Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
«Հորիզոն» (26 ապրիլ−3 մայիս)
***«Թիւ 205-րդ օրինագիծը, զորս հովանաւորած էր պահպանողական պատգամաւորը…»:
—Սովորական թիւերը դասականացնելու երկու ձեւ ունի հայերէնը.
ա) Ընդհանրապէս տուեալ թիւին ետեւը կ’աւելցնենք -րդ մասնիկը. օրինակ՝ 5-րդ, 37-րդ, 251–րդ եւ այլն: Կ’արտասանենք՝ հինգ-երորդ եւ այլն:
բ) Տուեալ թիւին առջեւ կ’աւելցնենք թիւ բառը. օրինակ՝ թիւ 5, թիւ 37, թիւ 251:
Օրինակ՝ ես գրաւեցի թիւ 5 սենեակը: Ոչինչ կ’արգիլէ որ լման տառերով գրենք՝ թիւ հինգ…:
Այս տուեալներով՝ սխալ է գրել «թիւ 205-րդ», այլ խօսքով՝ երկու անգամ դասականացնել նոյն թիւը: Պէտք է ընտրել մէկը կամ միւսը:
—զորս հովանաւորած էր…
Պէտք է ըլլայ զոր՝ եզակի, քանի օրինագիծ յարաբերեալը եզակի է:
***25-րդ ամեակը…
Նախորդին մէկ տարբերակն է այս ալ, որ իր կարգին շատ յաճախուած սխալ մըն է: Այս եւս կրկնակ դասականացումի մէկ ձեւ է:
Արդեարեւ, -ամեակ բաղադրիչը առանձին ցոյց կու տայ տարեդարձ մը՝ ծննդեան, հիմնադրութեան, անկախութեան կամ գերութեան, որեւէ այլ բանի: Օրինակ՝ «անկախութեան 25-ամեակը» կը նշանակէ 25-րդ ամը՝ տարին, տարեդարձը: Հետեւաբար չենք կրնար դառնալ մէյ մըն ալ աւելցնել -րդ դասական մասնիկը եւ ըսել՝ 125-րդ ամեակ:
Չմոռնանք մանաւանդ, որ –ամեակ բաղադրիչը անկախ կիրարկութիւն չունի, միշտ կախեալ է թիւէ մը, ճիշդ -րդ մասնիկին պէս, որ -երորդ կ’արտասանուի:
***Ալիեւեան նկրտումներ…
—Այստեղ կը գտնենք ներկայիս շատ ընդհանրացած սխալ մը. երբ յատուկ անուն մը ածականի կը վերածուի, ան կը կորսնցնէ իր յատկութիւնը, կը վերածուի հասարակ բառի, որ այլեւս չի գլխագրուիր. ուրեմն՝ Ալիեւ-ալիեւեան, Սուրիա–սուրիական, Անի-անեցի, Վան-վանեցի եւ այլն:
Այս սխալը շատ աւելի յաճախական է, երբ յատուկ անունը նուիրականութիւն ունի, օրինակ՝ Աստուած-աստուածային, Հայաստան-հայաստանեան եւ այլն:
«Հասկ»-ը անշեղօրէն կը գլխագրէ Աստուած-Աստուածային:
Չմոռնանք՝ յատուկ անուններ կան, սակայն յատուկ ածական չկայ:
«Յուսաբեր» (28-4-21)
***Պայմանագրերը … պայմանագիրները (էջ մէկ)
—Այս երկուքէն, որոնք կը գտնուին նոյն յօդուածին մէջ, առաջիննն է ճիշդը:
Երբ գիր արմատով վերջացող բարդ բառը ինչ-որ «գրութիւն» ցոյց կու տայ, ապա յոգնակին կը կազմէ եր-ով. օրինակ՝ օրագիր-օրագրեր, բեւեռագիր-բեւեռագրեր, մեhենագիր-մեհենագրեր, բարեւագիր-բարեւագրեր, ծրագիր-ծրագրեր, ճակատագիր-ճակատագրեր եւ այլն:
Իսկ երբ այդ գիր արմատը «գրող» ցոյց կու տայ, յոգնակին կը կազմէ ներ-ով. օրինակ՝ պատմագիր-գպատմագիրներ, խմբագիր-խմբագիրներ, յօդուածագիր-յօդուածագիրներ, նամակագիր-նամակագիրներ, նաեւ՝ վիպագիրներ, բառարանագիրներ եւ այլն:
***նէօ-իսլամ
—Սա neo-islam(ism)-ի տառադարձութիւնն է:
Բնագրին neo արմատը երկվանկ է՝ ne-o, մինչ հայերէն «նէօ» միավանկ է եւ ուրիշ արտասանութիւն ունի. քմային օ մըն է ան եւ հաւասար է ֆրապսերէնի eu-ին (feu, deux, peut) եւ գերմաներէնի ու թրքերէնի ö-ին: Ուրեմն՝ պէտք է գրել նէո-իսլամ, ուր նէ-ո երկվանկ է: Այս էո երկբարբառը շատ սովորական է հայերէնի մէջ. օրինակ՝ Գէորգ, Թադէոս, Արգէոս, լեգէոն եւ այլն:
«Ապագայ» (26-4-21)
***Իսրայէլի պետութիւնը, շահարկումի դրած է ցեղասպանութիւնը…
—Ենթական եւ ստորոգիչը (դիմաւոր բայը) ստորակէտով տրոհելու անհանդուրժելի սովորութիւնը հետզհետէ հող կը շահի, տուն-տեղ կ’ըլլայ, կ’աճի ու կը բարգաւաճի. Tut-Ankh-Amon-ի բարբառով՝ աճ-ուճա…
***Այդ յիշատակութիւնը քաղաքական հաշուարկումներո՞վ կը կատարուի թէ` իբրեւ յարգանք մեր նահատակներուն:
—Իսկ ան կը զլացուի հոն, ուր պարտի ներկայ ըլլալ. «Այդ յիշատակութիւնը քաղաքական հաշուարկումներո՞վ կը կատարուի, թէ՞ իբրեւ յարգանք մեր նահատակներուն»:
***«Ճանաչումը պիտի գայ ամբողջացնելու երկրի օրէնսդիր ժողովին կողմէ առնուած քայլը»:
—Չեմ գիտեր ուրկէ՞, ինչպէ՞ս յառաջացաւ վերջին տարիներուն հայերէնը կրաւորական կառոյցներով խճողելու մոլորութիւնը, որ ահաւոր չափերու հասած է, երբեմն ուղղակի ախտագին է երեւոյթը: Ըստ ոմանց՝ ռուսերէնն է աղբիւրը:
Այսպէս, մէջբերուած օրինակը կարելի էր վճիտ հայերէնով ալ շարադրել.
« Ճանաչումը պիտի գայ ամբողջացնելու երկրի օրէնսդիր ժողովի առած քայլը»:
—«Լաւագոյնը կ’արտադրէ Աֆէեանի կողմէ հաստատուած ընկերութիւնը»:
«Լաւագոյնը կ’արտադրէ Աֆէեանի հաստատած ընկերութիւնը»:
—«Նախագահը Թուրքիոյ կողմէ կատարուած կոտորածը կոչեց իր անունով»:
«Նախագահը Թուրքիոյ կատարած կոտորածը կոչեց իր անունով»:
***«Պիտի յիշենք մեր ահաւոր եղեռնին 106-րդ ամեակը»:
—Այս մասին արդէն խօսուեցաւ վերը, սա իր կարգին կը հաստատէ պարզապէս աղաւաղ ձեւի ստացած տարողութիւնն ու ժողովրդականութիւնը:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան