Խմբագրական – ԱԶԱՏ ԽՕՍՔ
Մամուլը հզօր ու ազդեցիկ ոյժ է՝ հաղորդակցութեան եւ հրապարակայնութեան մեր ժամանակներուն: Ընթացիկ դէպքերու եւ իրադարձութիւններու չոր արձանագրումը ըլլալէն աւելի ու գերիվեր, մամուլը կը դիտէ ու կը դատէ, կը վերլուծէ օրուան հրատապ խնդիրները, կ’արծարծէ նոր միտքեր ու գաղափարներ, կ’ուղղորդէ հանրային կարծիքը: Ան ժամանակի շունչն է ու ոգին, հաւաքականութեան բազկերակը, անոր խղճի ձայնը, անոր ազգային դաստիարակութեան հզօր գործօնը…
Հայ կեանքին մէջ, սփիւռքեան իրականութենէն ներս ի մասնաւորի, նշանակալից դերակատարութիւն ունի ան, որպէս այն տարածքը, այն հանդիպման վայրը, ուր մենք կը խօսինք մեր մասին, հայ կեանքին մասին, զայն յուզող խնդիրներուն մասին, կ’արտայայտենք կարծիքներ, կ’ընենք դատումներ, շաղկապելով մեզ իրարմէ տարանջատող միջոցը՝ սփիւռքները իրարու եւ սփիւռքները մայր հայրենիքին, այսինքն՝ ան կը դառնայ ոչ միայն մեզ միաւորող ազդակ, այլ նաեւ՝ սփիւռք-սփիւռք եւ սփիւռքներ-հայրենիք ինքնաճանաչման բեմ:
Անհրաժեշտ է որ մամուլը ըլլայ ազատ եւ անկախ, անաչառ եւ անկողմնակալ, չըլլայ ան հակակշիռին տակ վարչախումբի մը, կուսակցութեան մը, խմբակի մը, դրամատէրի մը, որ զայն օգտագործեն որպէս իրենց քարոզչական բեմը, իրենց խօսափողը, որպէս պատուէր կատարող գործիք,…: Հոս պիտի ընդգծել որ մամուլին առաքինութիւնն ու առաքելութիւնն է ազատութիւնը:
Ազատ խօսքը, սակայն, կրնայ բխիլ միայն ազատ միտքէ, ազատ մտածողութենէ, որ կարենայ շրջանցել տիրող աշխարհակարգի կամ վարչակարգի հաստատած մտային կաղապարները, կարծրատիպերը, կարենայ քննութեան տակ առնել կամ քննադատել տնտեսաքաղաքական համակարգի արժէքային դրութիւնը, գործելակերպի եղանակները եւ ամէն բան որ կապ ունի հասարակութեան հաւաքական կեանքին հետ….: Ազատ միտք եւ մտածողութիւն՝ որ կարենայ ան անաչառ կերպով յայտնաբերել ճշմարտութիւններ, նոյնիսկ եթէ դառն ըլլան անոնք, ախտանշել մեր վէրքերն ու արատները, բացթողումներն ու սայթաքումները եւ խթանել ազգային նորոգ ինքնաճանաչում ու ինքնագիտակցութիւն….դառնալ արթնացման ղօղանջ, ինքնախաբէութեան, պատրանասիրութեան եւ անտարբերութեան թմբիրին դիմաց…
Կ’արժէ այստեղ յիշատակել 18-րդ դարու ֆրանսացի մեծ իմաստասէր Վոլթէրի խորիմաստ խօսքը. «Կրնամ համաձայն չըլլալ կարծիքիդ, բայց կեանքիս գնով պիտի պաշտպանեմ զայն բարձրաձայնելու իրաւունքդ»: Ասկէ կը բխի բազմակարծութեան կարեւորութիւնը, քանզի ոչ մէկը կրնայ բացարձակատէրը ըլլալ ճշմարտութեան, որուն կարելի է հասնիլ կարծիքներու առողջ բանավէճով, միտքերու եւ տեսակէտներու առողջ բախումով, կառուցողական քննադատութեամբ միայն: Իսկ եթէ մամուլը կը հակակշռուի իշխանութեան մը կողմէ, ո՛վ ալ ըլլայ ան, եւ արգելքներ կը դրուին անոր բազմակարծութեան առջեւ, ան կը դառնայ պատուէր կատարող գործիք, եւ կը ստեղծուի այնպիսի ընկերութիւն մը, ուր կաշկանդուած է մտածելու, ընտրելու, դատելու իրաւունքը…
