ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
(91)
Հինգ տարեկան եմ, եւ հօրենական մեծ մայրս կ՛որոշէ, որ դպրոց չունեցած եւ կիրակի օրերը մեր թաղի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ շապիկ պիտի հագնիմ: Կը դիմէ ժամկոչին` Միքայէլ Պայրագտարեանին, որ կ՛ըսէ, թէ եկեղեցին շապիկը եւ ժամագիրքը կու տայ, իսկ մենք կաշիէ, առջեւը գոց հողաթափը պէտք է բերենք: Մեծ մայրս զիս աւանդատուն կը տանի եւ հասակիս յարմար շապիկն ալ կ՛ապահովէ: Կիրակի օր մեծ խանդավառութեամբ եւ նոյնիսկ ժամերգութենէն կէս ժամ առաջ մեծ հօրս եւ մեծ մօրս հետ եկեղեցի կը հասնինք, եւ նոր հողաթափս նէյլոն տոպրակի մը մէջ դրած` թռչկոտելով աւանդատուն կը մտնեմ: Ժամկոչը եւ քանի մը դպիրներ եկած են արդէն: Շապիկս ու հողաթափս կը հագնիմ եւ ժամագիրքս բռնած` կը սպասեմ եկեղեցի մտնելու հրահանգին: Քիչ ետք նաեւ կը հասնի դպրապետը` Եփրեմ Քենտիրճեանը, որ զիս` նորեկս տեսնելով` ժամկոչին հարց կու տայ, թէ ո՞վ կ՛ըլլամ: Ժամկոչը` «Մայրիկ Հայկուհի Ալեէմէզեանին թոռնիկն է», կ՛ըսէ: Իսկ դպրապետը յանկարծ հողաթափիս կը նայի եւ ինքզինքէն ելած` խստութեամբ կ՛արգիլէ ինծի եկեղեցի մտնել ու կը հրահանգէ. «Շո՛ւտ շապիկդ հանէ եւ գնա՛ նենէիդ քովը նստէ: Կապոյտ հողաթափով չես կրնար դպրաց դասին մաս կազմել»: Ես կ՛անճրկիմ: Ժամկոչը յանցաւոր կը զգայ, որ մոռցած է մեծ մօրս ըսելու, որ սեւ հողաթափ պէտք է բերել, եւ դպրապետէն կը խնդրէ, որ այս կիրակի բացառութիւն ընէ եւ զիս` փոքրիկը չխրտչեցնէ: Դպրապետը, ընդհակառակը, աւելի կը բորբոքի եւ զիս գրեթէ կը վտարէ աւանդատունէն: Մեծ մօրս քով կ՛երթամ, որ առաջին շարքի մինտէրին վրայ իր մնայուն տեղը գրաւած է եւ երկիւղածութեամբ ժամերգութեան կը մասնակցի: Հեկեկալով կը պատմեմ եղելութիւնը: «Հիմա աղօթէ Աստուած պապային, յետոյ տունը կը խօսինք», կ՛ըսէ եւ ինծի շաքար մը կու տայ: Երբ տուն կը հասնինք, «Անգամ մըն ալ եկեղեցի պիտի չերթամ եւ ատ մարդուն (դպրապետին) երեսը պիտի չտեսնեմ» կ՛ըսեմ, եւ հողաթափս իրեն կը վերադարձնեմ: Ան հողաթափս ինծի կու տայ եւ կ՛ըսէ. «Տղա՛ս, աս կապոյտ բապուճը տունը կը հագնիս: Ես վաղը քեզի եկեղեցիին համար սեւ բապուճ կ՛առնեմ եւ կ՛երթաս աղուոր-աղուոր կը հագնիս: Տե՛ս, դուն շապիկ պիտի հագնիս ըսելով` Աստուած պապան քեզի երկու հատ բապուճ տուաւ: Դուն դպրապետին համար եկեղեցի պիտի չերթաս, Աստուծոյ համար պիտի երթաս: Ես ալ գիտեմ եւ ամէն մարդ կ՛ըսէ կոր, որ մեր դպրապետը շատ ջղային է, բայց մէկ բան ալ ճիշդ է, որ երբ շատեր կիրակի առտուները պառկած են, ինքը եկեղեցին է»: Ահա այսպիսի շինիչ մթնոլորտի մէջ կը կազմաւորուի եւ կը ծաղկի հայ քրիստոնեայ նոր սերունդը…
(92)
Նիւ Ճըրզիի Յովնանեան վարժարանի դասերը կ՛աւարտին, եւ աշակերտները տուն երթալու փոխարէն` դպրոց կը մնան, որպէսզի ամավերջի հանդէսի փորձերը կատարեն: Հակառակ անոր որ մէկ օր առաջ յանձնարարուած էր ճաշ բերել, ուսուցչուհին կը փափաքի նաեւ փիցցա ապսպրել եւ հարց կու տայ. «Ո՞վ անօթի է»: Բոլորը ձեռք կը բարձրացնեն` բացի երկու հայաստանցի եղբայրներէ, որոնք անօթի փորով երեք ժամ փորձերուն կը մասնակցին եւ տուն երթալէն ետք իրենց մօր կը յայտնեն, թէ շա՜տ սոված են, որովհետեւ ուսուցչուհիին «անօթին» «անօդի» հասկցած էին…
(93)
Ամառը բարեկամի մը հետ Հալէպ ենք, եւ մեր ընկերներէն մին` Տարօնը, մեզ ֆուլի նախաճաշի կը հրաւիրէ բերդին տակը գտնուող բացօթեայ ճաշարանը: Հազիւ նստած` մէյ մըն ալ կօշիկ ներկողը կու գայ, մեզի հողաթափներ կու տայ եւ մեր կօշիկները կ՛առնէ-կ՛երթայ: Ֆուլի պնակները իրենց առնչակից ուտելիքներով կը զարդարեն մեր սեղանը, եւ մեր Տարօնը հինգ վայրկեան ետք կը կանչէ սպասեակը` «սալլըհա» գոչելով, որպէսզի մեր ֆուլի պնակներուն ձիթաիւղը աւելցնէ: Մեր պնակները կը սկսին փայլիլ: Քիչ ետք նաեւ կը հասնին մեր փայլուն կօշիկները…
(94)
Գարեգին Բ. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ Հալէպ կը ժամանէ: Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կանոնական աղօթքէն ետք, խուռներամ հաւատացեալներ աջահամբոյրի համար կը բարձրանան առաջնորդարանի դահլիճը: Վեհափառ հայրապետը կը բազմի գահին վրայ. անոր աջին` առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեան ու ձախին` Վարդան արք. Տեմիրճեան: Դահլիճը մէկ մուտք ունենալով` ժողովուրդը շարք կազմած կը յառաջանայ եւ կ՛անցնի Վարդան սրբազանին առջեւէն, կը քալէ մէջտեղէն եւ վեհափառին սուրբ աջը կը համբուրէ, ետ աջ կու գայ եւ Սուրէն սրբազանին աջը կը համբուրէ, ապա ետ ձախ կ՛երթայ եւ Վարդան սրբազանին աջը կը համբուրէ, եւ նորէն վեհափառին ու Սուրէն սրբազանին առջեւէն անցնելով` կը փորձէ ներս մտնողները չխանգարել եւ դուրս ելլել: Կարճ խօսքով, կատարեալ տակնուվրայութիւն կը ստեղծուի: Վեհափառը անհամբեր կը դառնայ եւ որպէս լուծում` կը հրահանգէ Վարդան սրբազանին. «Սրբազա՛ն, դուն աջդ մի՛ տար»: Վարդան սրբազան կը հնազանդի, սակայն ժողովուրդը կը շարունակէ նոյն ընթացքը: Վեհափառին բարկութիւնը այն աստիճան կը սաստկանայ, որ Վարդան սրբազան ստիպուած ձեռքը ետ կը պահէ, գլուխը շարժելով կ՛ողջունէ իր առջեւէն անցնողները եւ կը սկսի եկողին ըսել. «Համբուրուած համարեցէք…»:
(95)
1997-ին Դամասկոսի մէջ միջեկեղեցական ժողով մը ունինք: Նիւ Ճըրզիէն Անթիլիաս վերադարձէս ետք առաջին միջեկեղեցական ժողովս է: Ամերիկեան ճշդապահութեամբ ժամանակացոյց, օրակարգ, թղթածրար եւ այլն պատրաստած եմ բոլորին համար եւ ճշդուած ժամէն` առաւօտեան 9:00-էն 10-ը վայրկեան առաջ արդէն ժողովասրահ կը մտնեմ: Ժամը 9:35 կ՛ըլլայ, եւ 35 վայրկեան ուշացումով ժողովականներ կը սկսին ժամանել: Տասը ժողովականէն վեցը եկած է: Ես արդէն ջիղերուս վրայ եմ: Փոխանակ, ըստ ժամանակացոյցի, աղօթելու, ոմանք սուրճ կամ թէյ կը խմեն, ուրիշներ կը զրուցեն կամ դուրս կ՛ելլեն եւ ետ ներս կը մտնեն: Վերջապէս ժամը 9:50-ին ժամը 9:00-ին սկսելիք ժողովը աղօթքով եւ ութ ժողովականով կը բացուի: Հայկական շրջանակի մէջ մենք այս մէկը կը կոչենք «հայկական ժամադրութիւն», իսկ միջեկեղեցական շրջանակի մէջ օտարներ այս մէկը կը կոչեն «օրթոտոքս ժամադրութիւն…»: Աւելի հետաքրքրականը այն է, որ ատենապետը կ՛առաջարկէ ժամը 9:50-ին սկսած ժողովին ժամը 10:30-ին դադար տալ: Երբ դադարին ատենապետին ուշադրութեան կը յանձնեմ ժամանակացոյցի ու օրակարգի եւ մանաւանդ ժամը 10:30-ի անտրամաբանական դադարի խախտումը, կը բացատրէ, որ ժողովականներուն մէջ վեց տարիքոտներ կան, եւ որովհետեւ ես Ամերիկայէն կու գամ, շատ լաւ պէտք է գիտնամ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «նէյչըրս քոլ» (բնութենական կարիք):
(96)
Արտակ վրդ. Մանուկեան` որպէս նորընտիր առաջնորդ, հազիւ հասած է Թեհրան եւ լծուած` թեմը վերակազմակերպելու աշխատանքին: Առաջին հերթին ան կը փափաքի նաեւ ժողովական կեանքը աշխուժացնել եւ Երեսփոխանական ժողովի հրաւէր կը խմբագրէ: Գրասենեակին չորս կողմը կը պրպտէ եւ նամակի պահարաններ չի գտներ: Հրաւէրը մէկ կողմ կը դնէ եւ պատշաճ կը համարէ նախ Անթիլիաս` Զարեհ վեհափառին նամակ մը գրել եւ իր Թեհրան հասնիլը իմացնել: Երբ նամակը պատրաստ կ՛ըլլայ, ներքին հեռախօսով քարտուղարին կ՛ըսէ, որ պահարանի մը պէտք ունի: Քարտուղարը կը պատասխանէ, որ պահարանը շուտով կը բերեն: Քառորդ ժամ կ՛անցնի, եւ հայր սուրբը դարձեալ կը կապուի քարտուղարին հետ, որ կը կրկնէ, թէ պահարանը հիմա իր մօտ կ՛ըլլայ: Քանի մը վայրկեան ետք հայր Արտակ փայտեայ պահարանի մը վերի յարկէն աստիճաններուն վրայ թըխ-թըխ իր գրասենեակի յարկ էջքը կը լսէ, եւ ահաւասիկ հագուստի մեծ պահարան մը կը յայտնուի գրասենեակի դուռին առջեւ: «Այս ի՞նչ է», կը հարցնէ հայր սուրբը: «Ձեր ուզած պահարանն է, հա՛յր սուրբ», կը պատասխանեն զայն բերած չորս պաշտօնեաներ: «Ես ի՞նչ պիտի ընեմ այս պահարանը. ետ իր տեղը տարէք», կ՛ըսէ հայր Արտակ, «եւ ինծի մէկ տուփ նամակի պահարան բերէք»: «Վա՜յ, հայր սուրբը ծրար է ուզել, եւ մենք սխալ ենք հասկացել», կը յարէ պաշտօնեաներէն մին, եւ, հարցը կը փակուի:
(97)
Վանքուվըր` ընկերս, մայրը, կինը եւ 10 տարեկան տղան շաբաթ երեկոյեան պարսկական ճաշարան մը ընթրիքի կ՛երթան: Տէր եւ տիկին մեծ մայրիկը եւ թոռնիկը ճաշարանին առջեւ կ՛իջեցնեն, որպէսզի անոնք շատ չքալեն եւ իրենք կ՛երթան ինքնաշարժը կանգնեցնելու տեղ փնտռելու: Մեծ մայրիկը հազիւ ճաշարան կը մտնէ, ոտքը կը սահի եւ գետին կ՛իյնայ: Ան ահաւոր ցաւերու մէջ է: Բարեբախտաբար ճաշարանին մօտ հիւանդանոց մը կայ եւ տղան ու հարսը հասնելէն առաջ շտապ օգնութեան անձնակազմը կը հասնի: Նախնական դարմանումը կը սկսին կատարել: Մեծ մայրիկը ախ-ուխ ընելով` իր կոտրած անգլերէնով կարգ մը հարցումներու կը պատասխանէ եւ թոռնիկին դառնալով` կ՛ըսէ. «Տղա՛ս, ասոնք երկար ըրին. մնացածներուն ալ դուն պատասխանէ»: Հիւանդապահներէն մին մեծ մայրիկին կը հարցնէ. «Քանի՞ տարեկան ես»: Մեծ մայրիկին տեղ թոռնիկը կը պատասխանէ. «Կարծեմ 70 է»: Մեծ մայրիկը ցաւերուն մէջէն հայերէնով կը յանդիմանէ թոռնիկը. «Տղա՛ս, 70-ը ուրկէ՞ հանեցիր», եւ անգլերէնով հիւանդապահին կ՛ըսէ. «Նոր 69 տարեկան եղայ…»:
(98)
2022-ը` «Սփիւռքի տարի»:
Հայ ընտանիքը խառն ամուսնութեան ուռկանին մէջ բռնուած է` Ամերիկաներէն մինչեւ Անթիլիասի քիթին տակ գտնուող հայ սփիւռքի բաբախուն սիրտն ու մայրաքաղաքը հանդիսացող Պուրճ Համուտ:
Քանի մը ուրուագծումներ պիտի կատարեմ միայն` մնացածին ձեր ուզած անուններն ու քաղաքները կրնաք դնել եւ սխալած չէք ըլլար:
Բարեկամ մը յաճախ կը կրկնէր, երբ զաւակները դեռ փոքր էին. «Օտարը կ՛առնեն կոր, գոնէ շնորհքով մէկը թող առնեն»: Իր երեք զաւակներն ալ օտար առին. երեքին սուրբ պսակն ալ Հայ եկեղեցւոյ մէջ ես օրհնեցի քանի մը տարի առաջ. մինչեւ հիմա փեսան եւ երկու հարսերը շնորհքով են. չեմ գիտեր, թէ շնորհքով պիտի մնա՞ն. ժամանակը ցոյց կու տայ…
Ուրիշ ընտանիքի մը երեք տղաքը օտարներ առին եւ, ըստ բամբասող հայ լեզուներու, երեք հարսերն ալ առաջին օրէն շնորհքով չէին, բայց աւելի քան երեսուն տարիէ ի վեր երեք նորակազմ ընտանիքներն ալ երջանիկ են եւ եօթը զաւակներով բախտաւոր. խեղճ մեծ հայրիկը եկեղեցւոյ սրահին մէջ մեկուսի եւ գլխահակ կը նստէր, իսկ մեծ մայրիկը կ՛ափսոսար. «Ի՞նչ կ՛արժէ, հա՛յր սուրբ, երբ թոռնիկներս «եավրում, եավրում» ըսելով կը սիրեմ ու իրենք ասկէ բան չեն հասկնար. համով-հոտով «մանթը» կ՛եփեմ եւ ո՛չ իրենք եւ ո՛չ ալ հարսերս բերաննին կը դնեն: Խերով-բարով սա Քանատան եկած չըլլայինք»:
Կիրակի կէսօրէ ետք կ՛այցելեմ ընկերոջ մը ընտանիքին, որուն մէկ աղջիկին պսակին ներկայ գտնուած եմ մարոնի եկեղեցւոյ մը մէջ եւ «Պահպանիչ»-ով ալ օրհնած հայ-արաբ նորապսակ զոյգը: Տունը լեցուն է հայ եւ արաբ ազգականներով, բարեկամներով եւ խնամիներով: Փեսան յաջող վաճառական է եւ իր ձեռքի հեռախօսով աշխարհի ամէն կողմին հետ կապի մէջ մտած` իր գործերուն լծուած է: «Դուք ինծի մի՛ նայիք,- ինծի կ՛ըսէ արաբերէնով,- ազատ զգացէք հայերէն խօսելու, ես անհանգիստ չեմ ըլլար»: Ի՜նչ ազնուութիւն եւ ազատախոհութիւն… Նորածին աղջիկ մը ունի զոյգը, եւ ընկերոջս կինը կը խնդրէ, որ երեխան օրհնեմ: «Պահպանիչ» մըն ալ երեխային վրայ կ՛արտասանեմ: Երեխան գիրկէ գիրկ կ՛անցընեն եւ հայերէն ու արաբերէն չնաշխարհիկ գգուանքներու եւ բարեմաղթութիւններու կ՛արժանացնեն: Քիչ ետք տուն կը մտնէ նաեւ քանի մը օր առաջ Լոս Անճելըսէն հասած ընկերոջս աղջիկը, եւ անգլերէնն ալ կը խառնուի խօսակցութիւններուն: Ի տես այս բոլորին` ընկերս կ՛ըսէ ինծի. «Այս ի՜նչ օրերու հասանք, այս ի՜նչ բաբելոնի մէջ կ՛ապրինք կոր: Ո՞վ գիտէ` մեզմէ յետոյ եկողները ի՛նչ պիտի ըլլան…»:
Ընկերներէս մին կը հեռախօսէ. «Սրբազա՛ն, լաւ եւ գէշ լուր ունիմ, ո՞ր մէկը կ՛ուզես առաջ լսել»: «Այս օրերուն գէշ լուր լսելէն մեռանք,- կը պատասխանեմ,- առաջ լաւ լուրը տուր»: «Գալ շաբաթ իրիկուն, ժամը 8-ին, մեր տունը պիտի գաս աղջիկս նշանելու», կ՛աւետէ: «Է՜հ, այս ինչ աղուոր լուր տուիր. ի՞նչ է եղեր գէշ լուրդ», անհամբեր կը հարցնեմ: «Տղան արաբ իսլամ է…», կը պատասխանէ դողդոջուն ձայնով: Ժամանակին արաբ իսլամին ուղղակի «թուրք» կ՛ըսէինք… Հայերուս համար բոլոր իսլամները թուրք էին: Հիմա քիպարցուցեր ենք` «արաբ իսլամ». սակայն կացութենէն ոչինչ կը փոխուի:
(99)
1983-ին Գարեգին Բ. կաթողիկոս Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 6-րդ համաժողովին մասնակցելու համար Վանքուվըր պիտի ժամանէ ու նաեւ հողօրհնէքը կատարէ նոր կառուցուելիք եկեղեցւոյ եւ Հայ կեդրոնին: Արարողութեան յաւելեալ շուք տալու համար առաջնորդ սրբազանը կը հրահանգէ, որ կիրակի կէսօրէ ետք, հողօրհնէքի աւարտին 12 փոքրիկներ սպիտակ աղաւնիներ թռցնեն: Կազմակերպիչ յանձնախումբէն անդամ մը յանձն կ՛առնէ հաւնոցէ մը աղաւնիները բերել. սակայն փոխանակ աղաւնիները կիրակի առտու բերելու` շաբաթ իրիկուն քարթոնէ տուփի մէջ կը դնէ եւ ինքնաշարժին սնտուկը կը տեղաւորէ` առ ի պատրաստութիւն կիրակի օրուան: Այլ տնօրինումներու կարգին, առաջնորդ սրբազանը աղաւնիներուն մասին ալ կը հարցնէ եւ կը պարզուի, որ խեղճ աղաւնիները սատկեր են: Զանոնք բերողը ինքզինք կ՛արդարացնէ` ըսելով. «Ի՞նչ կ՛ըլլայ, պիտի չուտէիք եա, միայն օդը պիտի թռցնէիք. չոճուխները նորէն օդը թող նետեն, աղաւնիները վեր կ՛ելլեն եւ յետոյ վար կ՛իջնեն: Ես շուտ մը կը հաւաքեմ, զիպիլը կը թափեմ. բան մըն ալ յայտնի չ՛ըլլար»: Հապա՞, ասանկ ալ կ՛ըլլայ, անանկ ալ կ՛ըլլայ…
(Շար. 10)