ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Երեւանի թիւ 2 հանրակացարանի «բնակիչ» էինք, նոյն յարկին վրայ ու սենեակակից, Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին կից։
Զինք չէի ճանչնար։ Տարիքային տարբերութիւն ալ կար, ոչ միայն իր, այլեւ միւս ուսանողներուն հետ, որոնք բանասիրականի թեկնածուներ էին (Բիւզանդ Մինասեան, Ալպերթ Աբարթեան, Բարսեղ Թիւթիւնճեան, Գէորգ Պարտաքճեան, Օհան Պոտրումեան, Յակոբ Աւետիքեան, Պարոյր Աղպաշեան…)։
Մանուէլը՝ իր լրջախոհութեամբ, հանդարտաբարոյութեամբ, զգաստութեամբ ու մտաւորականութեամբ, մեզի համար յարգանքի ու մեծարանքի արժանի «երէց» մըն էր, որուն նկատմամբ յատուկ վերաբերմունք ունէինք, զինք լսելու եւ իրմէ «սորվելու», իր համեստութեան եւ ազնուութեան բարեմասնութիւններէն օգտուելով։
Ունէր իւրայատուկ ընկերասիրութիւն եւ ընկերային վերաբերմունք իր սիրեցեալներուն նկատմամբ, միշտ հոգատարութիւն ցուցաբերելով մեր նկատմամբ, մեզ քաջալերելով հետեւելու մեր հայագիտական ուսումունքներուն, ի ծառայութիւն ու նուիրում մեր ժողովուրդին դաստիարակութեան ու զօրակցութեան։
Տխուր էր իմանալ իր մեկնումը այս աշխարհէն, ուր ինքը՝ գաղափարական, կուսակցական, խմբագրական ու հասարակական մարզերուն մէջ ունեցած էր գնահատելի վաստակ ու ներդրում, ցաւալի էր նաեւ, որ Մանուէլը՝ իր բազմաշնորհութեամբ եւ ազնուամեծարութեամբ, անզուգական ազգային տիպար մըն էր եւ զինք կորսնցնեը՝ կանխահասութիւն մըն էր։
Ցաւակցութիւններ իր կողակիցին՝ Լիլիթին եւ հարազատներուն։