Երէկ` հինգշաբթի, 11 մարտ 2021-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեանին եւ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Գուճանեանին, այցելեց ազրպէյճանական բանակին կողմէ գերեվարուած Մարալ Նաճարեանին` յայտնելու զօրակցութիւնը եւ մօտէն հետեւելու անոր կացութեան:
Այս առիթով Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ Մարալը հերոսաբար գացած էր Արցախ` հողը պարարտ դարձնելու եւ Արցախը անկախ ու ամբողջական պահելու համար, սակայն դժբախտաբար անոր երազը չիրականացաւ: Բագրատունի շեշտեց, որ հայրենիքը նահատակներով, վիրաւորներով եւ գերեվարուածներով կ՛ապրի: Ան յայտնեց, որ Մարալը հայ կնոջ լաւագոյն տիպարն է, որ իւրաքանչիւր մօր ճակատը բարձր կը պահէ:
Անդրադառնալով Մարալի տառապանքներուն եւ յառաջիկայ փուլի դժուարութիւններուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ըսաւ. «Մենք բոլորս կողքիդ ենք, որովհետեւ դուն մեզ կը ներկայացնես, դուն Արցախէն վերադարձած ապրող հերոսուհի ես, որ ազատեցաւ թշնամիի ճիրաններէն, շնորհիւ բազմաթիւ միջամտութիւններու»:
Այս առիթով Յակոբ Բագրատունի Մարալ Նաճարեանին փոխանցեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարին շնորհաւորութիւնները: Բագրատունի աւելցուց. «Երբ դատի ետին պայքարողներ կան, ապա այդ դատը չի մեռնիր, եւ դուն այդ դատի խորհրդանիշներէն ես: Ճամբադ պիտի շարունակես քու ընտանիքովդ, եւ բոլորս պատրաստ ենք հասնելու քու բոլոր կարիքներուդ»:
Իր կարգին, Մարալ Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին եւ բոլոր անոնց, որոնք տքնաջան աշխատեցան, որպէսզի ինք դուրս ելլէ «զնտան»-էն: