Երէկ` չորեքշաբթի, 12 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մամլոյ 85-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Գիւղատնտեսութեան բարեկարգման հարցը Արեւելեան Հայաստանի մէջ` 1917-1920»: Զեկուցաբերն էր Միշիկընի համալսարանի (Տիրպոռն) դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան:
Լսարանի բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն ժաք Յակոբեան, որ նշեց, թէ 1917-1920 ժամանակաշրջանը իր իւրայատուկ բնութագիրները ունի: Այդ ժամանակաշրջանին Արեւելեան Հայաստանը, Ցարական կայսրութեան անկման լոյսին տակ եւ անկախութիւնը պահելու թոհուբոհին մէջ, մեծաւ մասամբ կը գտնուէր երկրագործական երկիր մը ըլլալու վիճակին մէջ:
Յակոբեան աւելցուց, որ 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնումով այդ հանրապետութեան հիմնադիրները նոր պետութեան կառոյցները ստեղծելու հետ մէկտեղ կարեւորութիւն ընծայեցին նաեւ հողային հարցին` գիւղատնտեսական բարեկարգումին ընդմէջէն:
Ապա դոկտ. Արա Սանճեան ներկայացուց Համաշխարհային Ա. պատերազմին պատճառով եւ պատերազմէն ետք գիւղատնտեսական վիճակը: Ան նշեց, որ Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէն Անդրկովկասի մէջ երկրամասային եւ տեղական հողային կոմիտէներու մասին կանոնագրութիւն պատրաստած է: Անդրկովկասեան կոմիսարիատի եւ Անդրկովկասեան Սէյմի բարեկարգման հարցերուն անդրադառնալէ ետք, դոկտ. Սանճեան նշեց, որ 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծրագիրին մէջ հողային հարցերը տեղ չունէին, քանի որ այդ օրերուն առաջնահերթութիւնները եւ պահանջները տարբեր էին:
Դոկտ. Արա Սանճեան ըսաւ, որ 6 դեկտեմբեր 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանը ուժի արժէք տուաւ հողային բարեկարգումներու հետ առնչուած Անդրկովկասեան Սէյմի ծրագիրին, մինչ Ալեքսանտր Խատիսեանի վարչապետութեան շրջանին` օգոստոս 1919-ին խոստում տրուեցաւ շարունակելու հողային բարեկարգումները, եւ սկսան գործել հողային կոմիտէները այն շրջաններուն մէջ, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը իր ամբողջական վերահսկողութիւնը ունէր:
Սանճեան շեշտեց, որ քեմալական պատերազմին պատճառով ծրագիրը դադրեցաւ, եւ պայմանները փոխուեցան: Անդրադառնալով այսօրուան կացութեան` դոկտ. Արա Սանճեան նշեց, որ այսօր հողի սեփականութիւններու կուտակումներ գոյութիւն ունին եւ այսօրուան կառավարութիւնը հարց չի նկատեր այս վիճակը` յայտնելով, թէ ազատ վաճառք գոյութիւն ունի: Սանճեան ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ այս ընթացքը կը ստեղծէ ընկերային-տնտեսական բազմաթիւ հարցեր ու խնդիրներ:
Զեկուցումին ընթացքին Սանճեան նաեւ խօսեցաւ 1917-1920 թուականներուն գաղափարախօսութիւններու տարբերութիւններուն, քաղաքական հարցերուն, կուսակցութիւններու գործունէութեան, շրջանային յարաբերութիւններուն, Հայաստանի արխիւներուն եւ այլ խնդիրներու մասին:
Աւարտին, ներկաները հարցումներու ընդմէջէն նիւթին շուրջ ստացան յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ: