ԱՐԱ ՍԱՆՃԵԱՆ
Յաճախ կը յիշենք Մարին Եագոպսընը՝ Լիբանանի ծովեզերեայ Ճիպէյլ (պատմական Byblos) քաղաքը հանգրուանած «Թռչնոց Բոյնին» առնչութեամբ։ Բայց այս օրերուն շատ քիչ անգամ կը յիշատակուի անոր քոյրը՝ Աննան։
Ստորեւ կ’արտագրեմ անոր 35ամեայ ծառայութիւնները գնահատող հանդիսութեան մը նկարագրութիւնը՝ Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն Տարեգիրքը»ին վերջին հատորին մէջ, որ լոյս տեսած է 1968ի երկրորդ կիսուն.
«Ճիպէյլ քաղաքի հանրածանօթ «Թռչնոց Բոյն»ին տնօրէնուհին է դանիացի Աննա Եագոպսընը, որուն մատուցած 35ամեայ մեծ ծառայութիւնները արժանապէս գնահատուեցան Պէյրութի Չէփըլի սրահին մէջ սարքուած գեղեցիկ հանդիսութիւնով մը։ Ամբողջ 35 տարի գտնուած է ան հայ որբերու ծառայութեան մէջ, տեւապէս ցոյց տալով անոնց հանդէպ անայլայլ նուիրում մը եւ իբրեւ այդպիսիին դառնալով մեծապէս յարգուած դէմք մը լիբանահայ հասարակական կեանքին մէջ։
«Գնահատանքի հանդիսութիւնը կայացաւ 16 Մարտ 1968ին, Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ, բազմաթիւ պաշտօնական անձերու, հրաւիրեալներու եւ ժողովրդական խուռն բազմութեան մը ներկայութեան, ինչպէս նաեւ սիրուած արուեստագէտներու մասնակցութեամբ:
«Կրթական նախարար Սլէյման Զէյն, որ կը ներկայացնէր Հանրապետութեան նախագահը, Աննա Եագոպսընի կուրծքը զարդարեց լիբանանեան ասպետի շքանշանով, իսկ այս առթիւ գրուած կաթողիկոսական կոնդակի ընթերցումէն ետք, Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոս եւս իր կարգին նուիրեց անոր Կիլիկեանի Իշխանի շքանշանը, ի գնահատութիւն իր երկարամեայ գործունէութեան: Խօսուեցան ուղերձներ, որոնց պատասխանեց Աննա Եագոպսըն արդար յուզումով մը։ — «Լիբանան եկայ 35 տարի առաջ, ըսաւ ան, վեց ամսուան արձակուրդ մը անցընելու համար «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ եւ այդ արձակուրդս տեւեց 35 տարի: Ես աղօթքով յաղթահարեցի այս մեծ ու դժուարին գործին եւ միայն Աստուծոյ կը վերադարձնեմ ինծի եղած այսօրուան պատիւը։
«Կը խնդրեմ, մի մոռնաք «Թռչնոց Բոյն»ը:» («Ի ՊԱՏԻՒ ԱՆՁՆՈՒԷՐ ԱՆՆԱ ԵԱԳՈՊՍԸՆԻ», տե՛ս Կարօ Գէորգեան, Ամէնուն տարեգիրքը, ԺԴ. տարի, Պէյրութ, 1967-68, էջ 552)