«Նարեկացի» արուեստի միութիւնը` «Ռոլան Պիգով» Մանկապատանեկան շարժանկարներու 8-րդ միջազգային փառատօնի ծիրէն ներս` այս տարի եւս իր հիւրընկալ յարկին տակ ընդունած է պատանի հանդիսատեսը: Այս մասին կը յայտնեն «Նարեկացի» միութեան մամուլի ծառայութենէն:
Շարժանկարի եւ հեռուստատեսութեան զարգացման «Ռոլան Պիգով» հայկական հիմնադրամը 2001-էն ի վեր կը նախաձեռնէ մանկապատանեկան շարժանկարներու ամենամեայ փառատօն, որուն նպատակն է իրականացնել տարաբնոյթ մշակութային, հասարակական եւ կրթական ծրագրեր, խրախուսել շարժանկարի հայ երիտասարդ գործիչներու շարժանկարներու ճանաչողութեան բարձրացման, ստեղծել կապեր շարժանկարի համաշխարհային գործիչներու հետ, ինչպէս նաեւ նպաստել երեխաներու եւ պատանիներու անհատականութեան ձեւաւորման:
Հերթական անգամ, ամենամեայ փառատօնը Հոկտեմբեր 20-25 բացառիկ հնարաւորութիւն կ‘ընձեռէ հայ հանդիսականին` դիտելու միջազգային մանկապատանեկան շարժանկարներ` պատմական, արկածային, անիմացիոն եւ այլ ժանրերով:
Փառատօնային օրերուն կ’ակնկալուին նաեւ քննարկումներ, մամուլի ասուլիսներ, վարպետութեան դասեր, ստեղծագործական հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ հետաքրքրական անակնկալներ մանուկներու եւ պատանիներու, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն համար:
Փառատօնին մասնակից մանկապատանեկան շարժանկարները կը ցուցադրուին «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ, ինչպէս նաեւ Մոսկուա շարժանկար–թատերասրահին, Մոսկուայի տուն մշակութագործարարական կեդրոնին, Գիտութեան եւ մշակոյթի ռուսական կեդրոնին, ինչպէս նաեւ Հայ–ռուսական սլաւոնական համալսարանին մէջ:
Շարժանկարներու տոմսերը անվճար հիմունքներով կը տրամադրուին դպրոցահասակ երեխաներուն եւ պատանիներուն: