Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
«Յառաջ», 20 ապրիլ 2021
***Մի՛այն…յատկապէ՛ս, մա՛նաւանդ
—Ուրախութեամբ կը նկատեմ, որ ճիշդ շեշտադրուած է «մի՛այն» բառը: Ներկայ տուեալներով՝ «Յառաջ»-ը սփիւռքահայ միակ լրագիրն է, որ ճիշդ կը շեշտադրէ զայն, թող որ ան միշտ ալ հակամէտ եղած է բարելաւելու իր լեզուն եւ ուղղագրութիւնը:
Այսպէս, այն քիչերէն է «Յառաջ-ը, որ կը զանազանէ միութեան՝ – եւ անջատման՝ − գիծերը, ճիշդ կը հոլովէ ամառ-ամռան, ձմեռ-ձմռան, դուռ-դռան, լեռ-լեռան, մատուռ-մատռան բառերը, ճիշդ կը տողադարձէ «ուա» երկբարբառը՝ զար-նուած, յար-գուած, մար-սուած, Ճիշդ կը կատարէ յոգնակին՝ յատկանիշ-յատկանիշեր, ծրագիր-ծրագրեր եւ այլն:
—Ճիշդ շեշտադրած է նաեւ մա՛նաւանդ:
—Սխալ է յատկապէ՛ս-ը. պէտք է ըլլայ յա՛տկապէս, նաեւ՝ յա՛տկաբար-քա՛ջաբար, յա՛տկօրէն-քա՛ջօրէն, հի՛նգերորդ, տա՛սներորդ եւ այլն:
***Պղինձը կը վերամշակուի՝ կը դառնայ հաղորդալար եւ տասնեակ մը այլ արտադրանքներ, արեգակնային վահանակներ:
—Վահանակներ պէտք է դրուէր հաղորդալար-ին կից, համադասուէր անոր, քանի այս եկուքը ծանօթ արտադրանքներ են, ապա միայն յիշուէր «այլ արտադրանք»՝ իբրեւ անանուն, ընդհանրացնող հասկացութիւն:
Այիսնքն՝ «Պղինձը կը վերամշակուի՝ կը դառնայ հաղորդալար ու արեգակնային վահանակ եւ տասնեակ մը այլ արտադրանքներ»:
Կը նմանի ըսելու՝ «հաղորդալար, վահանակ եւ այլն»: Մինռդեռ ըսուած է՝ «հաղորդալար եւ այլն, վահանակ», որ տրամաբանական կառոյց չէ:
«Նոր օր», 14 ապրիլ 2021
***Մեվլուտ Չավուշօղլուն[1]
—Օտար անուն մը արձանագրելու առթիւ ոմանք կը կարծեն, թէ պէտք է փոխել, օտարացնել նաեւ հայերէնի ուղղագրութիւնը, մինչդեռ ամէն օտար բառ ինք պարտի ենթարկուիլ հայերէնին այնքան ատեն, որ…հայերէն կը գրենք. ուրեմն՝ Մեւլուտ Չաւուշօղլուն:
*** «Ասիկա քաղաքականութեան մեծ փոփոխութիւն մըն էր, երբ անիկա յայտնեց…»:
—Արեւմտահայերէնը տափակցնող, հասարակցնող, ռամկացնող են ասիկա, ատիկա, անիկա դերանունները, որոնք ձիւթի պէս կը դառնան ոմանց բերնին մէջ եւ որոնց չարաշուք ներկայութենէն պարտինք խուսափիլ գոնէ այնքան, որքան կարելի է: Եւ կարելի՛ է, եթէ փորձենք. օրինակ. «Քաղաքականութեան մեծ փոփոխութիւն մըն էր այս, երբ ան յայտնեց…»:
Չէ՞ք կարծեր, թէ հայերէնը քիչ մը աւելի ազնուացաւ այս ձեւով…
***«Երկու օրեր առաջ, Եգիպտոս արտօնութիւն շնորհած էր…»:
—Ահաւոր բեռ մըն է «երկու օրեր»-ը՝ յոգնակի. կը բաւէ գրել՝ «երկու օր»:
—Ասկէ բացի ստորակէտը բոլորովին աւելորդ է:
«Պայքար», 18 ապրիլ 2021
***«Պայքար»-ը իր թիւերէն մէկուն մէջ գործածած կ’ըլլայ «հեռուստաաստղ» բառը՝ հետեւողութեամբ արեւելահայերու, եւ ահա բժ. Յակոբ Այնթապլեան կը փութայ նամակով մը նկատել տալ (էջ 14), որ «Պայքար», հակառակ իր բծախնդրութեան, կիրարկած է այս «խեղաթիւրուած բառը», որուն ճիշդը պէտք է ըլլար «հեռուստացուցաստղ»:
—Սկսելու համար ըսենք, որ երկուքն ալ…անճաշակ են, մէկը ա՛ռ միւսին զա՛րկ, միայն թէ երկրորդը՝ առաջինէն անհամեմատօրէն աւելի…Այնպէս որ հարկադրուած պիտի յօժարինք հայաստանեանին՝ հեռուստաստղ-ին:
Գալով յարգելի բժիշկին առարկութեան, ապա պարտինք նկատել տալ հետեւեալը. հեռուստ բաղադրիչը, ի պահանջել հարկին, շատ դիւրաւ կրնայ թելադրել հեռուստացոյց-ը. լեզուն եւ մարդկային միտքը այդքան վերացարկումի ի վիճակի են: Հեռու չերթանք, մենք թագուհի կ’ըսենք եւ կը հասկնանք…թագաւորուհի եւ ոչ թէ «էգ թագ մը», ինչպէս կը նշանակէ այդ բառը: Երբեք պէտք չէ կասկածիլ, որ մեր հեռաւոր նախնիները նախ ըսած են թագաւորուհի, սակայն ժամանակին հետ բառս թուած է տափակ, ծանծաղ, հակագեղագիտական, եւ զայն դարձուցած են թագուհի՝ կարճ, կոկիկ, բարեհունչ: Չմոռնանք, լեզուներու մէջ գերիշխող արժէքը գեղեցիկն է, քան թէ…ճիշդը: Հոն, ուր ճիշդն ու գեղեցիկը կը մրցին եւ հարկ կը ներկայանայ ընտրութիւն մը կատարելու, յաղթական կ’ելլէ գեղեցիկը, բարեհունչը, կոկիկը: Այսպէս է աշխարհի բոլոր լեզուներուն մէջ, այսպէս է նաեւ հայերէնի մէջ:
Եւ ճիշդ այս պատճառով ալ աշխարհի բոլոր լեզուները գեղեցիկ են:
Կրկնելու ի գին բերեմ այնքան տարածուած bus բառին օրինակը:
19-րդ դարուն, երբ անձնական ինքնաշարժին յաջորդեց հանրութեան ծառայող բազմաթոռ կառքը, այս վերջինը նախ կոչուեցաւ currus (կառք) omnibus (հանուրին), որ բառացի կը նշանակէ «հանուրին [ծառայող] կառք», ճիշդ ա՛յն, որ այսօր մենք հաւատարմօրէն կը կոչենք ամենակառք կամ հանրակառք, մինչ եւրոպական լեզուներուն մէջ այդ բառակապակցութիւնը մաշեցաւ-մաշեցաւ ու տուաւ…bus, որ omnia բառի սեռականի հոլովական մասնիկն է միայն. այսինքն՝ եթէ վերածենք հայերէնի, ապա ան համարժէք է մեր ուն մասնիկին (ամէն+ուն):
Ի՞նչը մղեց եւրոպացին, որ ամբողջ բառակապակցութիւն մը այսպէս տրորէ, ամփոփէ-ամփոփէ ու վերածէ անիմաստ մասնիկի մը եւ զայն յատկացնէ փոխադրա-կառքին: Կարելի է վստահօրէն ըսել, որ նախ եւ առաջ գործեց գեղագիտական զգացողութիւնը, որ, չզարմանանք, ամէն ցեղի մէջ տարբեր դրսեւորում ունի: Ես կը հաւատամ, որ հայերէնը ոչ մէկ ատեն պիտիի «ուն» արտասանէ եւ…հանրակառք հասկնայ: Բայց ահա եւրոպացիին ճաշակը կը թոյլատրէ այդ մէկը:
[1] Այս թրքատիպ բարբարոսութեան մեծ ախոյեանը «Մարմարա»-ն է, որ կը գրէ Մէվլիւտ Չավուշօղլու: