ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը շարունակէ նուիրատուութիւններ ստանալ համաճարակային իրավիճակին իբրեւ արդիւնք՝ դժուար պայմաններու մէջ գտնուող քաղաքացիներուն աջակցելու նպատակով։ Այս ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւմտեան թեմէն փոխանցուած է յաւելեալ 50.000 տոլար, Գանատայի հայոց թեմէն՝ 25.000 հազար։
Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Մարկոս քահանայ Մանգասարեանի, Մայր աթոռի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Չարչեանի եւ Հայաստանի առողջապահութեան փոխնախարար Շաւարշ Գրիգորեանի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ 26 միլիոն 500 հազար դրամ արժողութեամբ բժշկական պարագաներու յանձնում առողջապահութեան նախարարութեան։