Աթէնք իր այցելութեան առիթով՝ Աստուածաշունչի Արաբական Ծոցի երկիրներու ընդհանուր քարտուղար պրն. Հրայր Ճէպէճեան գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը ունեցաւ այցելելու մեր բոլոր վարժանները եւ աշակերտներուն նուիրելու հայերէնի թարգմանուած եւ յատկապէս փոքրիկներու համար պատրաստուած՝ պատկերազարդ Աստուածաշունչի «Մանկա Մեսիա» գիրքի օրինակները։
Յիսուսի ծնունդը, իր կեանքը, գործած հրաշքները, քարոզները, Երուսաղէմ իր մուտքը, խաչելութիւնն ու յարութիւնը, ամէն ինչ ներկայացուած է պատանիներու յատուկ այս Աստուածաշունչին մէջ։
Գիրքի հրատարակութեան մասին պրն. Հրայր Ճէպէճեան տեսակցութիւն մը ունեցաւ «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան հետ եւ հետեւեալ հետաքրքրական տուեալները փոխանցեց։
Ինչպէ՞ս ծնաւ Մանկա–Մեսիան հայերէնով հրատարակելու գաղափարը։
Երկու տարիներ առաջ սկսանք մտածել այս գիրքի հրատարակութեան մասին, երբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2010ը Հայ մանուկի տարի հռչակեց։ Այն ատեն խորհեցանք թէ մանուկներու յատուկ հրատարակութեան մը պէտք էինք ձեռնարկել։
Որպէս Աստուածաշունչի ընկերութիւն եւ ես որպէս ընդհանուր քարտուղար Արաբական Ծոցի եւ Միջին Արեւելքի շրջանին, առիթը ունեցայ նախաձեռնելու Մանկա Մեսիայի հրատարակութեան, առաջին հերթին մտածելով թէ նոր բան մը պէտք ունէինք, որ ուղղակի մանուկներու-պատանիներու սրտին պիտի խօսի, գիտնալով թէ անոնք ներկայիս շատ տարբեր իրավիճակներու մէջ են, համացանցային դրութեան զօրաւոր ազդեցութեան տակ։
Աչքիս զարկաւ Մանկա-Մեսիան, որ արդէն 22 տարբեր լեզուներով հրատարակութիւն մըն էր։ Հրատարակիչը Ճափոնի մէջ էր եւ ամբողջ յղացումը՝ ճափոնական «մանկա» (քարթուն-քոմիք)-ներու հիմամբ կատարուած է։
Ըսեմ որ սկիզբը բաւական տագնապեցայ, որովհետեւ չուզեցի որպէս չափահաս տեսնել գիրքը, այլ մանկական աչքերով փորձեցի ստուգել թէ իրապէ՞ս պիտի հետաքրքրէր փոքրիկները։ Կը վախնայի որ ձեռքերնին պիտի բռնեն եւ իրենք իրենց հարց պիտի տան թէ «Ես ի՞նչ պիտի ընեմ այս գիրքը»…
Ուրեմն ենթադրեմ թէ պատանիներու կարծիքին դիմեցի՞ք։
Այո, զաւակներուս կարծիքը առի, եւ շատ երկար մտածելէ ետք միայն համոզուեցայ…։
Ապա դիմեցի հայ առաքելական մեր եկեղեցւոյ եւ Քուվէյթի այդ օրուայ առաջնորդ Պապեան արքեպիսկոպոսին, որու համամտութիւնն ալ ապահովելէ ետք շարունակեցի։ Գացի Տուպայ, ուր ներկայացուցի նոյն գաղափարը, հոն ալ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ, ապա հրատարակիչին հետ բանակցութիւններու սկսայ, որովհետեւ պայման կար որ միայն Ճափոնի մէջ կարելի է հրատարակել, նոյն ատեն հրատարակութեան բարձր որակ պահպանելով։
Հայացման գործընթացը ինչպէ՞ս յաջողուեցաւ։
Դիմեցի Արտա Ճէպէճեանին, որ ստանձնեց հայերէնի թարգմանութեան աշխատանքը։
ՄԱՆԿԱ-ն հայացուած օրինակն է նախ ճափոներէնով ապա անգլերէնով, ապա մնացեալ 20 լեզուներով հրատարակուած առաջին բնագրին: Նշեմ, որ իր տեսակին մէջ, Մանկան եզակի գիրք է, որ կոչուած է, պարզացուած հայերէնով, նորահաս սերունդը ընտելացնել աստուածաշնչական դրուագներուն, կենդանի գծանկարներու ընդմէջէն։
Սկիզբը կարծեցինք որ դիւրին գործ պիտի ըլլար թարգմանութիւնը։ Ի յայտ եկաւ թէ բաւական բարդ գործընթաց մըն էր, որովհետեւ նախ պէտք էր թարգմանութիւնը կատարուէր, ապա պատշաճեցումը, ապա «քարթուն»ի հասկացողութեամբ խօսքերը պէտք էին ներառնուիլ յատուկ տուփիկներուն մէջ, եւայլն։
