«Ազդակ»-ի 35-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2021-ին: Դասախօսն էր Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան: Նիւթ` «Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական օգնութիւն տրամադրելու հարցը 1919 թուականի աշնան»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը նախ հաստատեց, որ նիւթը կը տեղադրուի իբրեւ լայնածաւալ հատուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններու ընդհանուր շրջագիծին մէջ: Իսկ աւելի լայն ընկալումով` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ:
Դարակազմիկ իրականութիւնը պետականութեան վերականգնումը նկատելով` դոկտ. Ղամբարեան հաստատեց, որ ազգային ամբողջ ներուժը այդ օրերուն գործնական, մտաւոր, ֆիզիքական, նիւթական եւ ռազմական ուղղութիւններով պէտք է ի սպաս դրուէր Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան պահպանման: Ուստի կառավարութիւնը ունէր լուրջ խնդիրներ: Պարենաւորման գործը այդ կարեւորագոյն խնդիրներէն էր: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքնուրոյն չէր կրնար իրականացնել այդ գործը: Երկրի վերականգնումը կարելի չէր իրականացնել առանց համաշխարհային յաղթական պետութիւններու օժանդակութեան: Յոյսերը կեդրոնացուած էին Միացեալ Նահանգներու վրայ: Նոր երեւոյթ էր դաշնակիցի առումով: Հայ ժողովուրդը աւելի սերտ կապերու մէջ էր եւրոպական հին դաշնակիցներու հետ:
Ուիլսընի համոզումով` հայ ժողովուրդին օժանդակութիւնը մարդկային քաղաքակրթութեան կարեւոր մաս էր: Հայութիւնը յուսադրուած էր, որ յաղթական դաշնակիցները կը լուծեն գոյաբանական խնդիրները:
Հետզհետէ երկրորդ կարգ անցան հայերու ճակատագիրը որոշելու առումով տրուած խոստումները եւ բազմաբնոյթ օգնութիւն տալու տրամադրութիւնները:
Այնուհետեւ դասախօսը ներկայացուց ռազմական օժանդակութեան հարցի ամբողջ հոլովոյթը` Ուիլիըմի բանաձեւը, հայկական պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներ գործուղումի հարցը, պատուիրակութեան ձեւաչափի փոփոխութիւնը, հասնելով Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու ենթայանձնախումբի համապատասխան լսումներուն:
Տուեալներու հիման վրայ դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան ներկայացուց նաեւ ներամերիկեան ընդդիմութեան մօտեցումները Միացեալ Նահանգներու կողմէ մանդատի (հոգատարութեան) ստանձնման հարցին նկատմամբ:
Աւարտին, դասախօսը խորին երախտագիտութիւն յայտնելով ամերիկացի ժողովուրդին եւ կառավարութեան մարդասիրական լայնածաւալ օժանդակութիւններուն համար, հաստատեց, որ Եւրոպա-Արեւելք պատմական զարգացումներու թատերաբեմին ուշացած մասնակցութիւն բերող Միացեալ Նահանգներուն համար սեփական շահերէ բխող աքթի դերակատարումը ապահովելը շատ աւելի կարեւոր էր, քան հայերուն օգնելը:
Մանրամասն տուեալներու վրայ հիմնուած առարկայական եւ համապարփակ զեկուցումին յաջորդեց հարց-պատասխանի բաժին, որ յաւելեալ լոյս սփռեց պատմութեան կարեւորագոյն այդ ժամանակահատուածին եւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ: