ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
(38)
Սուրբ Զատիկին Տիրայր եպս. Փանոսեան կը պատարագէ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ երեք քարոզ կու տայ:
Ան առաջին քարոզը կու տայ «Հայր մեր»-էն առաջ, քարոզի սովորական տեղը: Երկրորդը` սուրբ հաղորդութիւնը բաշխելէն ետք: Երրորդը` վերջին աւետարանը կարդալէն առաջ: Ինչո՞ւ:
Ինքն է պատմողը եւ լուսաբանողը. «Գիտես: Հալէպի ժողովուրդին հաւատքը նկարագրելու պէտք չունիմ: Եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն է կանուխ ժամերէն: Աղուոր քարոզ մը խօսեցայ: Մինչ այդ ուշադրութիւն ըրի, որ դասին մէջ տէր եւ տիկին այսինչներուն համար դրուած պաշտօնական աթոռներուն վրայ մէկը չէ նստած դեռ: Միտքէս ըսի` «Ես ձեր դասը կու տամ»: Սուրբ հաղորդութիւնը բաշխեցինք, վերջացաւ: Սարկաւագին հետ դպրապետին լուր ղրկեցի, որ դպրաց դասը «Լցաք»-ը չերգէ, եւ երկրորդ քարոզ մը խօսեցայ: Վերջին աւետարանը կարդալէս առաջ ալ երրորդ քարոզս խօսեցայ: Է՜հ, որպէսզի ժողովուրդը չկարծէ, թէ խելքս կորսնցուցեր եմ, երրորդ քարոզէս առաջ ըսի. «Սիրելի՛ հաւատացեալներ, հիմա պիտի հարցնէք, որ սրբազանը ինչո՞ւ երեք անգամ քարոզ կը խօսի կոր. արդեօք մոռցա՞ւ, որ երկու անգամ արդէն քարոզ խօսած էր: Ո՛չ, չեմ մոռցած: Ըսեմ: Առաջին քարոզը խօսեցայ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին համար: Ղուրպա՜ն ըլլամ ձեր լոյս հաւատքին: Ձեզի, որ շատ կանուխ ժամերէն եկաք եւ այս եկեղեցւոյ ներսն ու դուրսը լեցուցիք եւ ժամերով աղօթեցիք: Աստուած ընդունեց ձեր աղօթքը: Երկրորդ քարոզը խօսեցայ մեր այն աղաներուն համար, որոնք սանկ` վերջին քսան վայրկեանէն կէս ժամը եկեղեցի մտան եւ այս առջեւի աթոռներուն վրայ նստան: Իսկ հիմա ալ երրորդ քարոզը պիտի խօսիմ այս առջեւի աթոռներէն երկուքին վրայ վերջապէս նստած այն զոյգին համար, որ հիմա եկեղեցի հասաւ», եւ երրորդ քարոզը տուի…»:
(39)
Դպրեվանքի Ընծայարանի աւարտական տարիս Արամ արք. Քէշիշեան մեզի Էքիւմենիզմ (միջեկեղեցական յարաբերութիւններ) կը դասաւանդէր: Դասանիւթը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմութիւնն ու հոլովոյթն է, եւ սրբազան հայրը տուած է, անգլերէն յօդուած մը, զոր պէտք է կարդանք, ամփոփենք եւ յաջորդ դասին պատմենք:
Իմ կարգս է եւ նիւթը կը ներկայացնեմ: Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի վարչական կառոյցին ակնարկելով` կը թուեմ անդամակցութիւնը, համաժողովը, կեդրոնական կոմիտէն, եւ պիտի շարունակեմ, սրբազան հայրը կ՛ընդմիջէ. «Տիրացո՛ւ, կեդրոնական կոմիտէն ուրիշ տեղ է. Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը կեդրոնական կոմիտէ (Central Committee) չունի, Կեդրոնական վարչութիւն ունի…»:
(40)
31 դեկտեմբերի գիշերը, Նոր տարուան գեղարուեստական յայտագիրի ընթացքին, դպրեվանքին մէջ նաեւ պիտի ներկայացնենք Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» թատերախաղը եւ ֆէսի մը պէտք ունինք: Դպրեվանեցի մը կը յուշէ, որ Պուրճ Համուտի իրենց տունին քովի կօշիկ ծախող խանութը կայ հայ հայրիկ մը, որ ֆէս կը գործածէ, եւ թերեւս կարելի է մէկ գիշերուան համար փոխ առնել:
Դպրեվանքի հսկիչ հայր սուրբին հրամանով երկու ընկեր այս խանութը կ՛երթանք եւ կը ստուգենք, թէ հայրիկը հոն է, եւ ֆէսն ալ հայրիկին գլխուն վրան է: Ներս կը մտնենք ու կը մօտենանք միջին տարիքի մարդու մը եւ կ՛իմանանք, որ հայրիկին տղան է: Անոր կը ներկայացնենք մեր խնդրանքը. ան բարեացակամօրէն կ՛ըսէ մեզի. «Շա՜տ սիրով: Լա՛ւ որ հայրիկս բանէ մը լուր չունի: Երբ հարցը իր ֆէսին վերաբերի, շատ զգայուն կը դառնայ: Այսպէս կրնանք ընել: Հայրիկիս համար նոր տարի-հին տարի տարբերութիւն չ՛ըներ. ամէն իրիկուն ժամը 10-ին ժամացոյցի պէս ան անկողին կը մտնէ եւ առտուն ժամը 5-ին անկողինէն կ՛ելլէ: Իրիկունը 10-ը 10-ը անց մեր տունը կու գաք եւ ֆէսը կ՛առնէք, առտու ալ 5-ին 10-ը մնացած ֆէսը կը բերէք», եւ մեզի իրենց տունին տեղը կը բացատրէ: Այդպէս ալ ըրինք: Հայրիկը լուր ալ չունեցաւ, որ իր ֆէսը Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս ճամբորդեց եւ պարոն Շողոքորթին գլուխը զարդարեց…:
(41)
Մուշեղ Ա. քհն. Տէր Գալուստեան շաբաթ գիշեր ուշ ժամուն ծխականի մը տունէն իր տունը պէտք է հասնի եւ քիչ մը արագ կը վարէ ինքնաշարժը: Ոստիկանը կը կեցնէ զինք: Տէր հայրը անմիջապէս կը պատճառաբանէ. «Իրաւունք ունիք, պարոն ոստիկան, գիտեմ, որ արագ կը քշէի, սակայն հիւանդանոց պէտք է հասնիմ, որովհետեւ ծանր վիճակի մէջ զիս սպասող հիւանդ ունիմ»: Ոստիկանը կը ստուգէ, թէ խօսակիցը քահանայ է, եւ իսկապէս ալ ուշ ժամուն քահանայ մը միայն կրնայ շտապ օգնութեան մը համար կանչուած ըլլալ: «Շատ լաւ»,- կը պատասխանէ,- «իմ ետեւէս եկէք, որպէսզի աւելի չուշանաք»:
Տէր հայրն է պատմողը. «Քանի մը թաղ անդին գտնուող հիւանդանոցին անունը տուի: Ակա՛ս, մարդը օթոն կոխեց, ես ալ ետեւէն: Տո՛ւր որ կու տաս: Հասանք: Մարդը ձեռքով նշան ըրաւ, յաջողութիւն մաղթեց: Ես ալ ձեռքով թենք եու ըրի: Գնաց: Շարեցի: Վեր ելայ: Առաջին յարկը սիկարեթ ծխելու սրահ կար: Այդ օրերուն արտօնուած էր դեռ ներսը ծխելը: Սիկարեթ մը վառեցի, քառորդ ժամ մը մնացի եւ յետոյ տուն քշեցի: Ա՛ռ քեզի ծանր հիւանդի այցելութիւն, չէ թէ` թիքէթը կերած էինք…»:
