«Շքանշանները պէտք է զետեղուին մարդոց կուրծքերուն եւ չդրուին անոնց դագաղներուն վրայ»: Յաճախ կրկնուած պարզ եւ խորիմաստ նախադասութիւն մը, որ արտասանուեցաւ հանգուցեալ լրագրող եւ խմբագիր Մանուէլ Գազանճեանին նուիրուած յիշատակի երեկոյին:
.Մեծարեալը ճանչցած եմ` որպէս խմբագիրի «Նոր կեանք» ամսաթերթին, որ իննսունականներուն շուրջ 10 տարի իր վերականգնումի շրջանին, երբ ամենաժողովրդային ու ամենատարածուն ամսաթերթն էր Սուրիոյ եւ լիբանանի մէջ:
Յիշատակի երեկոյի յայտագրի գործադրութեան ընթացքին, յաջորդաբար վեց անձնաւորութիւններ հանդէս եկան եւ հակիրճ խօսքերով վեր առին Մանուէլ Գազանճեանը` որպէս լիբանանահայ մամուլի սպասարկու, ազատ խօսքի մարդ, յանգուգն լրագրող ու հայ ու արաբ բարեկամութեան ջատագով:
Մանուէլ Գազանճեանի հոգին խայտաց անդենականին մէջ այդ մէկ ժամուան տեւողութեան, սակայն հիմնական յատկանիշ մը կ՛ուզեմ հաստատել, թէ` մաշտոցեան բանակին համեստ ճակատի վրայ կռուող անծանօթ զինուոր մըն էր:
«Նոր կեանք»-ը վերահրատարակուիլ սկսաւ պատերազմի արհաւիրքէն հազիւ ոտքի կանգնած Պէյրութի մէջ, այդ օրերուն արդի հաղորդակցական միջոցներ եւ տպագրական արհեստագիտութեան նորութիւնները մատչելի չէին, իր տպարանի համեստ կարելիութիւնները օգտագործելով` ամէն ամիս, առանց յապաղումի, լոյս կը տեսնէր «Նոր կեանք»-ը, որ միայն Սուրիոյ տարածքին հազար եւ հինգ հարիւր օրինակ կը սպառէր, թուաբանական պարզ հաշուով մը շուրջ տասը հազար հայորդիներու այբ ու բեն կը հասցնէր, նկատի ունենալով, որ թերթի իւրաքանչիւր օրինակ, ընտանիքի մը անդամներէն բացի, դրացիներու եւ ծանօթներու կողմէ կը կարդացուէր:
Երեւոյթ մը, որ այսօր այնքան կարեւոր է ի տես իրենց ձեռքերուն մէջ (այփատ)-ները, անդադար բռնած եւ ուղեղները մագնիսացնող կամ համացանցի վրայ լատինատառ հայերէնով գրող Դիմատետրի հերոսներուն:
Մանուէլ Գազանճեան կարողացած էր թերթի էջերուն մէջ խտացնել այլազան բովանդակութեամբ նիւթերու փունջ մը, արուեստի աշխարհէն, նորաձեւութենէն, խոհանոցէն, տնտեսական առօրեայէն, բժշկական, առողջապահական եւ այլ բնոյթի նիւթերը կը սկսէր իր յառաջաբանով, ուր մտահոգ հայորդիի մը ներկայացուցած հարցերուն մէջ զգալի էր հիւմըրին համեմը եւ իր ընդվզումը չպահող հայու նկարագիրը, միջավայրի յոռի երեւոյթներուն հանդէպ, բարոյական արժէքները եւ մարդկային արժանիքները վեր դասելով նիւթական բարեկեցութենէն:
Սիրելի՛ Մանուէլ,
Այբբենական տառերով հիւսուած ծաղկեպսակս ընդունէ որպէս յետմահու երախտագիտական զգացում:
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