Հոս կարելի է աւելցնել որ ընկերութիւն մը, հաւաքականութիւն մը ա՛յն է, ինչ որ է իր մամուլը, մամուլին մէջ ներառելով՝ ձայնասփիւռ, հեռուստացոյց եւ թերթ, ինչպէս նաեւ ընկերային կայքերը: Ազատ մամուլը ծնունդ կու տայ կամ կը կազմաւորէ ազատ ընկերութիւն: Անազատ մամուլը՝ ստրկամիտ հաւաքականութիւն մը: Այլ խօսքով, ազատ մամուլը կ’ազատագրէ, իսկ ստրկացուած մամուլը կը ստրկացնէ այն հաւաքականութիւնը, որուն կը ծառայէ ան:
Ազատութիւն չի նշանակեր երբեք սանձարձակութիւն, անպատասխանատւութիւն: Ընդհակառակն. ազատութիւնը պատասխանատւութիւն եւ յանձնառութիւն է առաջին հերթին, եւ կը պահանջէ որ լրագրողը ըլլայ բանիմաց, լաւատեղեակ, հմուտ եւ գիտակից, օժտուած ըլլայ անաչառ եւ կշռադատ բանականութեամբ ու խղճմտանքով… , որպէսզի չիյնայ ան կամայականութեանց, խեղաթիւրումներու գիրկը…
Ազատութեան ծիրէն ներս, մամուլը պիտի ունենայ քննադատելու առաքինութիւնը, պիտի կարենայ բարձրաձայնել հայ կեանքին մէջ յամեցող յոռի երեւոյթները՝ նեղ-հատուածական, նեղ-խմբակային եւ մենատիրական դրսեւորումները, կամայական վարքագիծը, փտածութեան երեւոյթները թէ այլ եւ դառնալ ազդու հակակշիռ, տեսակ մը չորրորդ իշխանութիւն՝ հայ կեանքը ղեկավարելու դեր ստանձնած անձանց համար:
Սա որոշապէս կրնայ ազդակ դառնալ որ տակաւ մեր մօտ կազմաւորուի համահայկական լայնախոհ մտածողութիւն, համահայկական համախոհութիւն ինչ կը վերաբերի համահայկական հիմնահարցերուն՝ հայոց երկրին եւ հայութեան լինելութեան եւ անոնց անվտանգ զարգացման հետ կապուած, որոնց կարեւորագոյններն են որոշապէս՝ հայոց հայրենիքի անվտանգ յարատեւումն ու հզօրացումը, ազգային պետականութեան ազատ եւ արդար կայացումն ու հզօրացումը, հայոց լեզուի, մշակոյթի, ազգային ինքնութեան, հոգեմտաւոր եւ բարոյական արժէքներու կենսունակ պահպանումը, Արցախի եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը, Սփիւռքի կամ սփիւռքներու վերակազմակերպման խնդիրը, Հայաստան-Սփիւռք կապերու սերտացման եւ արդիւնաւորման հարցը:
Եւ այսպէս, մամուլը կրնայ լիարժէք կատարել իր կոչումը՝ ԼՈՒՍԱԲԱՆԵԼՈՒ հանրութիւնը, եթէ ըլլայ ազատ, անաչառ, պատասխանատու եւ յանձնառու: «Լուսաբանել» բառը ինքնին, կազմուած ըլլալով «լոյս» եւ «բան» բառարմատներէն, տառացիօրէն կը նշանակէ բանով կամ խօսքով լուսաւորել: Իսկ խօսքը ազդեցիկ հզօր ոյժ է՝ «Ի սկզբանէ էր Բանն», ունի ան էական դերակատարութիւն ուղղորդելու մեզ ազգաին ինքնաճանաչման եւ ազգային ինքնագիտակցութեան ընթացքին մէջ, թէ ո՞վ ենք մենք այսօր, ո՞ւր ենք եւ ո՞ւր կ’երթանք հարցադրումներով արտայայտուած…
Դիպուկ են Գարեգին Նժդեհի խորիմաստ խօսքերը ուղղուած հայ մտաւորականութեան, որոնք կը հնչեն պատգամի մը խորութեամբ եւ իմաստով. «Հիմա (մեզի) պէտք է վերադաստիարակիչ հրապարակախօսութիւն:
Հրապարակախօսութիւն, որ անսխալ կերպով ախտանշէ մեր ցեղին հոգերը եւ արմատական միջոցներ առաջարկի…, որ լուսաբանի մեր ժողովուրդի կնճիռները, որ կռահի իր ժողովուրդին սպառնացող վտանգը եւ դառնայ նրա հոգեւոր սպառազինումի ահազանգը,…մինչեւ որ հայութիւնը՝ խրոխտաբար կանգնած իր բարձրաւանդակին վրայ ապացուցէ աշխարհին, թէ ինքը արի է- տէրը իր հայրենիքին եւ ճակատագրին»:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