(42)
Մուշեղ Ա. քհն. Տէր Գալուստեանն է պատմողը. «1975-ին, Գարեգին արք. Սարգիսեանի առաջնորդութեան օրերուն, հոգեւորականներու համագումար ունինք Ֆիլատելֆիա: Ըստ ժամանակացոյցին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին պէտք է ճաշէինք, բայց ժամը 12:45 է, եւ առաջնորդ սրբազանը դեռ կը խօսի կոր: Տիկնանց միութիւնը եկեղեցւոյ սրահին մէջ զանազան ճաշեր պատրաստած է մեզի համար եւ մտահոգ է, թէ ե՛րբ սրահ պիտի մտնենք: Ծուխի հոգեւոր հովիւին երէցկինը ժողովասրահ կու գայ եւ քահանայ հօր ականջին բաներ մը կը փսփսայ: Տէր հայրը «Լա՛ւ, լա՛ւ. դուն գնա՛, հիմա կու գանք» ըսելով` կը ճամբէ զինք: Սրբազան հայրը դեռ կը շարունակէ խօսիլ: Քառորդ ժամ յետոյ, երէցկինը, եօթը-ութ կիներու բանակը հետը, ժողովասրահ կը մտնէ եւ յանկարծ բարձրաձայն խօսքը սրբազանին ուղղելով` կ՛ըսէ. «Սրբազա՛ն հայր, կը ներէք ամմա, երկար ըրիք: Տաք ճաշերը սառեցան: Չի քէօֆթէն ալ ջուրը քաշեց: Յետոյ ալ պիտի ըսէք, որ ճաշերը համով չէին…»:
(43)
Մուշեղ Ա. քհն. Տէր Գալուստեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շրջանին մէջ կէսօրուան մօտ առաջին անգամ ըլլալով տուն մը կ՛այցելէ: Տնեցիները ճաշի կը պահեն զինք, եւ տանտիկինը խոհանոց կ՛երթայ պատրաստութիւններ տեսնելու համար: Տէր հայրը յանկարծ կը լսէ, որ խոհանոցէն «Մուշե՜ղ, Մուշե՜ղ» ըսելով` մէկը կը կանչեն: Սկիզբը կարեւորութիւն չի տար: Յետոյ կ՛անդրադառնայ, որ տունին մէջ իրմէ զատ Մուշեղ անունով մէկը չկայ եւ խոհանոց կը մտնէ` միաժամանակ մտածելով, թէ` այս ի՜նչ մտերմութիւն, նոյնիսկ «Տէր Մուշեղ» չեն ըսեր: «Հրամեցէ՛ք, զիս կը կանչէիք», կը հարցնէ տանտիկինին: «Ո՛չ, տէր հայր, մեր կատուին անունը Մուշեղ է…», կը պատասխանէ ան:
(44)
Հայրս տարիներէ ի վեր ստամոքսի ահաւոր ցաւերէ կը տառապի: Այլեւս դեղերը եւ բնական դարմանները օգուտ չեն ըներ: Առաւել` կը մերժէ սիկարեթ եւ ներկիլէ ծխելը դադրեցնել: Բժիշկը գործողութիւն կը յանձնարարէ: Ճար չունի. դանակը ոսկորին հասած է: Գործողութիւնը յաջող կ՛անցնի, սակայն բժիշկը յանձնարարութիւններ ունի հօրս: Հիւանդանոցէն տուն կ՛երթանք եւ շաբաթ մը ապաքինելէն ետք բժիշկին քովն ենք: Բժիշկը եւ ես` սիկարեթը մեր շրթներուն, բժիշկը բռնատէրի հեղինակութեամբ կը հրահանգէ հօրս. «Պարո՛ն Յակոբ, ասկէ յետոյ ո՛չ թէ սիկարէթ ծխել չկայ, այլ սիկարեթ բառը անգամ բերանդ առնել չկայ»:
Հայրս հնազանդեցաւ բժիշկին խրատին եւ 91 տարեկանին մահացաւ…
(45)
Խորէն Ա. կաթողիկոս պարտականութիւն կու տայ Շահէ քհն. Ալեէմէզեանին` լիբանանահայ բարերարի մը դիմելու եւ ազգօգուտ ծրագիրի մը համար կարեւոր գումար մը ապահովելու: Տէր հայրը քաջ գիտէ, որ յիշեալ ազգայինը պիտի չմերժէ վեհափառ հայրապետը, սակայն ժամանակ չ՛ունենար անմիջապէս անոր մօտ երթալու:
Պաշտօնական ձեռնարկի մը կարճ դադարին Խորէն կաթողիկոս տէր Շահէին կը հարցնէ. «Տէ՛ր հայր, մեր խնդիրը ի՞նչ եղաւ»: Տէր հայրը կը նայի, որ վեհափառը խումբ մը միաբան հայրերով ու ազգայիններով շրջապատուած է, անյարմար կը զգայ երկար-բարակ լուսաբանութիւն տալու ու ինքզինք արդարացնելու եւ կը պատասխանէ. «Եղա՛ւ, վերջացաւ, վեհափա՛ռ տէր, նորին նայեցէք»: Վեհափառը գոհունակ կը ժպտի:
Տէր Շահէ յաջորդ օր բարերարին գրասենեակը կ՛երթայ եւ կացութիւնը կը պարզէ: Բարերարը, որ միշտ սիրով ընդառաջած էր քահանային, «Կը ներես, ա՛յս անգամ պիտի չըլլայ, տէ՛ր հայր», կը պատասխանէ. տէր հայրն ալ Խորէն կաթողիկոսին հետ իր ունեցած կարճ երկխօսութիւնը կը պատմէ եւ կ՛աւելցնէ. «Ճիշդ ա՛յս անգամ պիտի ըլլայ, որովհետեւ դուք եւ ես վեհափառ հայրապետին քով ամօթով պիտի մնանք»: «Է՜հ, եթէ անանկ է, ուրեմն այս անգամ ալ եղած թող ըլլայ, տէ՛ր հայր», կ՛ըսէ մարդը, եւ չեքը կը գրէ:
Ո՞ւր մնացին այս տիպի մեր բարերարները…
(46)
Մեր երիտասարդ միաբաններէն մին իր աբեղայական ձեռնադրութեան կնքահայրին տունը հրաւիրուած է կիրակի օր` կէսօրուան ճաշի: Անշուշտ ան ինքնաշարժ չունի եւ հանրակառքի գիծով մինչեւ կնքահայրին վիլլային ամէնէն մօտիկ կանգառը կը հասնի եւ մնացած ճամբան, շուրջ քառորդ ժամ, քալելով կ՛երթայ:
Բարի գալուստի ջերմ ընդունելութեան կը յաջորդէ պատշաճ ճաշկերոյթ եւ մտերմիկ զրոյց: Կնքահայրը նաեւ հարց կու տայ, թէ որքա՞ն տեւեց Անթիլիասէն մինչեւ իրենց տունը հասնիլը, եւ հայր սուրբը ինչպէ՞ս եկաւ: Հայր սուրբն ալ միամտաբար կը խորհի, թէ կնքահայրը կրնայ իրեն ինքնաշարժ մը նուիրել, երբ իմանայ իր կրած յոգնութիւնը` մանրամասնօրէն կը նկարագրէ, թէ ինչպէս ամառուան տաքին մայրավանքին առջեւ շուրջ կէս ժամ հանրակառքի սպասած էր, յետոյ կէս ժամ, քանիցս կենալներով, տունին ամենամօտիկ կանգառը հասած էր, հոնկէ ալ քառորդ ժամէն քսան վայրկեան քալած եւ վերջապէս շնչասպառ ու քրտնած իրենց տունը հասած էր: «Վնաս չունի, հա՛յր սուրբ,- կը մխիթարէ անտարբեր կնքահայրը,
«-երիտասարդ ես. աղուոր մարզանք եղաւ քեզի…»: Ա՛ռ քեզի ինքնաշարժ: Բարի՛ վայելում…
(47)
Մոնրէալէն ընկերոջս կը հեռախօսեմ եւ Լիբանանի ընկերա-քաղաքական անտանելի կացութիւնը կը վերլուծենք: Պետական անպատասխանատու մարդոց ակնարկելով` ես կ՛ըսեմ. «Ասոնք մարդ չեն, մարդակերպ են»: Իսկ ինք աւելի դիպուկ բնորոշում մը կու տայ. «Ո՛չ. մարդակերպ չեն. մարդակեր են…»:
(48)
1996-ին չորս ընկերով կ՛որոշենք Երեւանէն մինչեւ Մեղրի երթալ: Մեր բոլոր անցած քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ կ՛արժանանանք հայկական ջերմ ասպնջականութեան: Կապանէն առաջ, գիւղի մը մէջ վերջապէս կը յաջողինք կաթի սեր ճարել: Գիւղացին այնքա՜ն խեղճ ու կրակ պայմաններու մէջ կը գտնուի, որ միայն առանց կափարիչի մէկ պահածոյի ապակեայ շիշ ունի եւ կը բարեհաճի մեզի տրամադրել` միայն այն պայմանով, որ մեր վերադարձի ճամբուն վրայ զայն իրեն վերադարձնենք: Կը համաձայնինք: Ինքնաշարժին մէջ սերի շիշը փոխն ի փոխ մեծ զգուշութեամբ կը պահենք, եւ երբ երկու ժամէն Կապան կը հասնինք, հրապարակը կանգ կ՛առնենք նախաճաշելու համար:
Մինչեւ որ ընկերներս նախաճաշի կարգադրութիւնները ընեն, ես զարթնող քաղաքի հրապարակին աչք մը կը նետեմ եւ հանրակառքին սպասող մայրիկ մը կը տեսնեմ, որ թափանցիկ ձեռնապայուսակին մէջ չորս-հինգ պարապ պահածոյի ապակեայ շիշեր ունի: Կը մօտենամ եւ կը հարցնեմ, թէ ուրկէ՞ գնած է զանոնք: Կը պատասխանէ, որ տունը շատ ունէր եւ պարզապէս հետը առած է, որպէսզի եթէ ընկերուհիները պէտք ունենան անոնց տայ: «Ե՛ս պէտք ունեմ, կարո՞ղ էք ինձ տալ», կը համարձակիմ հարցնել` յիշելով մեր գիւղացի բարեկամը: «Աչքիս վրայ», կը պատասխանէ մայրիկը եւ պայուսակը ուրախութեամբ ինծի կ՛երկարէ: Դրամ կ՛առաջարկեմ, կտրականօրէն կը մերժէ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, քանի մը հատ խաչիկ կու տամ եւ բարի օր մաղթելով` կը մեկնիմ:
Երեւան վերադարձի ճամբուն վրայ մեր բարեկամին կու տամ կապանցի մայրիկին նուիրած պահածոյի ապակեայ շիշերը եւ կը պատմեմ, թէ ինչպէս գտայ զանոնք: «Սրանք Աստուծոյ նուէրներն են», կը պատասխանէ ան երախտագէտ սրտով…
(49)
Դամասկոսի մէջ Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքի եւ Աւետարանական եկեղեցիներու ընտանիքի աստուածաբանական երկխօսութեան յանձնաժողովի հանդիպումն է: Օրեր շարունակ իրարու կը հանդիպինք. երեկոյ մըն ալ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը ճաշարանի մը մէջ շքեղ ընթրիքով կը պատուէ յանձաժողովի անդամ-անդամուհիները:
Առաւօտեան աղօթքէն ետք, բացման նիստէն առաջ, գերման երիտասարդ աստուածաբանուհի մը ատենապետէն խօսելու արտօնութիւն կը խնդրէ եւ մօտաւորապէս հետեւեալ խորհրդածութիւնը կը կատարէ. «Առաջին անգամը չէ, որ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն հետ կ՛ըլլամ: Քաջ գիտեմ, որ շատ դժուարին պայմաններու մէջ մեր քրիստոնեայ եղբայրներն ու քոյրերը նոյնինքն քրիստոնէութեան բնօրրանին մէջ Քրիստոսը կ՛ապրին եւ կեանքի վկայութեամբ ամբողջ աշխարհին օրինակ կը դառնան: Սակայն միաժամանակ կը զարմանամ այն մսխումին համար, որուն ականատես կը դառնամ: Յուսամ` երէկ գիշերուան մեր սեղաններուն վրայ աւելցած ճաշերը աղբ չթափուեցան: Նայեցէք այստեղ` մեր սեղաններուն վրայ գտնուող թուղթէ թաշկինակներու տուփերուն. իւրաքանչիւրիս մէջտեղը տուփ մը կայ եւ ակամայ կը տարուինք յաճախ թաշկինակ գործածելու», ապա գրպանէն լաթէ մոխրագոյն ճմրթկուած թաշկինակ մը կը հանէ, մեզի ցոյց կու տայ եւ կը շարունակէ. «Ես այս թաշկինակը ամբողջ օրը կը գործածեմ, իրիկունը կը լուամ, մինչեւ առտու կը չորնայ, եւ յաջորդ օրը դարձեալ կը գործածեմ: Բնապահպանութիւնը փոքր քայլերով կրնանք իրագործել: Վերջապէս` նաեւ շատ զարմացայ, երբ երէկ գիշեր մեր եկեղեցական պաշտօնական հիւրերը եւ մենք մերսետեսներով ճաշարան գացինք: Գերմանիոյ մէջ ո՛չ թէ մենք, այլ նոյնիսկ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր պետերը վոլքսվակըն կը վարենք: Մենք` հոգեւորականներս, մեր Տիրոջ` Յիսուսի նման կեանքո՛վ օրինակ պէտք է ըլլանք մեր ժողովուրդին…»:
(50)
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Քանատայէն ընկեր մը Լիբանան կու գայ եւ կ՛իմանայ, որ Անթիլիասի հրապարակը չինական ճաշարան մը բացուած է: Անշուշտ այդ օրերուն նորութիւն էր այս մէկը. առաւել, որպէսզի աւելի գրաւիչ դառնայ նորութիւնը, յայտարարութիւն մըն ալ հրապարակուած է, որ ճաշերը պատրաստողն ալ չին խոհարար է: Երբ քովս` մայրավանք կու գայ, անպայման կը պնդէ, որ այս չինական ճաշարանը երթանք: Ուրեմն միասին կ՛երթանք: Ընկերս կ՛ապսպրէ ճաշերը, կ՛ուտենք, եւ մանաւանդ ինք կը հաւնի ու կ՛ուզէ յատուկ գնահատանք յայտնել չին խոհարարին: Սպասեակը կը պատասխանէ ընկերոջս. «Կը ներէք, պարո՛ն, խոհարարը այսօր հիւանդ է…»:
Յամառ ընկերս, որ երկու շաբաթ պիտի մնար Լիբանան, քանի մը անգամ եւս կ՛երթայ նոյն ճաշարանը եւ միշտ ալ նոյն պատասխանը կը ստանայ: Ի վերջոյ կը համոզուի, որ չին խոհարարը տեսնելու համար Չինաստան պէտք է երթայ…
(Շար. 5)