Հետաքրքրական էր որ իրապէս համաշխարհայնացած գործընթաց մըն էր այս բոլորը, որովհետեւ Արտան Կիպրոսի մէջ աշխատեցաւ, ղրկեց Ամերիկա, ուր գծանկարները ճշդորոշուեցան, ապա անկէ Ճափոն՝ հրատարակութեան համար։
Քանի՞ գիրք տպուեցաւ։
Առաջին հերթին 5.000 գիրք տպեցինք, որ բաժնուեցաւ Լիբանան եւ Արաբական Ծոցի երկիրները։ Անկէ ետք մօտաւորապէս 500 օրինակ Սուրիա հասաւ, 50ական օրինակներ Քըրքուք Իրաք, Կիպրոս, Պոլիս։ Երկրորդ հանգրուանով 5000 եւս տպեցինք, Ամերիկա, Գանատա բաժնեցինք, ապա Եւրոպա։
Մանկա-Մեսիան կարեւոր է այն իմաստով որ Աստուածաշունչն է։ Աստուածաշունչը կը կերտէ մեր քրիստոնէական, ազգային եւ մշակութային նկարագիրը:
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեանները Սրբազան Հօր, վերապատուելիի եւ Գոքինիոյ եւ Ֆիքսի հոգեւոր հովիւներուն հետ Աթէնքի վարժարանները այցելեցին ուր աշակերտներուն բաժնեցին Մանկա Մեսիայի օրինակները
Նախաձեռնութեամբ Աստուածաշունչի Արաբական Ծոցի երկիրներու ընդհ. քարտուղար՝ պրն. Հրայր Ճէպէճեանի եւ հովանաւորութեամբ ու համագործակցութեամբ Յունաստանի Ազգային Առաջնորդարանի, ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան», «Զաւարեան» եւ միջնակարգ «Ա. եւ Ժ. Ճենազեան»ի աշակերտներուն բաժնուեցան արեւմտահայերէն լեզուով պատրաստուած «Մանկա Մեսիա» պատկերազարդ Աստուածաշունչի գիրքերը։
Պրն. Հրայր Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ եւ ծախսերով լոյս տեսած սոյն գիրքերէն 800 օրինակ Հոնկ Գոնկի ճամբով հասան Յունաստան եւ տրամադրուեցան երեք յարանուանութեանց՝ Հայ Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն։
Երկուշաբթի 21, Երեքշաբթի 22 եւ Չորեքշաբթի 23 Յունուար 2013-ի առաւօտներուն յաջորդաբար նախ «Զաւարեան»ի ապա «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան»ի եւ ապա միջնակարգի մէջ պրն. ՃԷպէճեանի ձեռամբ եւ ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ շրջաններու հոգեւոր հովիւներու՝ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի, Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանի եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ու Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմերուն, իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ իր անձնական օրինակը։ Ամենուրեք նախ ամփոփ ձեւով ներկայացուեցաւ նպատակը սոյն գրքի հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութիւնը Աստուածաշունչը մեր տուներէն ներս ունենալու իմաստով եւ մանաւանդ քաջալերել փոքրիկները արեւմտահայերէն կարդալու եւ աւելի մօտէն ծանօթանալու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի եւ Անոր հետ կապուած դրուագներուն։
Յայտնենք որ սոյն գիրքերէն նաեւ պիտի ղրկուին հիւսիսային Յունաստանի մեր Ծաղկոց վարժարանի աշակերտութեան։
Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք պրն. Ճէպէճեանին, Ազգ. Վարչութեան, Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն, որոնք օժանդակեցին մեզի Յունաստանի մէջ մաքսատնային եւ այլ ծախսեր հոգալու համար։
Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի