Լիբանան եւ Միջին Արեւելքի պետութիւնները թեւակոխած են ճակատագրական հանգրուան մը: Բազմաթիւ պետութիւններ ակընդէտ կը սպասէին Սուրիոյ վրայ ամերիկեան արշաւին: Ամերիկեան յարձակումը բնականաբար նոր կացութիւն մը պիտի ստեղծէր Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական քարտէսին մէջ: Շատեր Ուաշինկթընը զգուշացուցին Իրաքի օրինակով արկածախնդրութեան մը հետեւանքներէն: Շատ շատեր, անմիջապէս տեղի տուին անոր սպառնալիքներուն եւ ընդյատակեայ խողովակներով բանակցութիւններու էջ մը բացին Ուաշինկթընի հետ: Ոմանք լռութեամբ հետեւեցան Սպիտակ Տան քայլերուն, ուրիշներ ռազմաշունչ կոչերով, մինչեւ իսկ աղերսական նամակներով, պատերազմի մունետիկներու նման, նախագահ Օպամայի տրամադրութեան տակ դրին իրենց քարոզչական միջոցները, որպէսզի՝ մահացու հարուածներ հասցնէր Սուրիոյ իշխանութիւններուն:
Յանկարծ պատահեցաւ անսպասելին: Պատերազմի ուրուականը անհետացաւ: Ոմանց նախատեսութիւններուն անյարիր՝ երկխօսութեան էջ մը բացուեցաւ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ: Ռուսական դիւանագիտութիւնը զգաստութեան հրաւիրեց Ուաշինկթընը: Սպիտակ Տունը ճիշդ գնահատեց պահի լրջութիւնը եւ անմիջապէս ընդառաջեց Մոսկուայի փրկութեան լաստին: Սակայն յանուն պատմական ճշմարտութեան անհրաժեշտ է արձանագրել, որ Սուրիոյ հակամարտութիւնը դիւանագիտական հունի վրայ լուծելու Ռուսիոյ ճիգերը ապարդիւն կրնային դուրս գալ, եթէ Սպիտակ Տան գլխաւորը՝ Պարաք Օպամա, անձամբ համոզուած չըլլար խաղաղութեան ընտրանքին: Նախագահ Օպամայի վճռական կեցուածքը եկաւ գործնապէս ապացուցելու, թէ հակամարտութիւնները կարելի է նաեւ երկխօսութեան ճանապարհով լուծել, ոչ անպայման՝ արեան ու աւերի գնով…:
Պատերազմի եւ զինուորական հաշուեյարդարի ջատագովներուն համար անմարսելի քայլ մըն էր Միացեալ Նահանգներու նախագահին ընտրանքը: Անոնք գինովցած էին փոքրիկն Ճորճ Պուշի տիպարով..: Միջին Արեւելքի նոր կացութիւնը՝ շփոթ ստեղծեց շատերու մօտ: Դժկամողնե՞ր, բնականաբար եղան, ներքուստ՝ դատապարտողներ ալ: Սուրիոյ հակամարտութեան քաղաքական լուծումը եւ ՄԱԿ-ի 68-րդ ընդհանուր նստաշրջանին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու շրջահայեաց դիրքորոշումները յստակ պատգամներ էին, թէ նախագահ Պարաք Օպամա երկխօսութեան գործընկերներ կը փնտռէր Միջին Արեւելքի մէջ: Իրանի միջուկային ծրագիրին եւ Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն շուրջ նախագահներ Պարաք Օպամայի եւ Հասան Ռոհանիի միջեւ վստահութեան կամուրջները վերականգնելու պարագային, զինակցութիւններու նոր դասաւորում մը հաւանաբար յառաջանայ Միջին Արեւելքի մէջ:
Ուաշինկթըն –Թեհրան գործընթացէն ներս որեւէ յառաջընթաց, ինքնաբերաբար իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ: Դժբախտաբար Լիբանան կը մնայ միջինարեւելեան պետութիւններու ամենաթոյլ օղակը, պարզ այն պատճառով, որ շրջանային հակադիր զօրանոցներու մէջ հաւատարմագրուած են անոր գլխաւոր համայնքները : Շրջանային եւ ներլիբանանեան այս հակամարտութեան մէջ ին՜չ զարմանք, եթէ հակադիր կողմերը պարբերաբար ոտնակոխեն անոր գերիշխանութիւնը: Լիբանան վերածուած է քաղաքական երկու բեւեռներու հակադրութեանց թատերաբեմը: Հակամարտութիւն մը, որ անդամալուծած է երկրին սահմանադրական եւ ընկերային կառոյցները:
