Տպագրութեան յանձնուած է Վարդան Օսկանեանի յուշագրութեան գիրքը, որ վերնագրուած է «Անկախութեան Ճանապարհով: Փոքր Երկրի Մեծ Մարտահրաւէրները. Նախարարի Օրագրից»: Յուշագրութեան մէջ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան կ՛անդրադառնայ Հայաստանի դիւանագիտական գերատեսչութեան մէջ իր աշխատանքին, զայն ղեկավարելու ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անկախութեան նախորդած տարիներուն իր անցած ուղիին:
Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկային։