ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
(27)
Ձմեռ է: Տեղատարափ անձրեւ կու գայ: Վեհարանն ենք եւ միաբանական թափօրով վեհափառ հայրապետը կիրակնօրեայ սուրբ պատարագին պիտի տանինք: Արտակ արք. Մանուկեան երկինք կը նայի եւ կ՛ըսէ. «Երկինքը էսօր խլինքոտ է»: Գերզգայուն Սահակ արք. Այվազեան կը հակադարձէ. «Ա՛ռ քեզի բանաստեղծ…»:
Պատարագէն ետք դարձեալ թափօրով վեհարան կը վերադառնանք եւ Սահակ սրբազան իր երաժիշտի գնահատականը կու տայ. «Այսօրուան պատարագի երգեցողութիւնը քառաձայն չէր, բազմաձայն էր…»:
Յաջորդ օր մայրավանքէն դուրս պիտի ելլեմ, Արտակ սրբազան ինքնաշարժս կը կանգնեցնէ. «Ո՞ւր ես գնում»: «Բժիշկի մօտ», կը պատասխանեմ: «Ես էլ գամ» կ՛ըսէ եւ կը նստի: Կարմրած եւ ուռած ձեռքերն ու ոտքերը ցոյց կու տայ եւ կ՛ըսէ. «Մի հատ ինձ էլ թող քննի քո տոքթորը»:
Բժիշկին կը ծանօթացնեմ սրբազան հայրը, եւ տոքթորը «Ի՞նչ ունիք սրբազան» կը հարցնէ: «Ի՞նչ չունիք պիտի հարցնէք» կ՛ըսէ, կը խնդայ եւ կը սկսի թուել իր զանազան հիւանդութիւնները: Բժիշկը մաշալլա մը կը նետէ եւ քահ-քահով կը քննէ սրբազանը: «Ե՞րբ Թեհրան պիտի վերադառնաք», կը հարցնէ տոքթորը: «Երկու օրէն», կը պատասխանէ Արտակ սրբազան: «Սրբազա՛ն հայր, երկու օրուան մէջ հոս բան մը չենք կրնար ընել. նախ արեան քննութեան պէտք ունիք, յետոյ` ուրիշ քննութիւններ ալ: Երբ Թեհրան հասնիք, ձեր բժիշկը ձեզ անմիջապէս հիւանդանոց թող մտցնէ, եւ բոլոր քննութիւնները ըրէք: Մինչ այդ գոնէ հաց մի՛ ուտէք: Անցած ըլլայ»: Բժիշկին շնորհակալութիւն կը յայտնենք եւ դուրս կ՛ելլենք:
Հազիւ ճամբայ ելած ենք մայրավանք վերադառնալու համար, երբ Արտակ սրբազան կ՛ըսէ. «Մի տեղից մենեիշ առ ալ ուտենք»: «Սրբազա՛ն, ի՞նչ ըսաւ տոքթորը», կ՛ըսեմ: «Տոքթորը հաց մի ուտեր ըսաւ, մենեիշ մի՛ ուտեր չըսաւ»: Անշուշտ չեմ առներ. սրբազանն ալ ձայն չի հաներ, եւ մայրավանք կը հասնինք:
Արտակ սրբազանին բախտէն յաջորդ առտու նախաճաշը մենեիշ է: Ան մէկ հատ կ՛ուտէ եւ կ՛ուզէ երկրորդ մըն ալ ուտել, Արտաւազդ սրբազանը արգելք կ՛ըլլայ` «Մեղք ես, օրհնա՛ծ, վիճակդ նայէ» ըսելով:
Երեկոյեան մայրավանքի դարպասին մօտն ենք եւ քեխկէ ծախողը կու գայ, Արտակ սրբազան քեխկէ մը կ՛առնէ, զահթեր ալ դնեցնել կու տայ եւ կը սկսի համով-համով ուտել (չմոռնաք` «Տոքթորը հաց մի՛ ուտեր ըսաւ, քեխկէ մի՛ ուտեր չըսաւ…»): Քեխկէ ծախողը դրամը կը սպասէ. Արտակ սրբազան կը դառնայ եւ Գեղամ սրբազանին կ՛ըսէ. «Ի՞նչ ես ինձ նայում, Լիբանանի առաջնորդը դու ես, փողը դու պիտի տաս, ինձ ասացին` դու ես հիւրասիրում…»:
(28)
Ամառ է եւ բարեկամի մը գիւղի տունը հրաւիրուած ենք: Մեզ կը զգուշացնեն, որ ջուրի տագնապ ունին: Է՜հ, Լիբանան է: Ամէն բանի տագնապին վարժուած ենք. ջուրի տագնապ, ելեկտրականութեան տագնապ, գործի տագնապ եւ այլն:
Կորիւն արք. Պապեանն ալ մեզի հետ է եւ իր զուարթախօսութեամբ սեղանին զարդն է: Սրբազան հօր պատմութիւնները բազմաբոյր ծաղկաստանի մը նման Նոր Սիսէն կը սկսին, կ՛անցնին Ճեմարան, դպրեվանք, Օքսֆորտ, Նոր Ջուղա եւ աշխարհի այլ վայրեր, ուր սրբազանը գտնուած է եւ` կեանքի փորձառութիւններ ապրած:
Այդ օրուան գլխաւոր նիւթը ամուսնութիւնն ու ընտանիք կազմելն է: Կորիւն սրբազան զանազան զոյգերու մասին զուարճալի դրուագներ կը պատմէ ու կը պատմէ եւ վերջապէս բոլորիս ծանօթ անձի մը մասին կ՛եզրակացնէ. «Գիտէք, մեր ընկերը շատ լաւ մարդ էր. միայն մէկ փրոպլեմ ունէր. նա կարող էր ամուսնանալ, բայց չէր կարող կին պահել…»:
Յայտնեմ, որ սրբազան հայրը իր պատմութիւններուն կծիկը սկսած էր քակել ընթրիքի սեղանին վրայ եւ կ՛աւարտէ իր ձեռքերը լուալու պահուն, որ աւելի քան քսան վայրկեան կը տեւէ եւ մեր ձեռքերը լուալու ջուր չի ձգեր…
(29)
2001-ին, քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ պետական կրօն հռչակումի 1700-ամեակին առթիւ յանձնախումբեր կազմելու ժողովներ կը գումարենք Անթիլիասի մէջ, որուն հրաւիրուած է նաեւ Վարդան արք. Տեմիրճեան:
«Հիմա մեր գրասենեակի քարտուղարուհին ձեր անուն-մականուններուն քով ձեր բջիջային հեռախօսի թիւերը պիտի արձանագրէ, որպէսզի մեր յանձնախումբերու անդամ-անդամուհիներուն ամբողջական ցուցակը ունենանք, եւ երբ կարիքը զգացուի, կարենանք իրարու հետ կապ հաստատել», կը յայտարարեմ` որպէս գրասենեակի վարիչ-քարտուղարը:
Քարտուղարուհին կը սկսի իւրաքանչիւրին անուն-մականունը կարդալ եւ բջիջային հեռախօսի թիւը գրել: Երբ կարգը Վարդան սրբազանին կու գայ, ան կը նշէ «03-410001», կաթողիկոսարանի 04-410001 պարզ թիւը` անգոյ «03»-ով փոխարինելով, որովհետեւ բջիջային հեռախօս չունէր եւ չէր ուզեր այդ մէկը բացայայտել…
(30)
Արամ Ա. կաթողիկոս մայրավանքին մէջ կը հիւրընկալէ Ժընեւէն ժամանած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եռանդամ պատուիրակութիւն մը` ընդհանուր քարտուղար դոկտոր Սեմ Քոպիայի գլխաւորութեամբ:
Կիրակի կէսօրին զիրենք լիբանանեան ճաշարան մը կը հրաւիրեմ եւ կը բացատրեմ, որ սալատներով ու մեզէներով պիտի սկսինք, խորոված պիտի առնենք եւ պտուղներով ու անուշեղէններով եւ անխուսափելի արաբական, ոչ-թրքական, սուրճով աւարտենք մեր «համեստ» ճաշը, որ կրնայ գոնէ երկու ժամ տեւել: Առաւել, պարտք կը զգամ բացատրել, որ մեզէներուն մէջ հում մսեղէններ ալ կան. օրինակ` չի քէօֆթէ, որ իրենց սթէյք թարթարին մօտ է: «Կ՛ուտենք», կ՛ըսեն: Հում ճիկերն ալ կը յաջողիմ ծախել: Թէեւ քիչ մը վերապահութեամբ, սակայն «կը փորձենք», կ՛ըսեն: Կարգը կու գայ ոչխարի հաւկիթին… «Այդ մէկը գալ անգամուան թող մնայ», կը պատասխանեն: Կարծեմ յանցանքը իմս էր, որովհետեւ կը մոռնամ նշելու, որ այս մէկը եփուած է, եւ ես ալ կը զրկուիմ զայն համտեսելու եզակի առիթէն…
(31)
Ամառ է:
Տաճատ արք. Ուրֆալեան Պիքֆայայի վանքի ամարանոցէն Ս. Նշանի առաջնորդարան պիտի երթայ: Շարժավարը ինչ-ինչ պատճառներով նեղուած է առաջնորդ սրբազանէն եւ որոշած ինքնաշարժին դուռը չբանալ` առ ի յարգանս: Սրբազան հայրը ինք կը բանայ ետեւի դուռը եւ հազիւ պիտի նստի, Խորէն Ա. կաթողիկոսի գաւազանակիրը կը մօտենայ եւ կը հաղորդէ, որ վեհափառ հայրապետը կ՛ուզէ զինք տեսնել: Տաճատ սրբազան ինքնաշարժին դուռը կը փակէ եւ վեհափառին քով կ՛երթայ: Շարժավարը դուռին փակումին ձայնը լսելով` կը խորհի, թէ սրբազան հայրը նստաւ, ուղղակի Ս. Նշան կը քշէ: Առաջնորդարան հասնելէն ետք կը սպասէ, որ սրբազան հայրը ինքնաշարժին դուռը բանայ եւ վար իջնէ: Ձայն չկայ: Քիչ մըն ալ կը սպասէ: Ետեւ կը դառնայ եւ մէկը չի տեսներ: Կը սարսափի: Ո՞ւր է սրբազանը, ե՞րբ իջաւ, ո՞ւր գնաց, ո՞ւր կորսուեցաւ: Առաջնորդարան կը վազէ: Հոս կը հարցնէ, հոն կը հարցնէ: Ո՛չ ոք տեսած է սրբազան հայրը: Ամէն մարդ իրեն կը հարցնէ սրբազան հօր մասին: Ի վերջոյ ի՛նք պէտք է բերած ըլլար առաջնորդ սրբազանը: Ա՛ռ քեզի առեղծուած:
Մինչ այդ Տաճատ սրբազան Պիքֆայայէն առաջնորդարանի դիւանապետին կը հեռաձայնէ եւ հարց կու տայ, թէ ո՞ւր է շարժավարը, ո՞ւր է ինքնաշարժը: Վերջապէս առեղծուածը կը լուծուի: Շարժավարը անմիջապէս ետ Պիքֆայա կ՛ուղարկուի եւ առաջնորդ սրբազանը, թէեւ ուշացումով, սակայն առօք-փառօք առաջնորդարան կը ժամանէ, եւ, անշուշտ, շարժավարին` առաջնորդէն նեղուած ըլլալը սուղի կը նստի իր վրան…
(32)
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի եւ Քանատայի թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Սարգիսեան այնքան կը գովէ իր ծննդավայր Քեսապը, որ միամիտ ամերիկածին հայեր իրենց հսկայ երկիրին չափ մեծ տեղ մը կը պատկերացնեն զայն եւ օր մըն ալ հարց կու տան, թէ քանի՞ օդակայան կայ Քեսապի մէջ: Սրբազան հայրը դիւանագիտական պատասխան մը կու տայ այս հարցումին եւ կ՛աւելցնէ, որ մինչեւ հիմա մոռցած է ըսելու, թէ Քեսապը նաեւ երկու օդանաւային ընկերութիւններ ունի. մին` միջազգային թռիչքներու համար, որ «Քեսապ էրլայնզ» կը կոչուի եւ միւսը` տեղական թռիչքներու համար, որ «Քեսապ էրուէյզ» կը կոչուի…
(33)
Յունաստանի թեմի առաջնորդ Սահակ արք. Այվազեան Խորէն Ա. կաթողիկոսի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ շնորհած հովուապետական այցելութեան շքախումբին մաս կազմած օրերուն, Նիւ Ճըրզիի մէջ ամերիկահայու մը ինքնաշարժը վարած ատեն արկած մը կ՛ունենայ: Իրեն եւ ինքնաշարժին տիրոջ, որ սրբազան հօր քովը նստած էր, բան չի պատահիր, սակայն ինքնաշարժը գրեթէ անգործածելի կը դառնայ: Սահակ սրբազան սարսափած կը պատուիրէ, որ վեհափառ հայրապետին բան չըսեն: Մինչ այդ ոստիկաններ կու գան եւ ստուգում կը կատարեն, եւ սրբազան հայրն ու իրեն ընկերացողները կ՛ուշանան ազգայինի մը տունը ժամանելէ, ուր Խորէն կաթողիկոս ճաշի հրաւիրուած էր: Երբ կը հասնին, վեհափառը հարց կու տայ. «Մա՛րդ Աստուծոյ, ո՞ւր մնացիք, ժամ մըն է ձեզ կը սպասենք»: Մեր միամիտ ամերիկահայերէն մէկն ալ անմիջապէս կը բացայայտէ եղելութիւնը: Պատրաստաբան վեհափառը կը դառնայ եւ ինքնաշարժին տիրոջ կ՛ըսէ. «Հայ եկեղեցին դարաւոր օրէնք մը ունի: Եթէ սրբազան մը քար (ինքնաշարժ) մը էքսիտընթ ընէ (արկածի ենթարկէ), քարին տէրը սրբազանին քար մը նուէր կ՛ընէ»: Արկածեալ ինքնաշարժին տէրը, ուրիշ միամիտ մը, Յունաստանի առաջնորդարանին մերսետես մը կը նուիրէ: Երբ Սահակ սրբազան այս դէպքը յիշէր, կը խնդար եւ կ՛ըսէր. «Մենք ալ Խորէն վեհափառին շնորհիւ ամերիկահայերէն այս քարը գար (շահ) ըրինք…»:
(34)
Նիւ Ճըրզիի հոգեւոր հովիւ եղած տարիներուս մեզի հայրենակից չորքմարզպանցի թրքախօս հայրիկ մը ունէինք, որ իր կեանքի մայրամուտին բաւական առողջապահական բարդութիւններ դիմագրաւեց, սակայն բնաւ իր զուարթախօսութիւնը չկորսնցուց:
Զինք քիչ մը տունէն հանելու համար բժիշկ ընկերոջ մը հետ կը խօսիմ եւ անոր մօտ կը տանիմ: Նոր սովորութիւն մը կայ նահանգին մէջ դասական ճերմակ տարազը չհագնելու ուրբաթ օրերը եւ աւելի տնական հագուստ-կապուստով ընդունելու հիւանդները: Այնթապցի բժիշկն ալ իր հերթին ուրախ-զուարթ թրքերէն խօսակցութեամբ կը քննէ հայրիկը, եւ տուն կը վերադառնանք: Տնեցիները կը հարցնեն. «Հայրի՛կ, ինչպէ՞ս գտար տոքթորը, հաւնեցա՞ր»: «Հայր սուրբերնիս ալ սաղ մնայ, տոքթորն ալ,- կը պատասխանէ հայրիկը,- բայց այդ երիտասարդին տոքթոր ըլլալը շատ ալ խելքիս չպառկեցաւ. իմ գիտցածովս տոքթոր ըսածդ ճերմակ պէտք է հագնի…»:
(35)
Մինչեւ հիմա Նիւ Ճըրզիի հովուատունին դիմաց հայ ընտանիք մը կ՛ապրի, որ ազգականութիւն ունի Արսէն արք. Պէրպէրեանին հետ:
Սրբազան հայրը այցելութեան եկած էր իր հարազատներուն քով, եւ յաճախ կ՛այցելէի իրեն: Երեկոյ մը դարձեալ միասին էինք, եւ ըսի, որ հայ դերձակի մը քով պիտի երթայի, եթէ կը փափաքէր ինծի ընկերանալ: Եկաւ: Հազիւ ինքնաշարժէն դերձակին խանութը իջանք, անդրադարձայ, որ սրբազանին երեսին գոյնը ճեփ-ճերմակ եղած էր եւ ֆիզիքապէս շատ տկար կը զգար: Ան ուղղակի փլաւ աթոռին վրայ: Անմիջապէս հեռախօսեցի, իր հարազատներուն եւ բացատրեցի, թէ լուրջ կացութեան մէջ կը գտնուինք: Ապա շտապ օգնութեան ինքնաշարժին հեռախօսեցի, եւ սրբազանը հիւանդանոց հասցուցինք: Պարզուեցաւ, որ ան սրտի կաթուած անցուցած է, եւ շուտով գործողութեան մտցուցին: Երեք օր ետք, երբ Արսէն սրբազանին այցելութեան գացի, թէեւ բժիշկները արտօնած էին միայն քանի մը բառ արտասանել, բայց իրեն յատուկ զուարթախօսութեամբ թոթովեց. «Ի՞նչ է, դատարկ ձեռքով եկեր ես: Չե՞ս ամաչում: Ո՞ւր է խորովածը…»:
(36)
Կիրակի օր Տիրայր ծ. վրդ. Փանոսեան պատարագիչ է Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ: Գարեգին Բ. կաթողիկոս վեհարանի պատշգամը ճեմած պահուն կը տեսնէ, որ մայր տաճարին մայր դուռին երկու մուտքերն ալ փակ են: Չի կրնար ըլլալ. հաւատացեալները ինչպէ՞ս ներս պիտի մտնեն: Գաւազանակիր հայր սուրբը տաճար կը ղրկէ եւ դուռը բանալ կու տայ: Հայր սուրբը վեհափառ հայրապետը տեղեակ կը պահէ, որ հայր Տիրայր փակել տուած է դուռը: Քիչ ետք Գարեգին կաթողիկոսին լուր կը բերեն, որ հայր Տիրայր դարձեալ փակել տուած է դուռը: Գարեգին վեհափառ դուռը բանալ կը հրահանգէ:
Վեհափառ հայրապետը միաբանական թափօրով տաճար կ՛իջնէ սուրբ պատարագին հանդիսապետելու համար: Դուռը փակ է. անմիջապէս կը բանան: Երբ հայր Տիրայր «խաղաղութիւն ամենեցուն»-ին ժողովուրդին կը դառնայ, կը տեսնէ, որ դուռը կռնակին վրայ բաց է. սարկաւագը կը ղրկէ եւ դուռը փակել կու տայ: Գարեգին կաթողիկոս «ողջոյն»-ին ժողովուրդին կը դառնայ եւ կը տեսնէ, որ դուռը լրիւ փակ է: Ան ճարահատ խորան կ՛ելլէ եւ հայր Տիրայրէն կ՛իմանայ, որ եթէ դուռը բաց պիտի մնայ, հայր սուրբը պիտի չկարենայ սուրբ պատարագը շարունակել, որովհետեւ դուռէն հով կու գայ մինչեւ խորան եւ իր կռնակը սոսկալիօրէն կը ցաւցնէ: Վեհափառ հայրապետը կը նախընտրէ փոխզիջիլ հայր Տիրայրի տարօրինակ առաջարկին` դուռին մէկ աչքը բաց, միւս աչքը գոց պահել: Այսպէս, սուրբ պատարագը իր լրումին կը հասնի…
(37)
Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութեամբ Վատիկան կը գտնուի: Վերջին իրիկունն է, եւ կաթողիկոսութեան կողմէ պաշտօնական ճաշկերոյթ կու տանք մեր հիւրընկալներուն եւ վեհափառ հայրապետի շքախումբի անդամներուն: Ճաշկերոյթի աւարտին Արամ կաթողիկոս իր հայրապետական պատգամը կ՛ուղղէ անգլերէն լեզուով, որովհետեւ կաթոլիկ կարտինալներ եւ եպիսկոպոսներ, օտար դեսպաններ ու աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած հայորդիներ իրեն սեղանակից են: Իմ սեղանիս վրայ գտնուող Միջին Արեւելքէն հայ ամոլ մը այնքա՜ն կը տպաւորուի վեհափառ հայրապետին խօսքերէն, որ իրար գերազանցող արտայայտութիւններ կ՛ունենայ: Ես ալ, իմ հերթիս, իրենց խանդավառութենէն քաջալերուած, պահը յարմար կը նկատեմ կաթողիկոսութեան ծրագիրներուն համար նուիրատւութիւն մը ակնկալելու եւ կ՛ըսեմ, որ երբ վեհափառը Անթիլիասի առաքելութեան մասին կը խօսի, ա՛յս բոլորը մարդով եւ դրամով կ՛իրագործուին, եւ կ՛աւելցնեմ. «Ի՜նչ լաւ կ՛ըլլայ, որ հիմա, ճաշկերոյթէն ետք միասին վեհափառ հօր մօտ երթանք եւ ձեր սրտին խօսող ծրագիրի մը համար բարերութիւն ընէք. աղուոր անակնկալ մը կ՛ըլլայ»: Մարդը սառնօրէն կը պատասխանէ, մինչ կինն ալ գլուխը շարժելով հաւանութեան նշան կու տայ. «Շա՛տ լաւ գաղափար է, բայց վեհափառը մեզի չ՛ըսեր կոր, Ամերիկայէն եկողներուն կ՛ըսէ կոր, եթէ մեզի ըսելու ըլլար, հայերէն կը խօսէր»: Ի՜նչ միամիտ եմ եղեր…
(Շար. 4)