Թեհրան-Ուաշինկթըն մերձեցումը ինչպիս՞ի հետեւանքներ կրնայ ունենալ ներլիբանանեան առօրեայէն ներս: Այս հարցումին պատասխանելէ առաջ կը փափաքինք կատարել բաւական յատկանշական մատնանշում մը: Անցնող տասնամեակներու փորձը փոխյարաբերութիւններու նոր մօտեցում մը թելադրած է Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան հետ շփուող պետութիւններուն: Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա կը մերժեն այլ պետութիւններու հաշւոյն, երկկողմ հաշտութիւններ: Անցեալի փորձը ցոյց կու տայ, թէ երկկողմ դաշինքներ դատապարուած են ձախողութեան: Իրան, Սէուտական Արաբիա կամ Իսրայէլ որքան ալ ազդու ներկայութիւն ըլլան Միջին Արեւելքի մէջ, ոչ ոք առանձին կրնայ ներկայանալ իբրեւ շրջանային ուժ: Որեւէ պետութեան հետ երկկողմ համաձանութիւն մը, դժուար թէ ընդունելի դառնայ մնացեալներէն:
Իրան- Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններուն հիմքը Թեհրանի միջուկային ծրագիրներու թղթածրարն է: Հակամարտութեան առաջին իսկ օրէն, ակնյայտ էր, թէ Իրան դերակատարութիւն մը կը փորձէ ունենալ Միջին Արեւելքի մէջ: Առաջնայնութիւնը հետեւաբար, միջուկային պետութիւն դառնալէ առաջ, շրջանային դերակատարութիւնն է: Այս ճշմարտութեան հետ հաշտուելով, նախագահ Պարաք Օպամա յստակօրէն ակնարկեց, թէ միջուկային թղթածրարին շուրջ որեւէ յառաջընթաց իր դրական ներազդեցութիւնը պիտի ունենայ այլ գործընթացներու վրայ: Այդ գործընթացները ինքնաբերաբար պիտի ընդգրկեն շրջանային այլ դերակատարներ: Փաստօրէն Իրանի յաւակնութիւնները իրականութիւն կրնան դառնալ ամբողջական լուծումի մը ծիրին մէջ, որ կը սկսի Սուրիայէն եւ Իրաքի ճանապարհով պիտի հասնի Լիբանան:
Լիբանանի պարագային, Թեհրան – Ուաշինկթըն մօտեցումը ամբողջական պիտի չըլլայ առանց Սէուտական Արաբիոյ մասնակցութեան: Թեհրան – Ռիատ փոխադարձ զիջումներով հասկացողութիւն մը իր անմիջական եւ դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանեան առօրեային վրայ: Շատ հաւանաբար սոյն մերձեցումին արդիւնքները քաղելու ակնկալութեամբ հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման յետաձգեց Սէուտական Արաբիա նախատեսուած այցելութիւնը: Ձետաձգումին մասին պաշտօնապէս ոչինչ նշուեցաւ, սակայն շատ յստակ էր, որ անիկա անմիջականօրէն առնչուած է միջպետական վերջին զարգացումներուն հետ: Ռիատի մէջ նոյնպէս սպասողական վիճակ կը տիրէ՝ Թեհրան – Ուաշինկթըն , ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հակամարտութեան վերաբերեալ՝ Մոսկուա- Ուաշինկթըն համաձայնութեան շուրջ: Նախագահ Հասան Ռոհանիի կողմէ Ռիատ այցելութիւն մը, շատ աւելի գործնական լուսաբանութիւններ պիտի սփռէ այս զարգացումներուն:
Թէպէտ վաղաժամ է նախատեսութիւններ կատարել Թեհրան – Ուաշինկթըն մերձեցումի յառաջիկայ քայլերէն, սակայն մեկնակէտը յուսադրիչ է եւ խոստմնալից: Միջին Արեւելքը կը մնայ ամբողջական եւ մնայուն խաղաղութեան մը սպասումին մէջ:
Մարգարէ ըլլալու անհրաժեշտութիւն չկայ կարդալու այս բոլորը: Եթէ մենք, մեր համեստ գիտելիքներով կը նկատենք ու վերլուծելու փորձեր կը կատարենք, վստահաբար լիբանանեան խորհրդարանի անդամները մեր հորիզոնէն շատ աւելի հեռուն դիտելու եւ երեւոյթները կարդալու միջոցներ ունին իրենց կարելիութիւններուն տակ: Սակայն զարմանալին հոն է, երբ սովորական մահկանուցներս կը նշմարենք այս բոլորը,հետեւութիւններ կը քաղենք, մէկը պիտի չհարցնէ՞ր, թէ մեր խորհրդարանականները ին՞չ բանի համար կը շարունակեն օրուան քսանչորս ժամերուն վիճիլ, երկիրը մխրճելով քաղաքական, ապահովական, տնտեսական ու ընկերային տագնապներու մէջ, երբ զիրենք հովանաւորող պետութիւնները մատի մէկ շարժումով իսկ, կրնան մոռնալ իրենց ծառայութւինները ու կեցուածք փոխել: Ու՞ր մնաց ազգային ինքնասիրութիւն ու հայրենիքի գերիշխանութեան հանդէպ յանձնառութիւնը…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