Հոն ուր մայր իմ հետքդ կայ
Փունջ փունջ ծաղիկով պիտ’ գամ
Որ ամէն օր ամէն օր
Մայրերու Տօն քեզ ըլլայ …
Արդէն բացուեր են քու տան
Ծաղիկները պարտէզին
Կարծես վրան վարդերուն
Այտերուդ գոյնը հոն կայ …
Նոյնիսկ աչքիդ լոյսը կայ
Կանթեղ կանթեղ կանթեղուած
Գիշերներս լուսցնող
Աստղերուն մէջ ինձ նայող …
Հեռու բայց տան սեղանէն
Ալ ես եմ ես տաս անգամ
«Ճաշակեսցուք» կը կարդամ
Որ ապուրիդ համը գայ …
Բայց դուն երազ մնացիր
Պատկերիս մէջ Յիսուսի,
Ձեռքդ Անոր մէկ ձեռքին
Աստուածամայրը միւսին …
Գրող՝ ճարտարագէտ Թադէոս Եսայեան
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան