ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործով կան այլ կասկածեալներ եւս, որոնք յառաջիկային հարցաքննութեան պիտի կանչուին: Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի, խօսեցաւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան: «Այս պահուն կան անձեր, որոնց նկատմամբ հետապնդում կ՛իրականացուի: Ձեռք բերուած տուեալները կը վկայեն մեծաթիւ անձերու ներգրաւուածութեան մասին», նշեց ան:
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի, բացայայտուած որեւէ անձ պիտի ստանայ համարժէք իրաւական գնահատական:
Անդրադառնալով շրջանառուող խօսակցութիւններուն, թէ յառաջիկային կրնայ ձերբակալուիլ նաեւ Մանուէլ Գրիգորեանի կինը՝ Արթուր Դաւթեան ընդգծեց, որ անոր ընտանիքի որոշ անդամներ ներգրաւուած եղած են կարգ մը գործողութիւններու մէջ, որուն համապատասխան գնահատական պիտի տրուի: