«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 106-րդ լսարանի ծիրին մէջ երէկ` չորեքշաբթի, 29 յուլիս 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտաքեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Պատմութեան փոխուող մեկնաբանութիւնները. օրինակներ հայոց անցեալէն»:
«Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաները, ապա հրաւիրեց օրուան դասախօս դոկտ. Արա Սանճեանը, որ իր նիւթը սկսաւ Փիթըր Կայլի նշանաւոր խօսքով, թէ «Պատմութիւնը անվերջ բանավէճ է», ապա` առաջ քաշեց Կայլի ներկայացուցած խնդիրները, թէ պատմագիտական բոլոր երկերը անցողիկ են, եւ թէ անկարելի է բոլոր ժամանակներուն համար վերջնական նկատուող պատում մը ունենալ: Ըստ Կայլի, ըսաւ Սանճեան, բոլոր պատմաբանները` իրենց երկերը շարադրելու ժամանակ, կ’ազդուին իրենց ժամանակաշրջան`ի տրամադրութիւններէն: Անոնք պէտք է ձգտին իրենց համոզումներուն նկատմամբ քննական մօտեցում ցուցաբերել եւ նոյնը յորդորել իրենց ընթերցողներուն:
Դոկտ. Արա Սանճեան լսարանին ներկայացուց այն բոլոր ազդակները, որոնք կը պայմանաւորեն պատմաբանին յանգելիք եզրակացութիւնները եւ արժեւորումներու ու մեկնաբանութիւններու փոփոխութիւնները: Ան անդրադարձաւ հայ պատմագրութեան գլխաւոր երեք հանգրուաններուն` երեւան հանելով իւրաքանչիւր հանգրուանի աշխարհահայեացքի փոփոխութիւնները` Մովսէս Խորենացի (Ժ.-ԺԸ. դարեր), Հ. Միքայէլ վրդ. Չամչեան (մօտ 1785-1885), պատմականութեան կամ «ռանքէական» ժամանակաշրջան (1885-էն առ այսօր), ապա իբրեւ օրինակ մէջբերեց Լէոյի խօսքը Չամչեանի մասին. «Յիսուն տարի առաջ հայոց պատմութիւն գրողի գործը շատ հեշտ էր: Եթէ մեր բազմաթիւ մատենագիրներին դիմելու ու նրանցից նիւթեր քաղելու յօժարութիւնը չկար, բաւական էր եւ Չամչեանը® Պատմութիւնը հասկացւում էր այնպէս, ինչպէս հասկացել էր Չամչեանը®»: Դոկտ. Արա Սանճեան հաստատեց, որ ժամանակի ընթացքին, կ’աւելնայ ուսումնասիրուող նիւթին վերաբերող «հում» տեղեկութեան քանակը, ի յայտ կու գան նոր փաստեր, նոր ապացոյցներ, եւ անոնք կը նպաստեն, որ պատմաբանները նոր հայեացքով նային նոյն պատմական իրողութեան եւ մինչ այդ տրուած գնահատականներուն: Ան օրինակ տուաւ նշելով, թէ Խորենացիի գործին մէջ չէ յիշատակուած Ուրարտուն, ոչ ալ Չամչեանի գործին մէջ` Իսրայէլ Օրին:
Դոկտ. Սանճեան ըսաւ նաեւ, թէ ժամանակի ընթացքին, պատմագիտական մեթոտաբանութեան վրայ կ’աւելնայ յարակից գիտակարգերու ազդեցութիւնը, ինչպէս` աղբիւրագիտութիւն, հնագիտութիւն, դրամագիտութիւն, լեզուաբանութիւն, ծագումնաբանութիւն, տնտեսագիտութիւն, ազգագրութիւն, աշխարհագրութիւն եւ այլն:
Ան մանրամասն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս նոր մեծ պատմումներ (metanarrative) կը ձեւաւորուին ընդհանուր, գաղափարախօսական, նոր արժեհամակարգերու յառաջացման պատճառով: Նոր հարցադրումներու եւ նոր մօտեցումներու պատճառով կը վերարժեւորուին անցեալի կարծրացած պատմումները: Ան օրինակ տուաւ ազգայնականութեան գաղափարի եւ մարքսականութեան մասին:
Դոկտ. Սանճեան օրինակներով ներկայացուց նաեւ հայ ժողովուրդի ծագման հարցին մասին եղած մեկնաբանութիւնները` Խորենացիէն մինչեւ այսօր: Ան անդրադարձ մը կատարեց , թէ ինչպէ՛ս պատմութեան հորիզոններուն մէջ նախապէս լուսանցքայնացուած հասարակական խաւերու ներկայացուցիչներ կը սկսին համալրել պատմաբաններուն շարքերը: Ան անդրադարձաւ նաեւ ապագայի կերտման մէջ ստորին դասակարգերու, ցեղային փոքրամասնութիւններու, իգական սեռի եւ սեռական փոքրամասնութիւններու աշխարհահայեացքին, դերին ու ներգործութեան:
Ան արագ ակնարկ մը նետեց խորհրդային ժամանակաշրջանի առանձնայատկութիւններուն, թէ գաղափարական-դասակարգային շղարշով պետական միջամտութիւնը ինչպիսի՛ն եղած է Հայաստանի ստրկատիրական հասարակարգի գոյութեան փաստին մասին եւ կամ արեւմտահայ ազգային-ազատագրական շարժման մասին: Ապա հարցադրեց, թէ ինչպիսի՞ն է կացութիւնը այսօր` խորհրդային պետութեան անկումէն գրեթէ քառորդ դար ետք:
Դոկտ. Արա Սանճեան աւարտեց նիւթին ներկայացումը հաստատելով, որ վերջնական պատմութիւն մը գրելու հարց չկայ երբեք, հիմնականը այն է, թէ յաջորդ սերունդները ինչպէ՛ս կը նային անցեալին, իսկ գերիշխող բոլոր տեսակէտները ժամանակի ընթացքին կը հիննան ու կը փոխուին:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում` արծարծուած հարցերուն շուրջ: