ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
Լիբանանի մէջ տասնամեակներէ ի վեր լոյս կը տեսնեն երեք հայերէն օրաթերթեր, որոնք հնչակեան, դաշնակցական եւ ռամկավար կուսակցութիւններուն սեփականութիւնն են։
Լիբանանի տնտեսական սուր ճգնաժամին եւ վերջերս ալ՝ coronavirus-ի համաճարակին հետեւանքով, վերջին շաբաթներուն սովորաբար 10 էջնոց դաշնակցական «Ազդակը» լոյս կը տեսնէ միայն չորս էջով։ Բայց, այսօր բացառաբար 12 էջնոց թիւ մը հրատարակած է, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է Մայիս 28-ին ու Հայաստանի 1918-1920 թուականներու հանրապետութեան։ Ուրիշ թեմայով ոչ մէկ յօդուած կայ։
Հնչակեան «Արարատը» սովորաբար կը հրատարակուի չորս էջով, իսկ ռամկավար «Զարթօնքը»՝ ութ։ Այսօրուան թիւերը իրենց սովորական չափով են եւ երկուքին մէջ Մայիս 28-ին մասին միակ «յիշեցումը» վերջին էջին վրայ լոյս տեսած նոյն ծանուցումն է տասնամեակներէ ի վեր գործնապէս Դաշնակցութեան քաղաքական ազդեցութեան տակ գործող Լիբանանի ազգային (այսինքն՝ հայ առաքելական) առաջնորդարանին կողմէ՝ թէ Կիրակի օրը Լիբանանի հայ առաքելական բոլոր եկեղեցիներէն ներս պատարագի ընթացքին պիտի կատարուի Գոհաբանական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշակի օրհնութիւն։
Նոյն ծանուցումը կայ նաեւ «Ազդակի» մէջ։ Կ’ենթադրեմ վճարովի ծանուցում է։
Այսպիսով, Պերլինի պատի տապալումէն աւելի քան 30 տարի ետք սփիւռքահայ պաղ պատերազմի (Cold War) կարծրատիպերը կը մնան անսասան։
Ի դէպ, Լիբանանի մէջ Հայ առաքելական առաջնորդարանին ենթակայ եկեղեցիներէն երկուքը, իրենց կարգին, մաս կը կազմեն Հնչակեան կուսակցութեան ազդեցութեան գօտիին։ Արդեօք հոն ալ Գոհաբանական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշակի օրհնութիւն պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ պիտի յարգուի կամ աչք փակուի անոնց «ինքնուրոյն» կարգավիճակին վրայ։
Այսպէս էլ ապրում ենք մեր սիրած (աւանդական-դասական-յետեղեռնեան) սփիւռքում․․․