերու քարտուղար, Փոլ Ռիչարտ արքեպիսկոպոսին հետ հանդիպումի մը ընթացքին:
Մամետեարովի յայտարարութեան արձագանգած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան, որ ըսած է. «Արցախի մէջ սուրիահայերու զանգուածային բնակեցման մասին խօսելու կարիք չկայ: Խօսքը կը վերաբերի քանի մը տասնեակ մարդոց մասին, որոնք իրենց մաշկին վրայ զգացած են Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի սարսափները, եւ Արցախի իշխանութիւնները ապաստան տրամադրած են անոնց:
«Բնականաբար, մենք չէինք կրնար անտարբեր ըլլալ Սուրիոյ մեր հայրենակիցներու ճակատագիրին հարցով: Ինչ կը վերաբերի Պաքուի մեղադրանքներուն, ապա մենք զարմացած չենք: Խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնը խրախուսող, այլատեացութիւն եւ հայատեացութիւն սերմանող պետութիւնը այլ ձեւով չէր կրնար արձագանգել», ըսած է Բաբայեան: